Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Խաղաղութեան Առաքեալը՝ Ֆրանսիս Պապը

Արժանթինցի կրօնապետին՝ Ֆրանսիս Սրբազան Պապին 14-րդ երկար ճամբորդութիւնն է 2013-ի իր գահակալութենէն ի վեր։ Սրբազան Պապը Հայաստան այցելեց Ուրբաթ՝ Յունիս 24-ին՝ երեք օրուան ծրագիրով, խաղաղութեան, համերաշխութեան եւ համակեցութեան հայրապետական իր յորդորը բերելու եւ բաշխելու աշխարհի անհանդարտ եւ անկայուն վայրին՝ Կովկասի ազգերուն, ի մասնաւորի պապական իր այցը շնորհելով Հայաստանին։

Սրբազան Պապին հաստատումները, արտայայտութիւնները եւ խօսքերը ուշադրութեան պիտի արժանանան մասնաւորաբար Անքարայի կողմէ, որ յարատեւօրէն կ՛ուրանայ դար մը առաջ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդին վրայ, եւ նոյն ատեն կ՛ամբաստանէ միջազգային ուժերը՝ որոնք, իբր թէ, կը զրպարտեն Թուրքիան դժուարութիւններ ստեղծելով իրեն համար։ Շեշտելով այս իրողութիւնը, Ֆրանսիս Պապը այցելութեան երկրորդ օրը սկսաւ՝ այցելելով Ցեղասպանութեան Ծիծեռնակաբերդի յուշակոթողը եւ իր յարգանքն ու աղօթքը մատուցելով միլիոնաւոր նահատակներու յիշատակին։ Սրբազան Պապը անմար կրակին առջեւ յորդորեց աշխարհը, որ երբեք չմոռնայ Օսմանեան շրջանի հայերու հաւաքական ջարդը. իսկ խօսքը ուղղելով հայերուն, թելադրեց որ իրենց հաւաքական յիշողութիւնը սիրոյ զգացումով բարեխառնած՝ խաղաղութեան յանգին ու հաշտուին Թուրքիոյ հետ։

«Հոս, ցաւատանջ սրտով կ՛աղօթեմ, որ ասոր նման ողբերգութիւն մը չկրկնուի երբեք, որպէսզի մարդկութիւնը երբեք չմոռնայ զայն եւ գիտնայ ինչպէ՛ս յաղթել չարին», գրեց Պապը յուշակոթողի այցելուներու յատուկ գիրքին մէջ։ «Թող Տէրն Աստուած պահպանէ հայ ժողովուրդին յիշատակը։ Յիշատակը պէտք չէ մեղմանայ կամ մոռացութեան տրուի։ Յիշատակութիւնը աղբիւրն է խաղաղութեան եւ վառ ապագային»։

Շեշտելով Պապական իր ներկայութեան կարեւորութիւնը, ան ողջունեց ներկայութիւնը 400-ի մօտ Ցեղասպանութեան նախկին որբերու, որոնք 1920-ական թուականներուն Պենետիքթ 15-րդ եւ Պիոս 11-րդ Պապերուն կողմէ հաւաքուելով Հռոմ բերուեր էին։

«Ժողովուրդներ, ինչպէս անհատներ, հաւաքական յիշողութիւն ունին», խորանէն յայտարարեց Ան, խօսքը ուղղելով ամբոխին. «Ձեր ժողովուրդին յիշողութիւնը թէ՛ արժէքաւոր է եւ թէ՛ հին», շարունակեց Պապը։ Հաւաքական յիշողութիւնը անգամ մը եւս կարեւորելով, Պապը նոյն օրուան երեկոյեան, խօսքը ուղղելով 50,000-է աւելի հաւատացեալներուն, որոնք ներկայ էին Երեւանի Հանրապետական Հրապարակի վրայ կատարուող Պատարագին, Սրբազան Պապը ըսաւ, որ յոռեգոյն Ցաւը «կրնայ վերածուիլ ապագայի ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՍԵՐՄԻՆ»։

Ան մասնաւորաբար կոչ ուղղեց Հայաստանին եւ Թուրքիոյ, որ «հաշտութեան ուղին ընտրեն»։ «Աղօթենք որ խաղաղութիւնը ծլի Նակորնօ Ղարաբաղի մէջ եւս», աւելցուց Սրբազան Պապը։

Ուրբաթ երեկոյ, երբ Երեւան կը հասնէր, Սրբազան Պապը իր պատրաստած ճառին մէջ արդէն աւելցուցած էր Ցեղասպանութիւն բառը, երբ կը յիշատակէր 20-րդ դարու երեք մեծագոյն զանգուածային ոճիրները – հրէական Ողջակիզումը, Ստալինականութիւնը եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Թուրքիոյ կողմէ անմիջական հակազդեցութիւն մը չկատարուեցաւ այս առիթով. բայց տարի մը առաջ Թուրքիա Վատիկանի մօտ իր դեսպանը տուն կանչեր էր, զրպարտելով Ֆրանսիս Պապը՝ սուտեր տարածելու մեղքով։ Գաղտնիք մը չէ, որ Թուրքիա կը յամառի պատմական մեծ սուտը կրկնել եւ տարածել…։

Մեծամասնութեամբ ուղղափառ, Հայաստանի ժողովուրդը հաւաքաբար մեծարուած կը զգայ կաթողիկէ Սրբազան Պապին այցելութեամբ, որու դրական կեցուածքը Հայկական Դատին հանդէպ Արժանթինի հայութեան ծանօթ էր։ Սրբազան Պապը Արժանթինի կաթողիկէ բնակչութեան կրօնապետն էր, իսկ այժմ հովիւն է 1.2 միլիառ կաթողիկէներուն։

Կ՛արժէ այս առիթով յիշել, որ Ֆրանսիս Պապը կաթողիկէ երկրորդ կրօնապետն է, որ կ՛այցելէ Հայաստան, որ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն յարութիւն առած էր։ Յովհաննէս-Պօղոս Բ. Պապը (John Paul II) 2001 թուականին այցելած էր Հայաստան՝ քրիստոնէութեան որդեգրումին 1700-ամեակի հանդիսութիւնը հովանաւորելով։ Նոյն ատեն, Սրբազան Պապը ճանաչում տուեր էր Հայոց Ցեղասպանութեան՝ որպէս Մարդկութեան Դէմ Գործուած Ոճիր։

 

Ռուսաստանը կրնա՞յ պատժուիլ

 

Վերջին կէս դարու ընթացքին համաշխարհային մարզական կեանքին մէկ կարեւոր զարգացումին, մարզական կատարելագործումին, անհաւատալի յառաջդիմութեան կողքին՝ նորարարութիւնն ու գիտական աննախընթաց զարգացումն է կազդուրիչ զանազան տեսակի դեղերու արտադրութիւնը հակակշռող ճարտարարուեստին։ Որքան ժամանակը յառաջանայ, մարզական բոլոր տեսակի ճիւղերուն մէջ արձանագրուած իրագործումները գրեթէ անհաւատալիի չափանիշերու հասած են։

Ողիմպիական իրար յաջորդող խաղերը, արհեստավարժ պասքեթպոլի, ֆութպոլի, հեծելարշաւի, կռփամարտի, բայց մանաւանդ թեթեւ աթլետիկայի մասնագիտացուած մրցումները, բոլորը, կարծէք հսկայական զոհերն են ճարտարարուեստի մը, որու գերագոյն նպատակը՝ ստեղծել է կազդուրիչ դեղերու տեսակներ՝ ամէն մարզաձեւի յատուկ մրցանիշերը բարելաւելով հասնելու գերագոյնին՝ եթէ այդպիսի չափանիշ գոյութիւն ունի։

Բարդացած մարզաշխարհէն ներս, եթէ արձանագրուած արդիւնքները, իրագործումները հաստատուած մրցանիշները, անհատական եւ խմբային յաղթանակները դրական իրականութիւն մը կը ստեղծեն եւ անհաւատալին՝ հաւատալի կը դարձնեն յաճախ, դեղատեսակներու զարմանալի առատութիւնը միջազգային միակ խանգարիչ ազդակն է պարզուող շռայլ յառաջդիմութեան մէջ։

Իւրաքանչիւր մարզաձեւ իրեն յատուկ եւ բարդացած տեսակի կազդուրիչ դեղ մը ունի։ Անհատ մարզիկներ, պետական հովանաւորութիւն վայելող մարզիկներու խումբեր, արհեստավարժ մարզաձեւերու մարզիկներ, բոլորին կարիքներուն հասնող հսկայ արտադրամիջոցներ անդադար նորութիւններ կը բերեն՝ քաջալերելով մարզիկները, որ դառնան գերիները արտադրուող դեղերուն։

Շատ է թիւը պետական հովանաւորութիւն վայելող մարզաձեւերուն. հի՜ն շատ հին օրինակ մը 1954-ի Արեւմտեան Գերմանիոյ ֆութպոլի հաւաքականին ճակատագիրն է։ Փուշքաշի, Կրոչիչի հունգարական ֆութպոլի հաւաքականին յաղթող Աշխարհի Բաժակին աւարտական յաղթական խաղէն ետք, գերմանացի մարզիկները մէկը միւսին ետեւէն անծանօթ հիւանդութիւններով անհետացան հրապարակէն։ Եւրոպական մարզական մամուլը զգաստ լռութենէ մը ետք, յայտնագործեց որ գերմանական խումբին մարզիկները նոր տեսակի դեղերու ազդեցութեամբ յաղթելէ ետք անպարտելի նկատուող հունգարներուն, դեղերու յառաջացուցած հիւանդութիւններուն զոհերն էին։

Կազդուրիչ դեղերու գործածութեան վարկածին զոհերն են, այսօր, Ռուսաստանի թեթեւ աթլետիկայի հաւաքականի անդամները, որոնք պետական հովանաւորութիւն կը վայելեն։ Ռուս թեթեւ աթլետներուն մասնակցութիւնը Ռիօ տէ Ժանէրոյի Ողիմպիական խաղերուն, խնդրական դարձած է, որովհետեւ թեթեւ աթլետիկայի հսկիչ մարմնին միասնական քուէարկութեամբ Ռուսաստանի խումբին կ՛արգիլուի խաղերուն մասնակցիլ։ Այս հանգրուանին, երբ երկու ամիս ետք խաղերը պիտի բացուին, մնայուն հարցումը սա է. «Ռուսաստանը պիտի պատժուի՞, թէ ոչ»։

Կը մնայ Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէի որոշումը՝ Ռուսաստանի ամբողջ խումբը դուրս ձգելու Ողիմպիական խաղերէն։ Ողիմպիական Կոմիտէն տակաւին պիտի որոշէ Քենիայի թեթեւ աթլետներուն մասնակցութեան հարցն ալ։ Ատենէ մը ի վեր, Քենիայի մարզիկներուն հաստատած անհաւատալի մրցանիշները՝ մանաւանդ միջակ եւ երկար տարածքով վազքերու մէջ, հարցականի տակ դրած են քենիացիներու «մաքրութիւնը»։

Առնուած եւ առնուելիք որոշումները վստահաբար միջազգային վէճերու եւ անհասկացողութիւններու դուռները պիտի բանան։ Օգոստոսին պիտի սկսին 31-րդ Ողիմպիական խաղերը Պրազիլի Ռիօ տէ Ժանէրօ քաղաքին մէջ, բաւական ձգտուած պայմաններու տակ։ Եւ ստեղծուելիք ձգտուածութեան պատճառներէն մէկը պիտի ըլլայ կազդուրիչ, բայց արգիլուած դեղերուն գործածութենէն յառաջանալիք անհասկացողութիւնները։

 

Կլենտէյլ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ