Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

«Հայրերու Օր»ուան յիշատակելի երեկոն

«Հայրերու Օր»ուան տօնակատարութիւնը Մ. Նահանգներու մէջ հետեւանք է Վիրճինիա նահանգի Ֆերմոնթ քաղաքին մէջ Յուլիս 1918-ին պատահած հանքային աղիտալի արկածի մը։ Ասոր հետեւանքով մահացած են 301 հանքագործներ, որոնցմէ 250-ը ընտանիքի հայրեր էին։ Անոնց տարելիցը ոգեկոչուած է յաջորդական երկու տարիներուն, բայց անկէ ետք՝ մոռացութեան տրուած։

Յունիս 19, 1910-ին, Ուաշինկթըն նահանգի Սփոքէյն քաղաքին մէջ, «Հայրերու Օր»ը սկսաւ դարձեալ յիշատակուիլ։ Մինչեւ 1913, հագուստեղէնի ճարտարարուեստն ու մանրավաճառները կենդանի պահած են «Հայրերու Օր»ուան տօնակատարութիւնը, յատկապէս սպառելով փողկապ, գլխարկ, ծխամորճ, եւլն.։

Նախագահներ Վուտրօ Ուիլսըն՝ 1916-ին, ու Քելվին Քուլիճ՝ 1924-ին, ուզած են համազգային ճանաչում տալ «Հայրերու Օր»ուան, բայց Քոնկրէսը միշտ մերժած է։ Վերջապէս, Լինտըն Ճոնսըն, նախագահական հրովարտակով, Յունիսի երրորդ շաբաթը «Հայրերու Օր» նշանակած է։ Նախագահ Ռիչըրտ Նիքսընն է, սակայն, որ 1972-ին, վերջնական օրէնքի վերածած է Ճոնսընի յայտարարութիւնը։ Աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ կը տօնուի «Հայրերու Օր»ը տարուան զանազան ամիսներուն, բայց ամէնէն շատ՝ Յունիսին։

Յունիս 18-ի երեկոյեան, Սան Ֆերնանտօ Հովիտի Հ.Բ.Ը. Միութեան Վեթերաններու վարչութիւնը կազմակերպած էր հաւաքոյթ-խրախճանք մը՝ «Հայրերու Օր»ուան նուիրուած, Նազարեան Համալիրին մէջ։

Սեղանները տպաւորիչ ճաշակով զարդարուած էին Տիկ. Աստղիկ Տատուրեանի կողմէ։ Բեմի ձախ ծայրին՝ Խրիմեան Հայրիկի մեծկակ գծանկարն էր, գործ արուեստագէտ Պրն. Վահէ Տատուրեանի, որ նոյնպէս պատրաստած էր «Հայրերու Օր»ը՝ թռչնագիր խոշոր ու երփներանգ տառերով։

Հանդիսավար Տիկ. Ա. Տատուրեան, բարեգալուստի իր խօսքերուն մէջ, ի մէջ այլոց յիշատակեց անցեալ Ապրիլի սկիզբը՝ 2-5 Արցախի սահմաններուն ինքնապաշտպանութեան ընթացքին զոհուած հայրերը, որոնք որդեգրած էին Խրիմեան Հայրիկի երկաթեայ շերեփի պատգամը։ Ապա, վարչութեան փոխ-ատենապետ Պրն. Անդրանիկ Գարակէօզեան, հակիրճ կերպով անդրադառնալէ ետք Բարեգործականի Վեթերաններու վարչութեան գործունէութեանց, ներկայացուց օրուան «պատուոյ հայր»ը՝ Պրն. Վարդան Նազիրեանը, որ ծանօթ էր տեղւոյս գաղութին, մանկութենէն սկսեալ Բարեգործականի իր պատկանելիութեամբ եւ ազգային-հասարակական իր գործունէութեամբ։

Ապա, Վեթերաններու վարչութեան ատենապետ Պրն. Օննիկ Համալեան ու Պրն. Անդրանիկ Գարակէօզեան, յատուկ պատրաստուած գեղեցիկ յուշանուէրով մը պատուեցին Պրն. Նազիրեանը, որ իր կարգին, յաւուր պատշաճի շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած պատիւին համար։ Ապա կատարուեցաւ հատումը տպաւորիչ կարկանդակին, որ պատրաստուած էր ու նուիրուած Vrej Pastry-ին կողմէ։

Մինչ ժողովրդական երգիչ Զաւէն, օրուան պատշաճ հայկական եւ եւրոպական եղանակներով, ու կիթառի վրայ մեներգներով կը խանդավառէր ներկաները, ասոնք հրաւիրուեցան օգտուելու Caterer Salpi-ի ճոխ ու համադամ ճաշասեղանէն։

Հանդիսութեան մթնոլորտէն խանդավառուած կատարուեցան տասնեակ մը սրտաբուխ նուիրատուութիւններ։ Խրախճանք-հաւաքոյթի շէն մթնոլորտը մղեց զոյգերը դէպի պարահարթակ։ Հաճելի անակնկալ էր զուգադիպութիւնը Տէր եւ Տիկ. Օննիկ եւ Սօսի Համալեաններու ամուսնութեան յիսնամեակին, որ ողջունուեցաւ կարկանդակի մոմավառութեամբ, շրջապատուած անոնց երկու զաւակներուն ընտանիքներով։ Ապա, տեղի ունեցաւ վիճակահանութեան վիճակաձգութիւնը։

Շնորհակալութիւն օրուան նուիրատուներուն, ու վարձքը կատար վարչական անդամներուն եւ օժանդակ յանձնախումբի տիկիններուն։

 

Թղթակից

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ