Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Ֆրանսիս Քահանայապետին պատմական այցելութենէն ետք

Համայն աշխարհ ականատեսը եղաւ կաթոլիկ եկեղեցւոյ պետին՝ Հռոմի գահակալ Ֆրանսիս Քահանայապետին պաշտօնական այցելութեան հայոց հայրենիք Հայաստան:

Պատմական օրեր ապրեցաւ Հայաստանը անցնող Յունիս 24-26 օրերուն: Նորակերտ անկախութեան քսանհինգ տարիներուն ընթացքին հազուադէպօրէն Հայաստան հիւրընկալեց նման բարձրաստիճան պատուիրակութիւններ: Այս մակարդակի այց թէեւ առաջինը չէր իր տեսակին մէջ, սակայն եւ այնպէս պիտի մնայ պատմական իր չափով, կշիռով, գրաւոր թէ բանաւոր պատգամներով:

Առաջին հերթին՝ երախտագիտական մեր խօսքը կ’ուղղենք հայրենի պետութեան, որ բարձրագոյն մակարդակով կազմակերպեց Հռոմի Պապին այցելութիւնը մեր երկիր: Երկրորդ, նոյնինքն Ֆրանսիս Քահանայապետին, որուն մէջ խտացած կը տեսնենք մարդասիրական գաղափարներ, հոգեւոր արժէքներու խորիմաստ հաւատք եւ վերջապէս՝ անոր յարգանքը, սէրն ու գթառատութիւնը հանդէպ մեր ժողովուրդին՝ հայութեան անցեալին, ներկային ու ապագային նկատմամբ:

Կաթոլիկ եկեղեցւոյ նման հզօր «կայսրութեան» մը պետը, երբ ոտք կը դնէ աշխարհի առաջին քրիստոնեայ պետութեան հողին վրայ, երբ ծաղկեպսակ եւ ծաղիկներ կը զետեղէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ծիծեռնակաբերդի յուշակոթողին անմար կրակին առջեւ, երբ համարձակօրէն սեւին՝ սեւ եւ ճերմակին ճերմակ կ’ըսէ առանց ծամծմելու բառերն դիւանագիտական բառախաղերով, երբ խաղաղութեան աղաւնիներ կը բարձրացնէ դէպի երկինք, դէպի մեր սրբազան լեռն Արարատ, երբ սահմանակից դրացի Թուրքիոյ Հանրապետութեան նաեւ կը դիմէ հաշտութեան կոչով, երբ Ղարաբաղի տագնապին գծով Հայաստանէն աղօթք կը բարձրացնէ խաղաղութեան, մենք կը խոնարհեցնենք մեր գլուխները յարգելով այդ մեծութիւնը։

Ֆրանսիս քահանայապետին այցելութիւնը ունի պատմական եւ քաղաքական արժէք։ Դաս մըն է համայն մարդկութեան, դաս՝ խիղճի, արթնութեան, արդարութեան։

Հայաստանի քաղաքական եւ հոգեւոր աւագանիին ներկայութիւնը, ինչպէս նաեւ ժողովրդական խաւերուն մասնակցութիւնը կը շոյեն մեր հոգիները ի տես բարձրակարգ հիւրընկալութեան եւ ցուցաբերուած մեծարանքին:

Հիմա, երբ կը գրուին այս տողերը, Ֆրանսիս Պապը արդէն իսկ վերադարձած է Հռոմ, անցած իր «տիեզերական» աշխատանքին, իսկ մենք՝ հայրենի հողի ժողովուրդն ու Սփիւռքահայութիւն, տակաւին ժամանակի կարիքը ունինք ապրելո՛ւ, հասկնալո՛ւ եւ գնահատելո՛ւ այն պահը, որուն ականատեսը եղանք երեք օրեր շարունակ:

Քաղաքականօրէն բարդ տարի մըն է 2016-ը: Տակաւին ճիշդ կէսն է, որ կը հատենք: Արցախեան հարցին լուծումը որքան որ ալ ձգձգուի, Ապրիլ 2016-ն եկաւ ուրիշ բան ըսելու: Մեր սահմաններուն պաշտպանութիւնը մեր գերագոյն խնդիրն է այսօր: ԼՂՀ-ի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանական բանակները մշտարթուն պահակներն են մեր հողին: Մինչ, նոյն ատեն, քաղաքական կեանքը ներքին լուրջ եւ խորունկ փորձութենէ մը կ’անցնի Հայաստանի մէջ այսօր: Չտեսնել պետական վարչամեքենային բացայայտ թերութիւնները, չարտայայտուիլ անոնց  անթափանց աշխատելակերպին մասին, լռութեամբ հետեւիլ տնտեսական եւ ընկերային անարդարութիւններու դիմաց՝ սխալ է: Այո, մենք եօթը հազար մղոն հեռուէն երբ կը հետեւինք 25-ամեայ Հայաստանի զարգացումներուն, իրաւունքը չունինք ներթափանցելու, խրատներով ու սեւացրէքեան խօսքերով գորշ ներկայացնելու ներկան, սակայն, մեզի իրաւունքը կը վերապահենք, սիրելով մեր հայրենիքը, գուրգուրալով անոր ամէն մէկ քարին վրայ, աղաղակել, որպէսզի ընկերային արդարութիւնը վերականգնի, օրէնքը պարտադրուի բոլորին վրայ եւ յանցագործը պատժուի: 

Տնտեսական յաջողութիւնները գրաւականն են պետութեան մը կայացումին: Որքան որ ալ անկախութեան առաջին տարիներուն պատահած երկրաշարժը, Ատրպէյճանէն փախուստ տուած հայ գաղթականութիւնը եւ Արցախեան հերոսամարտը թոյլ չտուին սահուն անցում մը կատարուի խորհրդային վարչակարգէն դէպի անկախութիւն, սակայն եւ այնպէս, ներկայիս, մեր արդար պահանջքն է Հայաստանի մէջ կիրառուած տեսնել ժողովրդավարութեան ամենասկզբունքային տարրերը: Երեւոյթը կայ, ուր իրականութիւն մըն ալ կայ, որ հպարտութիւն եւ յոյս կը ներշնչէ: Սակայն, աւելի՛ն պահանջելը իւրաքանչիւր հայու իրաւունքն է, տեսնելու իր տունը աւելի լաւ կահաւորուած, պատուհանները՝ սիրուն, աղիւսները օրէնքով հիւսուած, տախտակամածը՝ հարթ եւ վերջապէս՝ հիմքերը կայուն… որոնք դրուեցան ոչ միայն քսանհինգ, այլեւ՝ 4-5 հազարամեակներ առաջ:

Ֆրանսիս Պապը եկաւ ու գնաց, սակայն մեր խնդիրները կը մնան սեղանի վրայ, ճակատին վրայ: Ժողովրդավարութեան յաղթանակը պիտի ուշանայ այնքան ժամանակ, որքան որ ուշացնենք մեր մէջի Ես-ը Մենք-ով փոխարինելու կամքն ու որոշումը: Որքան շուտ ձերբազատուինք մեր Ես-էն, այնքան շուտ կը հասնինք մեր նպատակներուն: Հո՛ս, ամբո՛ղջ Սփիւռքի տարածքին, Հայաստա՛ն թէ Արցախ, ձերբազատուի՛նք Ես-էն, որպէսզի վայելենք Մենք-ը. հասկցողին շա՛տ բարեւ…

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ