Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Քիչ մը տնտեսութիւն

Խօսքը ուղղուած թող ըլլայ ազատ տնտեսութեան, որովհետեւ համայնավարական տնտեսութեան փորձառութեան փլուզումին ականատես եղանք երկոտասնեակ տարի առաջ, իսկ ընկերվարական տնտեսութիւններ կիրարկող երկիրներուն կրած տանջանքն ու տառապանքը, կանգուն մնալու և գոյատեւելու համար, այսօր՝ ականատես կ՚ըլլանք այդ երկիրներուն մէջ պատահած ժողովուրդներու վրդովմունքներուն, անոնց հակապետական ցոյցերուն և հետեւանքներուն, որոնք արդիւնք են անոնց պետական կառոյցներուն անհաւասարակշիռ հիմքերուն: Սակայն, ազատ տնտեսութիւնը իր անուան նման ազատ չէ, ի բաց առեալ՝ եթէ անշուշտ ան կիրարկուի օրինաւոր, բարեխղճօրէն կամ արդարամտօրէն: Իսկ ներկայիս,  այդ բառերու գործադրումը անհետացած կը թուի ըլլալ բոլոր երկիրներու բառապաշարէն, պահելով «ազատութիւնը» իրենց տնտեսական միջոցներու կիրարկման մէջ: Ներկայիս՝ չարեաց փոքրագոյնն է այս, որ երկրի մը տնտեսութեան ընդհանրապէս անխուսափելի ճակատագիրը կը բնորոշէ, իր ծրագրուած ապագային հաստատ տուեալներով:

Այս հարցով կրնանք անդրադառնալ Հայաստանի տնտեսութեան, որովհետեւ ան մեր հայրենիքն է և մեզ մօտէն կը հետաքրքրէ անոր բարգաւաճ յարատեւութիւնն ու գոյատեւումը:

Երիտասարդ հայրենիք մը ունինք այսօր, որ 25 տարեկան է և տակաւին կը վարէ կարգ մը փորձառական տնտեսական հարցեր և ծրագիրներ, որոնք յաճախ յաջողութեան չեն յանգիր, առիթ ընծայելով նորանոր միջոցներու կիրարկման: Իսկ մէկ երկրի մէջ գործարկուած օրէնքները, յաջողութեան պայման չեն այլ երկրի մէջ, պարզապէս ընդօրինակելով զանոնք:

Հայրենիքին մէջ տեղի ունեցող տնտեսական վերիվայրումները հաւանական հետեւանքն են անցեալի պատմութեան, ուր սերնդափոխութիւնը կրնայ մեծ առաւելութիւններ ստեղծել, վանելով նախկինին արմատացած մտայնութիւնները, որոնք անհեթեթ և անտեղի են այսօր:

Ազատ տնտեսութիւնը կը վանէ որևէ սեփականաշնորհում և աւատապետութիւն, որոնք կը մնան նախնադարեան սովորութիւններուն մէջ. ի միջի այլոց՝ բռնատիրութեամբ, կողոպուտով և այլ անարդար և անօրէն միջոցներով ձեռք բերուած ունեցուածք և դիրք: Խոհեմ տնտեսութիւնը պարտի ծրագրուած ըլլալ երկրին շահերուն ի նպաստ, աշխատելով գոհացնել կառոյցին աշխատաւոր դասակարգը անոր լաւագոյն արդիւնաբերութիւնը ապահովելու համար, և վերջապէս՝ վերստին շահարկման ենթարկելու կառոյցներու շահեկան յաւելուածը տեղական նորանոր արդիւնաբերական մարզերու մէջ, որպէսզի այդ եկամուտները նպաստեն երկրին տնտեսական աճին, պահելով զայն երկրի տնտեսութեան մէջ, ինչպէս որ էր պարագան կարգ մը երկիրներու մէջ, որոնք ապագային դարձան տնտեսապէս հզօր տէրութիւններ:

Կարգ մը աղբիւրներ կը նշեն, թէ որևէ օրինական գործարք որ կրնայ տարեկան 20 առ հարիւր շահ ապահովել, արդէն իսկ հաստատ քայլերու հիման վրայ է այդ հաստատութիւնը և առիթը ունի գոյատեւելու և ընդլայնուելու հաստատուն քայլերով: Անոնք որոնք կ՚ապահովեն շատ աւելին…  կասկածելի:

Հայրենիքի և սփիւռքի միջև գոյութիւն ունեցած յարաբերական կապը կրնայ առաւել ևս անքակտելի դառնալ փոխադարձ գործակցութեան աղբիւրներով և համընդհանուր հասկացողութեամբ: Վերջին տարիներու առևտրային փորձառութիւնները,  լաւ կամ վատ, կրնան ապագային համար յստակ օրինակ հանդիսանալ աւելի մաքուր, թափանցիկ և օրինապէս փոխադարձ վստահութեան արժանի գործակցութիւններու:

Կը մնայ արժևորել զայն գործնականօրէն և պետական մակարդակով:

 

Յակոբ Մարտիրոսեան

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ