
Ծնած է 1969-ին, Պէյրութ, Լիբանան։Կիպրոսի ՀԲԸՄ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը աւարտած է 1987-ին։Երեւանի Պետական Համալսարանի Հայկական Բանասիրական բաժանմունքէն շրջանաւարտ ՝1994-ին։1980-ական թուականներէն կ՚աշխատակցի «Զարթօնք»ին եւ ապա՝ «Նոր Օր»ին։1994-2000 օգնական խմբագիր «Զարթօնք»ի։1993-էն ի վեր հայոց լեզուի, գրականութեան, պատմութեան եւ մշակոյթի ուսուցիչ Լիբանանի եւ Լոս Անճելըսի մէջ։Լիբանանի եւ Լոս Անճելըսի մէջ եղած է եւ է գործօն անդամ ՀԲԸՄ-ի, ԹՄՄ-ի եւ ՌԱԿ-ի շրջանակներէն ներս, վարելով զանազան պաշտօններ։Ներկայիս՝ ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանի Հայերէնի Բաժանմունքի վարիչ։ «Նոր Օր»ի խմբագիր՝ Մարտ 2016-էն։

Ծնած է 1938-ին, Պէյրութ, Լիբանան։ Շրջանաւարտ ՀԲԸՄ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանէն եւ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն՝ որպէս քիմիագէտ։ Շրջան մը եղած է ուսուցիչ Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութենէն ներս։ Ապա, վկայուելով որպէս կաշուեմշակութեան վարպետ, տասը տարի կը գործուղղուի Եթովպիա եւ Աֆղանիստան։ 1976-ին կը հաստատուի Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան ափ, գործօն անդամ դառնալով ԹՄՄ-ի եւ ՌԱԿ-ի։ Կաշուեմշակութեամբ աշխատելէ ետք, կը հրաւիրուի Հոլիվուտի ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարան, դասաւանդելու համար հայագիտական նիւթեր։ Հանգստեան կը կոչուի 2009 թուականին։1956-էն ի վեր կ՚աշխատակցի ռամկավար ազատական մամուլին։ 1977-էն առ այսօր ծաւալուն գործունէութիւն ունեցած է «Նոր Օր»էն ներս որպէս խորհրդական եւ ղեկավար։ Վեց տարի եղած է պատասխանատու խմբագիրը «Նոր Օր» շաբաթաթերթին։Վաչէ Սեմերճեան հեղինակ է չորս հատորներու. «Ապրուած սփիւռքը», «Յիշատակելի դիմաքանդակներ», եւ «Լուսարձակին տակ» Ա. Եւ Բ. հատորներ։


Ծնած է Դամասկոս, Սուրիա՝ 1933-ին: Ընտանեօք Լիբանան փոխադրուելով, շրջանաւարտ կը դառնայ ՀԲԸՄ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանէն 1953-ին: Ապա՝ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն ստանայ Պսակաւոր Արուեստից տիտղոսը Եւրոպայի արդի պատմութեան մէջ:Շուրջ երեսուն տարի եղած է ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի վարիչ-տնօրէն, վարելով ՀԲԸՄ-ի գործերը: Պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած է մշակութային եւ մասնաւորաբար թատերական կեանքէն ներս: ՀԲԸՄ-ի «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագիր՝ 1964-74:1986-ին կը հաստատուի Լոս Անճելըս, դառնալով «Նոր Օր»ի խմբագիր մինչեւ 1990: Մինասեան կը մնայ գլխաւոր սիւնակագիրներէն մէկը «Նոր Օրի: 1992-էն ի վեր լոյս կ'ընծայէ Չորք-Մարզպանի հայրենակցական միութեան «Տեղեկատուն»:Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին մասին լոյս ընծայած է «Մայրիներու երկրին աւերակումը» հատորը 2003-ին: Ունի բազմաթիւ թարգմանութիւններ: 13 տարի եղած է հանրային վարժարանի մը գրադարանապետը:Լոս Անճելըսի մէջ կը շարունակէ գործօն իր դերը ՀԲԸՄ-էն եւ Չորք-Մարզպանի (Տէօրթ-Եօլ) հայրենակցական միութենէն ներս, որուն հիմնադիրներէն է եւ ատենապետը՝ 2012-էն ի վեր:

Ծնած է Մուսուլ, Իրաք։ Շատ փոքր տարիքէն կը կորսնցնէ մայրն ու հայրը։ 1956-ին կը տեղափոխուի Պաղտատ։ 1966-ին կ՚աւարտէ Պաղտատի պետական համալսարանը, վկայուելով լեզուագիտական գոլէճի սպաներէնի բաժինէն։Պաղտատի մէջ եղած է գործօն անդամ ՀԲԸՄ-ի։ 1968-ին անցնելով Պէյրութ հայագիտական ուսումը կը ստանայ Երուանդ Հիւսիսեան հայագիտական հիմնարկէն եւ նոյն տարիներուն կը զբաղի ուսուցչութեամբ։ Նոյն տարին կ՚անդամագրուի ՌԱԿ-ին։ 1972-ին կը վերադառնայ Պաղտատ, որպէս հայերէնի ուսուցիչ։ Յաջորդ տարի կ՚անցնի Արժանթին, ուր կը վարէ ՀԲԸՄ-ի Պուէնոս Այրեսի մասնաճիւղի վարիչ քարտուղարի պաշտօնը եւ միութեան «Լուսաբաց» եռամսեայի խմբագրութիւնը։ Հիմնադիրներէն է Մարի Մանուկեան վարժարանին։1975-էն ի վեր կ՚ապրի եւ կը գործէ Լոս Անճելըսի մէջ։ Եղած է «Նոր Օր»ի վարչական պատասխանատու, խմբագիրի օգնական եւ խմբագրական կազմերու անդամ։ Կ՚աշխատակցի սփիւռքահայ մամուլին։Ճանոյեան շատ գործօն տարր մըն է Լոս Անճելըսի մէջ։ Հիմնադիրներէն է եւ ատենապետը Իրաքահայերու Միութեան։ ՀԲԸՄ-էն, ԹՄՄ-էն եւ ՌԱԿ-էն ներս տարած է եւ կը տանի բազմաբեղուն աշխատանք։35 տարի շարունակ հիմնած եւ ղեկավարած է Հայ Ընտանեկան Շաբաթօրեայ վարժարանը։ Մեծապէս նպաստած է գաղութահայ մշակութային եւ գրական կեանքին, եկեղեցական կեանքին եւ պարգեւատրուած է բազմաթիւ շքանշաններով եւ պատուոյ գիրերով։
Ամուսնացած է, ունի երեք զաւակ եւ հինգ թոռնիկ։

Ծնած է Պէյրութ, 1946-ին։ Յաճախած է ՀԲԸՄ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանը, ապա հետեւած է լեզուի եւ գրականութեան դասընթացքներու Փարիզի մէջ եւ աւարտած՝ Երեւանի Պետական Համալսարանի Բանասիրական ճիւղը, միաժամանակ հետեւելով հնագոյն պատմութեան եւ հնագիտութեան դասընթացքներու։ Դոկտորական աստիճան կը ստանայ 1980-ին։Հայոց լեզու, գրականութիւն, պատմութիւն եւ մշակոյթ դասաւանդած է Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութենէն եւ Լոս Անճելըսի ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանէն ներս։ Աշխատակցած է եւ կ՚աշխատակցի սփիւռքահայ մամուլին։ Եղած է «Նոր Օր» շաբաթաթերթի պատասխանատու խմբագիր։ Անգլիատառ AIM-ի հիմնադիր-խմբագիրներէն է եւ ներկայիս մաս կը կազմէ Keghart.com-ի խմբագրութեան եւ պատասխանատու խմբագիրն է Երուսաղէմի «Սիոն» պաշտօնաթերթին։Խմբագրած եւ պարզեցուցած է հայ դասական գրողներու գործեր, նաեւ հեղինակ է հայոց լեզուի եւ պատմութեան դասագիրքերու։ Խմբագիրն է «Պատմութիւն Չորք-Մարզպանի» յուշամատեանին։

Ծնած է Երուսաղէմ և վեց տարեկանին ընտանիքին հետ փոխադրուած է Հալէպ։ Ուսման բարձրագոյն վկայականը եղած է Մաքիստրոս Արուեստից Տիտղոս՝ Անգլերէն լեզուի ուսուցման մէջ, Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն։
1976-ին հաստատուած է Լոս Անճելըս և 1980-ին ամուսնացած է Սիլվա Տագէսեանի հետ ու բախտաւորուած երկու զաւակներով՝ աղջիկ մը և մանչ մը։
2009-ին հանգստեան կոչուած է 25 տարիներու ծառայութենէ մը ետք՝ Լոս Անճըլոսի դպրոցական միացեալ ցանցին մէջ, ինը տարի որպէս ուսողութեան ուսուցիչ և 16 տարի որպէս փոխ-տնօրէն։
Անդամ է Թէքէեան Մշակութային Միութեան Միացեալ Նահանգներու և Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան։

Ծնած է Դամասկոս, Սուրիա՝ 1933-ին: Ընտանեօք Լիբանան փոխադրուելով, շրջանաւարտ կը դառնայ ՀԲԸՄ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանէն 1953-ին: Ապա՝ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն ստանայ Պսակաւոր Արուեստից տիտղոսը Եւրոպայի արդի պատմութեան մէջ:Շուրջ երեսուն տարի եղած է ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի վարիչ-տնօրէն, վարելով ՀԲԸՄ-ի գործերը: Պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած է մշակութային եւ մասնաւորաբար թատերական կեանքէն ներս: ՀԲԸՄ-ի «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագիր՝ 1964-74:1986-ին կը հաստատուի Լոս Անճելըս, դառնալով «Նոր Օր»ի խմբագիր մինչեւ 1990: Մինասեան կը մնայ գլխաւոր սիւնակագիրներէն մէկը «Նոր Օրի: 1992-էն ի վեր լոյս կ'ընծայէ Չորք-Մարզպանի հայրենակցական միութեան «Տեղեկատուն»:Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին մասին լոյս ընծայած է «Մայրիներու երկրին աւերակումը» հատորը 2003-ին: Ունի բազմաթիւ թարգմանութիւններ: 13 տարի եղած է հանրային վարժարանի մը գրադարանապետը:Լոս Անճելըսի մէջ կը շարունակէ գործօն իր դերը ՀԲԸՄ-էն եւ Չորք-Մարզպանի (Տէօրթ-Եօլ) հայրենակցական միութենէն ներս, որուն հիմնադիրներէն է եւ ատենապետը՝ 2012-էն ի վեր:

Ծնած է Թրիփոլի, Լիբանան։ Նախնական ուսումը ստացած է Պէյրութի ՀԲԸՄ-ի Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարանին մէջ։ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով, 1976-ին կը տեղափոխուի Միացեալ Նահանգներ եւ կ՚աւարտէ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Էլէքթրոնիք ճարտարագիտութեան բաժինը։
Անդամ է ՌԱԿ-ի եւ երիտասարդական տարիներէն մինչ օրս վարած է եւ կը վարէ պատասխանատու պաշտօններ կուսակցութենէն եւ Թէքէեան Մշակութային Միութենէն ներս։ «Նոր Օր» պաշտօնաթերթի երկարամեայ աշխատակից։Ահարոնեան գործօն տարր մըն է լոսանճելըսահայ կեանքէն ներս, ներկայացնելով ՌԱԿ-ը համագաղութային ծրագիրներու մէջ։
Հեղինակ է Հայաստանի, Արցախի եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նուիրուած հատորներու։
Ներկայիս կը պաշտօնավարէ ապահովագրական ընկերութեան մը մէջ, որպէս ծրագրող-խորհրդատու։

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Հաւանաբար յոռետես նկատուիմ այս գրութեանս պատճառով. սակայն, պահ մը դիտենք մեր շրջապատը և ըստ այնմ որոշում կայացնենք:
Տարակոյս չկայ, թէ բացառութիւնները միշտ յարգելի են անշուշտ։ Մարդիկ, երբ տարիք կ՚առնեն, կը հասուննան, կը դառնան անհամբեր, դժգոհ, գանգատող... Չշարունակենք նման ածականներու շարանը, որոնցմէ փախուստ չունինք կեանքի բերումով և բոլորս ուղղուած ենք դէպի այդ ճանապարհը: Այնպէս որ համակերպինք և լռելեայն դիմակալենք գալիք մեր «արծաթեայ փայլուն» ապագան:
Մեր ընտանիքներու մէջ պատահարներէն անկախ, օրուան պահանջով, կը հետեւինք աշխարհի լուրերուն հեռատեսիլի ալիքներէ և այլազան լրատուական աղբիւրներէ, որոնք ընդհանրապէս ցաւալի, տխուր և սրտաճմլիկ են: Սակայն, միշտ ալ կը փորձենք լաւ բան մը տեսնել կամ լսել այնտեղ, սակայն աշխարհի լուրերը այս օրերուն անողոք են:
Հզօր պետութիւններու աշխարհակալութեան մրցոյթը հասած է պայթուցիկ աստիճանի, հակառակ բոլոր դիւանագիտական ստախօսութեանց, առերես ժպիտներուն, «այնքա՜ն լրջախոհ» նայուածքներուն և յարատև գումարուած ժողովներուն, ուր կարծէք միակ համաձայնութիւնը կ՚ըլլայ յաջորդ ժողովի գումարման թուականը, եթէ անշուշտ իրականանայ այդ (Միութենական մեր ժողովները կը յիշեցնէ չէ՞):
Նիւթապաշտութիւնը տիրապետած է աշխարհի բոլոր բարոյական առաքինութիւններուն վրայ և կլանած խաղաղութիւն, արդարութիւն, մարդասիրութիւն և օգնութիւն:
Աշխարհի երեսին քիչ թիւով պետութիւններ կան միայն, ուր պատերազմ տեղի չ՚ունենար այսօր: Ներկայիս գործածուող զինամթերքի հասոյթը կը կազմէ աշխարհի տնտեսութեան 35 տոկոսը, որոնցմէ կ՚օգտուին միայն հզօր տէրութիւնները իրենց հնարած «արդիական» զինամթերքով: Բնաւ տեսա՞ծ էք կամ լսա՞ծ էք այս տէրութիւններուն զինամթերքին գործածութիւնը իրենց մորթին վրայ:
2017-ի առաջին օրուընէ սկսեալ արդէն ահաբեկչական գործողութիւնները կարծէք նոր թափ առած են Թուրքիոյ Իսթանպուլ քաղաքէն սկսեալ. և ափսոս՝ մարդիկ միևնոյն ժամանակ խաղաղութիւն և բարօրութիւն կը ցանկային իրարու հետ պարելով, երգելով և կենացներ բարձրացնելով:
Եթէ աշխարհի բնակչութեան հակակշռութիւն է կատարուածը այսօր, ուրեմն շատ ցաւալի կերպ մըն է կիրարկուածը:
Կարգ մը երկիրներ կը ջանան սնանիլ այլ երկիրներու ժողովուրդներու քրտինքով և արիւնով (մանաւանդ արեւմտեան, եւրոպական և այլ մեծ տէրութիւններ, որոնց պատմականը քաջածանօթ է աշխարհին), ջարդելով, քանդելով և աւերելով անոնց երկիրները. անարդարութիւն է այդ, բայց որո՞ւ հոգը, իրենք են տիրակալները:
Իսկ եթէ որոշ կրօնական տիրապետութեան մը հարցն է այս բոլորը, ապա թող չմոռնան անոնք, որ իրենք ստեղծած են կրօնքի խտրականութիւնը, զայն օգտագործելու համար իրենց շահերուն:
Ասիոյ, Ամերիկայի կամ Ափրիկէի մէջ երեխաներ այսօր սովամահ կ՚ըլլան և աշխարհի օգնութեան կարիքը ունին: Այդ երկիրներու կառավարութիւնները ինչո՞ւ չեն մտածեր կանխարգելիչ միջոցներու մասին. թէ՝ վարժուած են մուրացկանութեան կամ կը հետեւին իրենց անասնական բնազդին: Ի միջի այլոց՝ այսպիսի առիթներ ևս կ՚օգտագործուին դրամահաւաքներու համար, որոնց նպատակը երբեմն կասկածելի է:
Եթէ մարդիկ մթնոլորտի մաքրութեամբ և օդերեւութաբանութեան փոփոխութիւններով չափազանց մտահոգուած են, թող մտածեն նաև, թէ այդ ևս կանխել կարելի է:
Արհեստածին միջոցներով պատրաստուող սնունդները հակակշռած են բնական սնունդները և ուտեստեղէնները, պատճառ դառնալով աշխարհատարած հիւանդութիւններու, որոնք իրենց կարգին շահարկման աղբիւր դարձած են դեղօրայքի ընկերութիւններուն կողմէ:
Ժողովրդավարութիւնը աշխարհի ժողովուրդներու փափաքն էր ու երազը: Դժբախտաբար, անոր անունով այսօրուան գործուած ոճիրները կը նուաստացնեն զայն, ատելութիւն սերմանելով ժողովուրդներու հաւատքին միջեւ, վանելով զիրենք մարդկային զգացումներէ շատ հեռու:
Օտար մամուլի նշանաւոր խմբագրապետի մը տողերը մէջբերենք այստեղ. «Յանուն ժողովրդավարութեան, մենք կը խուժենք երկիրներ, կը ջարդենք, կը կործանենք զանոնք և կը գոռանք՝ կեցցէ' ժողովրդավարութիւնը»:
Մէկ այլ համաշխարհային համբաւ ունեցող և նշանաւոր անձնաւորութեան մը մեկնաբանութեամբ՝ «Ժողովրդավարութեան դրօշակակիրները այսօր կորսնցուցած են իրենց գաղափարախօսութեան նպատակը, մխրճուելով անհատական հետապնդումներու յորձանուտին մէջ»:
Ժողովրդավարութի՜ւն. որքան երազելի արդարութիւն, որուն անունով ինչպիսի անմարդկային ոճիրներ կը գործուին այսօր աշխարհի մէջ:
Գարո՜ւն. որքա՜ն սպասելի, որքան ծաղկալի, նորածիլ և կենսատու գարունը դարձաւ ատելութեան մակնիշ աշխարհի կարգ մը երկիրներու մօտ, իր բերած վառօդի հոտով, իր կործանարար և մահացու փայլատակումներով և տեղատարափ ռումբերով:
Աշխարհի ղեկավարներ դարձած են մէկական հրէշ, իրենց կամքը պարտադրելով երկրի ժողովուրդներուն վրայ։
Տարօրինակօրէն՝ պետութիւններու և կառավարութիւններու ներկայացուցիչները կը հաւատան իրենց անձեռնմխելիութեան և օրէնքէն վեր կեցութեան, երբ անոնք երդմնացած են ժողովուրդի պաշտպանութեան գործով: Այսօր, անոնց օրէնսդիր մարմինները հրապարակ կու գան ժողովուրդներու համար դասուած նորանոր օրէնքներով, բացառելով իրենք զիրենք:
Այդ ներկայացուցիչները շռայլօրէն կը մսխեն, կը վայելեն և կ՚ապրին ժողովուրդին արեամբ, սնելով մինչև իրենց մահը կամ պաշտօնէ հրաժարումը, որմէ ետք կը շարունակուի նոյն արարը:
Զարմանալիօրէն, իւրաքանչիւր տարուան առաջին օրը մարդիկ առանց յուսահատելու կամ՝ նախկին փորձառութիւններէն օրինակ առնելու, տակաւին «բարի, արգասաբեր, խաղաղ, «լիքը փող», առողջութիւն, յաջողութիւն» և այլ մաղթանքներ կը շռայլեն իրարու, քաջ իմանալով որ այդ մաղթանքները 2000 տարիէ ի վեր (կամ աւելի) տակաւին չեն իրականացած:
Վերջապէս, ուզենք-չուզենք նոր տարեթիւ մը, 2017-ը կը թեւակոխենք, շարունակելու համար մեր կիսաւարտ գործունէութիւնները, ծրագիրները և նորերը սկսելու համար, տրտնջալով կամ զուարթ տրամադրութեամբ, որ կախեալ է մեզմէ իւրաքանչիւրէն:
Երբ արդէն քաղաքակրթութիւն մը սկսած է իր վայրէջքին, առանց որևէ ջանքի զայն կասեցնելու կամ հունի փոփոխութեան, անոր թաւալգլոր ընթացքը օրըստօրէ թափ կ՚առնէ արագընթաց կործանումի ճանապարհին, նոյնիսկ եթէ հասած ըլլանք արհեստագիտութեան գագաթնակէտին:
Եկէք ըսենք՝ «Աստուած մի արասցէ»:








