Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Մաշտոց Քոլէճի աւարտական հանդիսութիւնը

 

Մաշտոց Քոլէճի աւարտական հանդիսութիւնը

 

 

 

 

 

 

 

 

Ազգային հպարտութեան եւ երախտագիտական զգացումներու օր մըն էր, երբ շրջանաւարտներ եւ ծնողներ հաւաքուած էին տօնակատարելու համար Մաշտոց Քոլէճի 24-րդ տարուայ հունձքի յաջողութիւնը:

         Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Յունիս 26, յետ միջօրէին Կլենտէյլի Phonecia ճաշարանի սրահին մէջ: Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգ-ներու ունկնդրութեամբ եւ ապա Տէրունական աղօթքով ձեռնարկը սկսաւ:

         Խանդավառ մթնոլորտի մէջ գործադրուեցաւ ճոխ յայտագիր մը, որու ընթացքին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Քոլէճի նախագահ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան. շնորհաւորելէ ետք շրջանաւարտներն ու անոնց հարազատները ան յորդորեց շրջա-նաւարտներուն բաժնեկցելով անոնց հետ չորս կարեւոր սկզբունքներ:

Ա.- Հաւատարիմ մնալ մեր հայ ընտանեկան սրբութիւններուն եւ աւանդութիւններուն:

Բ.- Անաղարտ պահել մեր մայրենի լեզուն, հպարտ զգալ մեր դարաւոր մշակոյթով եւ պամտութիւնով ու զանոնք ներմուծելով իրենց եւ իրենց զաւակներուն ամէնօրեայ կեանքին ընթացքին:

Գ.- Հպարտ զգալ հայրենիքով, սատարել անոր վերելքին եւ հեռու մնալ փնովելէ:

Դ.- Պանծացնել մեր հոգեւոր արժէքները, որպէս ժառանգորդները առաջին քրիստոն-եայ ազգին սիրելով զԱստուած, եկեղեցի յաճախելով, Աստուածաշունչ կարդալով եւ աղօթելով:

         Ապա բեմ բարձրացան 48 շրջանաւարտ մանկավարժութեան բաժանմունքէն ստանալու համար իրենց վկայականները ձեռամբ Քոլէճի նախագահի եւ հոգաբար-ձութեան ատենապետ Տոքթ. Վարուժան Կապուչեանի:

         Շրջանաւարտներու անունով խօսք առաւ Լիլիթ Ուլեան: Ան բարձր գնահատեց Քոլէճի որակաւոր ուսման մակարդակը, դասախօսական կազմի նուիրումը եւ Քոլէճի մէջ ոչ միայն ուսում ստանալու, այլ նաեւ ազգային կառոյցներու մասնակցութիւն բերելու պատրաստութիւնը: Ան շնորհաւորեց Քոլէճի նախագահին 40-ամեայ ծառայութիւնը վարչագիտական մարզէն ներս:

         «Տարուան Մայրը» պատիւին արժանացաւ Մաշտոց Քոլէճի Տիկնանց միութեան անդամուհիներէն Տիկ. Իրմա Ագրեան: Երեկոն խանդավառեց յայտնի երգիչ Խաչիկ Զէնեանը:

         Այսպիսով, շրջանաւարտները միացան Մաշտոց Քոլէճի շրջանաւարտներու միութեան: Առ ի գիտութիւն, Մաշտոց Քոլէճը ցարդ տուած է 6547 շրջանաւարտ, տարբեր մասնագիտութեանց մէջ: Հաստատելով նոր մրցանիշ մը, ըսենք, որ Քոլէճի շրջանաւարտներուն 97 տոկոսը աշխատանքով ապահովուած են:

         Այս տարեշրջանին Քալիֆորնիայի համալսարաններու ճանաչում շնորհող մարմինը յատուկ հաղորդագրութիւնով մը առանձնացուց Մաշտոց Քոլէճը որպէս հայագիտութեան եւ մանկավարժութեան գերազանց հաստատութիւն մը:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ