Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը շնորհակալական այցելութիւն մը տուաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Ընկերներ Սեւակ Յակոբեան եւ Վարդան Ուզունեան, այցելութիւն մը տուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին, պաշտօնապէս շնորհակալութիւն յայտնելու Վեհափառին, վերջերս Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ՌԱԿ 27-րդ Պատգամաւորական Ժողովին իր յղած Օրհնութեան Գիրին համար:

Այցելութիւնը առիթ մըն էր Վեհափառ հօր հետ արծարծելու Հայ ազգն ու Կուսակցութիւնս յուզող հարցեր:

Վեհափառը շնորհաւորելով ՌԱԿ Կեդրոնական նորընտիր վարչութիւնը, վերահաստատեց իր կեցուածքը՝ Սփիւռքեան Հայ Երեք քաղաքական կուսակցութիւններու գոյութեան կարեւորութեան վերաբերեալ, որ եկեղեցիին կողքին անզուգական դեր ունեցած են սփիւռքահայութեան կեանքի կազմակերպման աշխատանքին մէջ:

Վեհափառը շեշտը դրաւ կուսակցութիւններու միջեւ համերաշխ գործունէութեան կարեւորութեան վրայ, յօգուտ Հայ ժողովուրդի բարօրութեան եւ Հայ Դատի հետապնդման:

Վեհափառը տեղեկութիւններ տուաւ Սիսի Կաթողիկոսութեան կալուածները վերադարձնելու համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բացած դատին նորութիւններուն առընչութեամբ:

Ընկեր Սեւակ Յակոբեան, Արամ Ա. Վեհափառին փոխանցեց ՌԱԿ-ի վճռակամութիւնը՝ մէկ կողմ դնելու անցեալի վերաբերող ամէն բարդոյթ եւ լաւագոյն յարաբերութեան մէջ ըլլալու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հետ, շեշտելով, որ «եկեղեցական տագնապը» այլեւս պատմութեան կը պատկանի, ի տես Հայ ժողովուրդի հոգեւոր եւ մշակութային հարստութիւնները համարուող երկու կաթողիկոսութիւններու գահակալներուն եղբայրական գործակցութեան:

Իր կարգին, ընկեր Վարդան Ուզունեան Վեհափառ հօր յանձնեց ՌԱԿ 27-րդ Պատգամաւորական ժողովին անունով յատուկ յուշանուէրը:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ