Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Ամերիկեան Բարքեր

Յուղարկաւորութի՞ւն, թէ՝ հարսանիք

Անցեալ  տարի, Նոյեմբերի վերջաւորութեան, կրտսեր մօրաքոյրս մահացաւ։ Ան եօթը քոյրերու կրտսերագոյնն էր եւ վերջինը, որ հոգին կ՛աւանդէր։ Իրմէ մի քանի ամիսներ առաջ, քոյրերուն երիցագոյնը՝ մայրս էր, որ մահացած էր։ Հիմա բոլոր քոյրերն ալ մահացած են ու գտած իրենց յաւիտենական հանգիստը։

Նորոգ հանգուցեալ մօրաքրոջս երկու մանչ զաւակներն ալ կնքած են օտար ամուսնութիւններ եւ կազմած տիպար ընտանիքներ, ուր հայերէն լեզուն մուտք չի գործեր՝ հասկնալի, բայց անընդունելի պատճառներով։ Դժբախտաբար այս երեւոյթը ընդհանրացած է Ամերիկայի մէջ եւ հաւանաբար ալ այլուր, որուն առաջքը առնելը կարծես դարձած է անհնարին, այսինքն՝ mission impossible, ինչպէս պիտի բնութագրէր ամերիկեան հռչակաւոր շարժապատկերներու շարքը։

Խառն ամուսնութիւնները չեն իմ յօդուածիս նիւթն ու նպատակը, այլ այդ ամուսնութիւններէն բխած ընդունուած սովորութիւններու աղաւաղումը, որուն պիտի հանգամանօրէն անդրադառնամ քիչ ետք։ Ուրեմն, ըստ ընկալեալ սովորութեան, յուղարկաւորութեան կարգը կատարուեցաւ գերեզմանատան մատուռին մէջ, որուն յաջորդեց թաղման կարգը՝ հանգուցեալի շիրիմին վրայ եւ մարմինը յանձնուեցաւ ցուրտ հողին, հող էիր՝ հող դառնաս աղօթքով։ Դարձեալ ընկալեալ սովորութեան համաձայն, սգաւորները հրաւիրուեցան մօտակայ ճաշարան մը, հոգեճաշի մասնակցելու համար։ Ճաշի օրհնութեան աղօթքէն ետք մատակարարուեցաւ ճաշը, ապա քանի մը հարազատներ խօսք առին, վեր առնելով հանգուցեալին արժանիքները։ 

Մինչեւ հոս արտակարգ ոչ մէկ երեւոյթ, սակայն հոգեճաշի աւարտին տեղի ունեցաւ աներեւակայելին, բացատրեմ։ Մօրաքրոջս երէց որդիին քենին, յանկարծ հրաւիրեց ներկաները որ մասնակցին խմբանկարի մը… Բոլորս ալ ապշած՝ մնացինք ափ ի բերան, ի տես այս անակնկալ երեւոյթին։ Զարմիկներէս մին սաստիկ ջղայնացած դուրս վազեց ճաշարանէն, լուտանքներ տեղացնելով նկարող աղջկան վրայ։

Մնացեալ հարազատները ստիպուեցան մասնակցիլ, աւելորդ անախորժութիւն չստեղծելու համար։ Սակայն, ես սկսայ մտածել, թէ սա հարսանի՞ք է թէ ոչ յուղարկաւորութիւն. որովհետեւ այսպիսի բաներ կը պատահին միայն ուրախ առիթներով՝ հարսանիք, նշանախօսութիւն,  մկրտութիւն, տարեդարձ եւ այլն։

Հոս պէտք է նշեմ, որ ամերիկացիները հայերուս նման չեն, այսինքն անոնք մահը թեթեւի կ՛առնեն։ Անոնք չեն հաւատար սուգ բռնելու եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարելու։ Նոյնիսկ մահուան օրը, անոնք կը նախընտրեն հանգուցեալին կեանքը տօնախմբելու՝ քան թէ անոր մահը սգալու… Իրենց նշանաւոր մէկ խօսքը կ՛ըսէ. “Let’s not mourn death, but rather celebrate life”:

Ես ամերիկացի գործակիցներ ունեցած եմ, որոնք չափազանց սիրելով հանդերձ իրենց կողակիցները, անոնց մահէն ետք շուտով ամուսնացած են։ Մէկու մը մահով կեանքի ընթացքը չի կասիր, այլ կը շարունակուի եւ անոնք յաճախ կը պնդեն, թէ իրենց հանգուցեալ կողակիցը այդպէս պիտի ուզէր եւ վերջ։

Թէեւ ճիշդ է իրենց մտածելակերպը, որովհետեւ սգալով հանգուցեալը յարութիւն չ՛առներ, սակայն նոյնքան ալ ճիշդ է, որ ընկալեալ սովորութիւնները դիւրին-դիւրին չեն անհետանար եւ ժամանակն է որ պիտի հաշտեցնէ մեզ, նոր միջավայրերու նոր աւանդութիւններուն հետ։

Ահաւասիկ զայս նկատի առնելով պէտք չէ անմիջապէս քննադատել երեւոյթները, այլ պէտք է հասկնալ անոնց դրդապաճառները ու ներող աչքով դիտել զանոնք։ Վերջապէս ես վստահ եմ, որ սգակիրներու մեր խումբը նկարել ուզող օրիորդը կամ տիկինը մտադիր չէր վիրաւորել մեզմէ ոեւէ մէկուն զգացումը, այլ կը խորհէր որ յիշատակի արժանի էր այդ հաւաքը եւ կ՛ուզէր անմահացնել այդ պահը, իր ըմբռնած ձեւով՝ ճիշդ կամ սխալ։

 

 

 Գէորգ Քէօշկէրեան

 

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ