Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Բրիտանիոյ պատմական բաժանումէն ետք.Վաչէ Սեմերճեան

Բրիտանիա Միացեալ Եւրոպայի ճաշակը առնելէ, քառասունհինգ տարի եւրոպական կաշկանդումները վայելելէ ետք, յաջողեցաւ ազատագրել ինքգինք Պրիւքսէլի ենթակայութեան ծանր լուծէն։ Գէթ այսպէս կ՛որակեն «Միութեան» հակառակորդները…։

 Եւրոպայէն բաժանումը պետական ծրագրումէն աւելի, ժողովրդային ընդվզումի անմիջական արդիւնք էր, տրուած ըլլալով որ Սկովտիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի քուէարկողները մինչ կը մերժէին բաժնուիլ Եւրոպայէն, Անգլիոյ եւ Ուէյլզի բնակչութեան զգալի մասը արտայայտեց իր զզուանքն ու ազատ, անջատուած ապրելու ցանկութիւնը։ Անմիջապէս պէտք է յայտնել, որ Անգլիոյ բնակչութեան ժխտական կեցուածքին հիմնական պատճառը տասնամեակներէ ի վեր քննարկուող եւ չլուծուող գաղթականութեան հարցն է։ Գաղթականներ, որոնք ազատ մուտքի իրաւունքը չարաշահած՝ կու գային հարաւային Եւրոպայէն, Եուկոսլաւիայէն, Փորթուկալէն, Թուրքիայէն։ Անգլիացին իր քաղաքին, գիւղին կամ թաղամասին մէջ ուզած էր իր անցեալին, նախապաշարումներուն, յիշատակներուն հետ ապրիլ՝ անվրդով, հանգիստ։ Անոր կեանքը խանգարուած էր Եւրոպական Միութեան օրէնքին, օտար աշխատողներու ազատ երթեւեկին, եկամուտներու անհաւասարութեան եւ ընկերային ու տնտեսական տարբեր պատճառներով։ Ընդվզումը, որ յառաջացած էր, ուղղուած էր Լոնտոնի կառավարութեան անկարողութեան եւ կեանքը հաւասարակշիռ պահելու անճրկութեան դէմ։

Բրիտանացի քաղաքացիներու մեծամասնութեան աննախադէպ որոշումը, Հինգշաբթի, Յունիս 23-ին՝ Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու, թէ՛ երկրէն ներս եւ թէ՛ Միութեան տարածքին, յառաջացուց ցնցիչ վիճակ մը տնտեսական կառոյցները խախտելով, առաջնորդեց վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնը՝ հրաժարելու եւ նոյնիսկ խնդրոյ առարկայ դարձնելով ներքին կառոյցը՝ Բրիտանական Միութեան։

«Մեկնում»ը իրագործած զանգուածը բաժանումը պատմական յաղթանակը կը նկատէ Բրիտանական ժողովրդապետութեան ընդդէմ Եւրոպական Միութեան դիւանակալութեան այլանդակութեան դէմ։ Լոնտոնի պահպանողական նախկին քաղաքապետ Պորիս Ճոնսըն, որ գլխաւորած էր «Մեկնում»ի ժողովրդային շարժումը, յայտնեց, թէ «Բրիտանացի ժողովուրդը վերականգնեց  բրիտանական ժողովրդավարութիւնը», իսկ Անկախութիւն կուսակցութեան պարագլուխ Նիկել Ֆարաժ յայտարարեց. «Անկախութեան արշալոյսը կը ծագի Միացեալ Թագաւորութեան վրայ…»։

Բաժանումին դէմ պայքարողները, որ քուէարկողներուն 48 տոկոսը կը կազմեն, եւ 2 միլիոն եւրոպացի քաղաքացիները, որոնք չէին կրնար քուէարկել, «Մեկնումը» կը նկատեն տխրութիւն, զայրոյթ, խուճապ յառաջացնող երեւոյթ։ Ողբերգութիւն մը՝ Բրիտանիոյ համար։

Պատմական քուէարկութեան մօտաւոր արդիւնքը՝ 52 առ հարիւր «Մեկնումի» ի նպաստ էր, իսկ 48 տոկոսը՝ «Մնալու»։ «Մնալու» ազդակին ի նպաստ քուէարկողներուն շարքին են սկովտիացիներու եւ հիւսիսային իրլանտացիներու մեծամասնութիւնը, որոնց համար եւրոպական կապուածութիւնը տնտեսական եւ կիսանկախ գործառնութեան ու մտածողութեան առիթներ կը ստեղծէր։ Ուրեմն, վերադարձ մը կէս դար առաջուան վիճակին եւ Լոնտոնէն կախուածութեան իրականութեան՝ անընդունելի կը թուին այլեւս։ Այս բաժանումին կրնայ յաջորդել երկրորդ բաժանում մը. ներքին ահաւոր բաժանումի մը շարժումը կրնայ կեանք առնել։ Սկովտիան ու Հիւսիսային Իրլանտան ամբողջական անկախացումի ընթացքը որդեգրելու պատրաստ են։ Արդէն, հազիւ քուէահամարը աւարտած՝ հիւսիսէն տարածուիլ սկսաւ Անգլիայէն բաժանումի ըսի-ըսաւները։ Սկովտիոյ Առաջին Նախարարը, Նիքոլա Սթըրճըն յայտնեց, թէ «Սկովտիան քուէարկեց Եւրոպայի մէջ մնալ», հասկցնելով որ Միացեալ Թագաւորութենէն անջատուելով անկախանալ փորձող Սկովտիան հանրաքուէի պատրաստ է։ Իսկ Հիւսիսային Իրլանտան անկախանալէ աւելի, Իրլանտայի հանրապետութեան հետ հասարակաց սահմանը ջնջելով, սրբագրած կ՛ըլլայ 95 տարիներու անջատ իր գոյութիւնն ու Բրիտանիային կապուածութիւնը։

Վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնի քաղաքական ապագան խնդրոյ առարկայ կը դառնայ այս բաժանումէն ետք։ «Միութեան» ջատագով մը, վարչապետը ակամայ գլխաւորեց բաժանումի առաջնորդող շարժումը։ Հոկտեմբերին վստահաբար պիտի հրաժարի ան, եթէ ոչ՝ աւելի կանուխ։ Անմիջապէս որ յայտարարուեցաւ քուէարկութեան արդիւնքը՝ տարաձայնուեցաւ Լոնտոնի նախկին քաղաքապետ Պորիս Ճոնսընի վարչապետութեան կարելիութիւնը։ Այդ վարկածն ալ անիմաստ դառնալէն ետք, արդարադատութեան քարտուղար Մայքըլ Կով կը դառնայ զօրաւոր թեկնածու մը վարչապետի աթոռին, որու ձգտողներուն շարքին են նաեւ ներքին գործերու քարտուղար Թերեզա Մէյ, եւ երեք ուրիշ քարտուղարներ։ Վարչապետութեան հարցը պիտի յստականայ Սեպտեմբեր 9-ի յայտարարութեամբ։

 

***

Եւրոպայէն հեռացումը, որուն Brexit բառակերտումը ստեղծուեցաւ, տնտեսապէս օգտակար եւ նոյն ատեն վնասակար կրնայ ըլլալ Բրիտանիոյ, Միացեալ Նահանգներուն եւ մնացեալ Եւրոպային համար։ Բրիտանիոյ ներկայութիւնը միջազգային գաղտնի սպասարկութիւններուն մէջ եւս պիտի ազդուի այս բաժանումին հետեւանքով։

 

1. Տեղեկատուութեանց բաշխում

 

Բրիտանիան գործակիցն էր Հինգ Աչքեր կոչուող տեղեկատուութեան բաշխումի անկախ ընկերակցութեան՝ Միացեալ Նահանգներու, Աւստրալիոյ, Քանատայի եւ Նոր Զելանտայի անգլիախօս երկիրներու կողքին։ Համաշխարհային այս տարօրինակ, անպաշտօն կազմակերպութիւնը թափանցած է աշխարհի լրատուական բոլոր ցանցերէն ներս եւ տեղեկատուութիւններու ներքին բաշխումը անթերի կը գործէր։ Աւանդականօրէն Բրիտանիան եւ Միացեալ Նահանգները իրարու վստահող երկու գերհզօր ուժերն են այս մարզէն ներս։ Եւրոպական Միութիւնը ատենէ մը ի վեր կը քաջալերէր տեղեկատուութեանց արդար բաշխում մը եւրոպական 28 անդամ պետութիւններուն միջեւ, յաճախ վտանգելով ապահովութիւնն ու գործողութիւնները։ Ըստ Սի.Այ.Էյ.ի Ընդհանուր Տնօրէն Մայքըլ Հէյտընի, «Եւրոպական գործակալութիւններուն յաճախակի շեղումները պատճառ կը դառնան անդամ տէրութեանց բնակիչներուն անապահովութեան. որոշ չափով մը, Պրիւքսէլ որպէս եւրոպական կեդրոն կը հետապնդէ այս գործողութիւնները, ի վնաս ընդհանուր ապահովութեան»։ Եթէ Բրիտանիան յաւելեալ ճնշումով մը աւելի մխրճուէր եւրոպական ապահովութեան հարցերուն մէջ, Միացեալ Նահանգները մտահոգութեամբ պիտի մօտենար աշխարհի ապահովութեան հարցերուն։ Նոր իրականութեան մէջ, երկու աւանդական բարեկամները կրնան խորացնել իրենց գործակցութիւնը՝ տեղեկութիւններու փոխանցումներու մարզէն ներս։

 

2. Պաշտպանութիւն

 

Յաւելեալ ճնշում մը նկատելի էր Պրիւքսէլի կողմէ՝ յառաջացնելու զինական լայն գործակցութիւն մը։ Ամերիկեան կողմը բոլորովին տարբեր ուղղութեան կը ձգտի, մանաւանդ երբ ներքին դժուարութիւն մը սկսած էր յառաջանալ ՆԱԹՕ-ի անդամներուն մօտ։ Վերջերս, զինակցութիւնը հերթական ռազմափորձեր կատարեց Լեհաստանի եւ Պալթեան երկիրներու գործակցութեամբ, վստահեցնելու համար անդամները, որ ՆԱԹՕ-ն լրջօրէն կը մտահոգուի Ռուսաստանի կողմէ ստեղծուած հարցերով։ Գերմանիոյ արտաքին նախարարը առարկեց, ՆԱԹՕ-ն ամբաստանելով որպէս ռազմամոլ, նոյն ատեն ցոյց տալով միասնակամ ճակատի խախտում մը։ Ի՞նչ կրնար պատահիլ, եթէ ՆԱԹՕ-ն իր յատուկ բանակը ունենար։ ՆԱԹՕ-ի ռազմափորձերը պիտի արտօնուէի՞ն։ Պրեքսիթին շնորհիւ, Միացեալ Նահանգներու շրջանակները գէթ ապահով պիտի զգան Բրիտանիոյ հետ ռազմական վստահելի գործակցութեամբ։

 

3. Առեւտուր եւ տնտեսութիւն

 

Քուէարկութեան նախօրէին, նախագահ Օպամա բրիտանական խումբի մը կը յայտնէր, թէ Պրեքսիթին ի նպաստ քուէն, Բրիտանիոյ պիտի շնորհէր առեւտրական նպաստաւոր համաձայնագիր մը Միացեալ Նահանգներուն հետ։ Ուաշինկթըն երկար պիտի չսպասէ աշխարհի հինգերորդ մեծագոյն տնտեսութեան հետ, այսինքն՝ Բրիտանիոյ հետ, առեւտրական նոր դաշինք մը ստորագրելու։

 

4. Աշխարհաքաղաքական կարելիութիւններ

 

Միացեալ Նահանգներ-Բրիտանիա աշխոյժ գործակցութիւնը նոր կարելիութիւններ կը ստեղծէ անգլիախօս աւանդական պետութիւններուն՝ հինգ մեծերուն, առաւել՝ Հնդկաստանի համար, դիւրացնելով առեւտրական ցանցերու, ռազմագիտական ընկերակցութիւններու եւ նոյն մտածողութեան ծառայող պետութիւններու գործակցութիւնը՝ ընդդէմ, օրինակ՝ չինական ազդեցութեան տարածումին։

 

5. Ահազանգ մը՝ Եւրոմիութեան

 

Բրիտանական անջատումը կը կարծուի որ ահազանգ մը կրնայ դառնալ Եւրոպական Միութեան մնացեալ 27 անդամներուն համար, վերականգնելու Միութեան հին, աւանդական, նախա-70-ական թուականներու նպատակները, այսինքն՝ բոլորին նպաստաւոր առեւտրական կապերը, փոխանակ քաղաքական անհարկի կաշկանդումներ ստեղծելով՝ բարդացնելու անդամներու յարաբերութիւնները։ Պրեքսիթը յստակօրէն ցոյց տուաւ, որ ներկայ իրավիճակին մէջ, Միութիւնը անժողովրդական դառնալ սկսած է քիչ մը ամէն երկրի մէջ։

Բրիտանիոյ այս անջատումը ահազանգ մըն է, թէկուզ մէկ երկրի բաժանումով, որ Եւրոպա դառնայ տնտեսապէս աւելի ճկուն եւ քաղաքականօրէն աւելի յարաշարժ ու պատշաճող։ Ժամանակի կը կարօտի յայտնագործելու համար այս բաժանումին իսկական պատճառները:

Վաչէ Սեմերճեան 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ