Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

ԹՈՒՄՕ-ի Յղացքը.Փանոս Թիթիզեան

 ԹՈՒՄՕ Կեդրոնը վեց յարկանի հսկայ կառոյց մըն է Երեւանի Թումանեան Այգիի գեղատեսիլ տարածքին մէջ: Իր հիմնադրութենէն քիչ ժամանակ ետք, ան կեդրոնական ուշադրութեան եւ գնահատութեան առարկան դարձաւ բովանդակ Հայաստանի մէջ:

Մօտէն ճանչնանք զայն:

Բացայայտ իրողութիւն է, որ ազգի մը յաջողութիւնը կամ ձախողութիւնը ուղղակիօրէն կախեալ է անոր ձեռք բերած նորարարութենէն (innovation) եւ բարգաւաճումէն:

Հարց է թէ, իրապաշտօրէն խօսելով, ի՞նչ կարելի է ակնկալել Հայաստանի նման փոքր, բնական հարստութենէ զուրկ եւ յարաբերաբար դեռ նոր իր անկախութեան տիրացած ու անցումի շրջան մը բոլորող երկրէ մը: Նման պայմաններու տակ գտնուող երկրէ մը ի՞նչ աստիճանի յաջողութիւն կարելի է տրամաբանօրէն ակնկալել:

Նման հարցադրումի մը պատասխանը պէտք է փնտռել ԹՈՒՄՕ Կեդրոնին 6000 քառ. ոտք տարածութեամբ կառոյցէն ներս:

Ի՞նչ ըսել կ’ուզենք: Այժմ նայեցէք թէ որ աստիճանի ԹՈՒՄՕ Կեդրոնի յաջողութիւնները միջազգային ուշադրութեան եւ գնահատանքի առարկայ դարձած են:

Արդարեւ, վերջերս ֆրանսատառ «We Demain – Une Revue Pour Changer D’Epoque»  (http://www.wedemain.fr/) նորարական իրագործումներու նուիրուած հանդէսը, որուն թղթակիցը տարի մը առաջ այցելած էր կեդրոնը, իր դասաւորման մէջ առաջին դիրքի վրայ կը զետեղէ ԹՈՒՄՕ-Ն, ստեղծագործական ճարտարագիտութեան մարզին մէջ, համեմատելով զայն միջազգային նմանօրինակ այլ դպրոց­ներու հետ, ինչպիսին են Սիլիքոն Վէլիի Այլընտրանք Դպրոցը, (AltSchool of Silicon Valley), (https://­www.altschool.com/about#about-us) Թոքիոյի Ֆուճի Մանկապարտէզը, (Fuji Kindergarten) (http://ideas.ted.­com/inside-the-worlds-best-kindergarten/) եւ Սթիվ Ճապզ Դպրոցներու ցանցը (Steve Jobs School) (https://­www.theguardian.com/teachernetwork/teacher-blog/2014/oct/07/text-books-school-ipad steve-jobsclassrooms): Վերոյիշեալ գնահատանքը բնականաբար պատիւ կը բերէ մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին, նուազագոյնը ըսած ըլլալով:

Մարդկային որեւէ մեծ իրագործումի ետին պէտք է փնտռել մեծ ղեկավար կամ առաջնորդ մը: Այդ մէկը, այս պարագային Սէմ Սիմոնեանը, ՀԲԸ Միութեան փոխ-նախագահն է, անմիջական գործակից ունենալով իր շնորհալի տիկինը՝ Սիլվա Սիմոնեանը: Անոնք էին, որ իրենց առատաձեռն ու մեծղի գումարներով մէջտեղ բերին ԹՈՒՄՕ-ի կերպարը, բոլորովին անվճար եւ անխտիր արդիական ուսում եւ դաստիարակութիւն ջամբելու համար Հայաստանի 12-18 տարեկան պատանիներուն եւ երիտասարդներուն:

Ահա կերպը, երկիր մը ճիշդ ուղղութեամբ շարժելու դէպի վերելք եւ յառաջդիմութիւն:

ԹՈՒՄՕ-Ն ճշգրիտ կերպով բնութագրելու համար կը խորհինք, թէ նախ պէտք է ըսենք թէ ան ինչ չէ:

ԹՈՒՄՕ-Ն աւանդական դպրոց մը չէ: Ան չի ծառայեր պարզապէս անոնց, որոնք ի վիճակի են դպրոցական ծախսերը հոգալու: Ան դաստիարակութեան գործը պատանիներու համար, չի վստահիր դասական գործելակերպի: Ուսուցողական աւանդական մեթոտներ եւ գործելակերպեր չ’որդեգրեր ԹՈՒՄՕ-Ն: Այս կերպով չի մօտենար նոր սերունդին ամենաարդիական դաստիարակութիւն տալու գործին: Մէկ խօսքով, կարելի է ԹՈՒՄՕ-Ն որեւէ ձեւով բնութագրել,  ի բաց առեալ “education as usual” որակումէն:

ԹՈՒՄՕ-Ն մեծ տեսիլքի մը (vision) արդիւնքն է: Աւելի ճիշդ բնութագրելու համար զայն աւելցնենք նաեւ «ԹՈՒՄՕ-Ն գործի վերածուած ապրող տեսիլք մըն է» (vision in action): Բնականաբար լաւագոյնս պիտի ըլլար խօսքը նոյն ինքն Սէմ Սիմոնեանին տալ: Ահա թէ ինչ կ’ըսէ Սէմ Սիմոնեան.

«Թումո Կեդրոնը ստեղծագործ ճարտարագիտութեան մարզի մէջ անվճար ծրագիր մըն է: Ծրագիր մը, որ հազարաւոր պատանիներու առիթ կ’ընծայէ ճարտարագիտական նորագոյն զարգացումներուն ծանօթանալու եւ հմտութիւն ձեռք բերելու:

Մասնակցող պատանիները եւ երիտասարդները իրենց սեփական ուղղութիւնը կ’ընտրեն եւ կը ծանօթանան ծրագիրներու, որոնք զիրենք ատակ կը դարձնեն մրցակցելու համաշխարհայնական մակարդակի վրայ:

Մենք կը ջանանք երիտասարդ սերունդին տալ մշակուած կարողութիւններ (skills) եւ ինքնավստահութիւն, որպէսզի մէկ կողմէն, անոնք կարենան իրենց կարողութեան առաւելագոյն աստիճանին հասնիլ, միւս կողմէ նաեւ ընդարձակել իրենց համաշխարհային տեսադաշտը:

Մենք կը ջանանք մեր նոր սերունդը զօրացնել, որպէսզի ան կարենայ, ազատ մտածողութեամբ, գործունեայ դեր վերցնել ընկերային հաւաքական կեանքի մէջ: Մեր տեսիլքը այն է, որ իւրաքանչիւր պատանիի բարձրագոյն ուսում եւ դաստիարակութիւն տանք, որպէսզի անոնք ի վիճակի ըլլան նուազեցնելու արտագաղթը եւ կարենան ընկերային, մարդկային զօրեղ հիմեր զարգացնել:

Ձեռներէցութիւն, ճարտարարուեստ եւ անկախ  մասնագիտութիւն, այսօրուան ուղղութիւններն են: Իբր ազգ մենք լաւագոյն աւանդութիւնները ունինք այդ ուղղութիւններով: Նոյն ձեռներէցութեան հասկացողութեամբ պէտք է մօտենանք կրթութեան եւ անոր փոխուող իրականութիւններուն»:

Պարզ, շօշափելի, հեռահաս եւ լուսամիտ խօսքեր, միաժամանակ հայրենական վերելքի ամէնէն իմաստուն ճամբան ցոյց տուող, որոնք ոչ մէկ յաւելեալ ակնարկութեան տեղ կը թողուն:

ԹՈՒՄՕ Կեդրոնին վերաբերեալ աւելի լայն տեղեկութիւն տալու համար աւելցնենք հետեւեալը: ԹՈՒՄՕ-Ն, ինչպէս մանրամասնուեցաւ, ձրի, անվճար արտադպրոցական ծրագիր մըն է, որ 21-րդ դարու նորգոյն ճարտարագիտական մեթոտներով, կը ջանայ իւրաքանչիւր պատանիի մէջ պեղել, զարգացնել ու խորացնել բնատուր կարողութիւնները, արուեստի եւ գիտական մարզերու մէջ: Ծրագիրը թէեւ արտադպրոցական, սակայն դպրոց մըն է ինքնին, միշտ բաց, ճկուն եւ իւրայատուկ ժամանակացոյցով: Հոս կ’ուսանին աւելի քան 6000 պատանիներ եւ երիտասարդներ 12-18 տարեկան, անհատական կամ խմբային ծրագիրներով: 

Կեդրոնը օժտուած է աւելի քան հինգ հարիւր համակարգիչներով, բազմահարիւր iPad-ներով, եռաչափ (3D) տպագրիչներով, ինչպէս նաեւ նորագոյն եւ ամբողջական ծրագրաշարերով (programs):

Այս բոլորէն զատ ԹՈՒՄՕ Կեդրոնը օժտուած է նաեւ յատուկ աշխատասենեակներով, շարժանկարային եւ լսարանային սրահներով եւ գործիքներով: Այս բոլորը շարունակաբար կը լրացուին նոր եւ վերջնագոյն միջոցառումներով:

Թումո Կեդրոնէն ներս պարբերաբար կը գործադրուին բազմատեսակ ծրագիրներ, ստեղծագործական աշխատանքներու վերաբերեալ եւ այդ նպատակին համար կը հրաւիրուին այդ մարզերու ծանօթ լաւագոյն այցելու մասնագէտներ, կեդրոնէն ներս, կամ լսարանային հեռավար դրութեամբ աշխատանքները յառաջ տանելու համար:

ԹՈՒՄՕ-Ն ունի նաեւ երեք մասնաճիւղեր: Դիլիջան, որ կը հովանաւորուի Համաշխարհային Դրամատան (World Bank) կողմէ, նաեւ Գիւմրիի եւ Ստեփանակերտի մասնաճիւղերը, որոնք կը գործեն ՀԲԸ Միութեան հետ գործակցաբար: Այսպէս, ԹՈՒՄՕ-Ն ունի աւելի քան 10,000 սաներ: Իտէալ նպատակակէտն է այս թիւը բարձրացնել մինչեւ 70,000-ի, հասնելով գիւղական բոլոր շրջաններուն, ներգրաւելով նաեւ այդ հեռաւոր շրջաններու երիտասարդութիւնը:

Հոս պէտք է կարեւորութեամբ շեշտել այն իրողութիւնը, որ նմանօրինակ նորարար այլ նախաձեռնութիւններ եւս, որոնք մեծ վարկ կը վայելեն Հայաստանի թէ արտասահմանի մէջ,  աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալեն Հայաստանի մէջ, որ մրցակցային առաւելութիւն ունի որպէս փոքր երկիր իր սփիւռքով, նաեւ այն իրողութեամբ, որ այսօր այնտեղ գործող գերազանցութեան այդ կեդրոնները կոչուած են կրթելու յաջորդ սերունդը: ԹՈՒՄՕ-Ն, Այբ հիմնարկ դպրոցներու ցանցը, Մայքրոսոֆթ Նորարարական Կեդրոնը, ինչպէս նաեւ Դիլիջանի Միջազգային Քոլէճը, ոչ-դասական մօտեցումով ստեղծուած կրթական միջոցառումներ են, որոնք կը կերտեն գիտելիքներով զինուած, իրենց ուժերուն եւ ապագային հաւատացող սերունդ:

Հոս տեղին է դարձեալ մատնանշել գլխաւորաբար ճարտարագիտական (Technology) մարզի, գործարարական նախաձեռնութիւններ քաջալերող մթնոլորտի բարերար ազդեցութիւնը, պատանիներու եւ երիտասարդներու մօտ տաղանդներու դրսեւորումին, դրական տրամադրութիւններու զարգացման եւ փորձառու արհեստագէտներու հետ գործելու առիթներուն միջոցով:

Սակայն եւ այնպէս անվարան կրնանք ըսել, թէ ԹՈՒՄՕ-Ն հանդիսացած է նախակարապետը երիտասարդ սերունդը դաստիարակելու վեհ գործին մէջ, արդի նորագոյն մեթոտներով ու նորարար եւ ստեղծագործական թէքնոլոճիով: Եւ որպէս այսպիսին, Սէմ եւ Սիլվա Սիմոնեաններու կատարած ազգասիրական եւ հայրենակերտման գործը, մեր նորագոյն պատմութեան մէջ փայլուն էջ մը պիտի գրաւէ:

Աւելցնենք նաեւ այն իրողութիւնը, որ ԹՈՒՄՕ Կեդրոնի շէնքի այլ բաժինները վարձուած են ճարտարագիտական տարբեր մարզերու մէջ նորարար աշխատանքներ առաջ տանող ընկերութիւններու կողմէ, ուրկէ գոյացած հասոյթը կը յատկացուի ԹՈՒՄՕ-ի ընթացիկ ծախսերուն եւ անոր կարելիութիւնները շարունակաբար ժամանակակից պահելու կարիքներուն:

Նոյնպէս կարեւոր է ընդգծել այն իրողութիւնը, թէ ԹՈՒՄՕ-ի ծրագիրներուն մէջ մեծ կարեւորութիւն տրուած է ուսանողներուն համար, շէնքէն ներս թէ շրջապատին մէջ, ստեղծելու առողջ եւ ներշնչող միջավայր: Կեդրոնէն ներս, ճարտարապետական յատուկ կառոյցին շնորհիւ կան ճաշարանային եւ մարզական յարմարութիւններ: Իսկ շէնքէն դուրս, Թումանեան այգիի տարածքին, որու պահպանումը եւ գեղազարդումը նոյնպէս ստանձնած է ԹՈՒՄՕ-Ն, կան լճակներ , ցայտաղբիւրներ, շատրուաններ, ֆութպոլի եւ պասքէթպոլի դաշտեր, որոնք ոչ միայն կը ծառայեն ԹՈՒՄՕ ակումբի անդամներուն, այլ նաեւ հաճելի զբօսավայր կը հանդիսանան հանրութեան համար:

Նախորդող տողերուն մէջ մենք ընդգծեցինք այն, թէ ԹՈՒՄՕ Կեդրոնին վերաբերեալ տրուած գնահատանքին գաղտնիքը հարկ է փնտռել նոյնինքն ԹՈՒՄՕ-ի պատերէն ներս: Աւելի խորապէս բացայայտելու համար այն երեւոյթը, թէ ինչու եւ ինչպէս Հայաստանի նման փոքր երկրի մը մէջ յառաջ կ’երթան ստեղծագործական մարզի լուրջ աշխատանքներ, աւելցնենք հետեւեալը.

Առաջին, Հայաստանի մէջ թէ դուրս, հայը ճանաչում շահած է իր ուշիմութեան բարձր մակարդակով,  յատկապէս բնագիտութեան եւ թուաբանագիտութեան բնագաւառներուն մէջ: Ասիկա կարելի է բնորոշել իբր մեր ժողովուրդի Hardware-ը:

Առաւել, մեր ժողովուրդը ապրած ըլլալով արեւելքի եւ արեւմուտքի մեծ կայսրութիւններու զօրեղ ճնշումներու ազդեցութեանց տակ, իր ինքնուրոյն դիմագիծը կերտելու եւ պահպանելու գոյամարտին իբր զէնք, կառչեր է իր մշակոյթին: Իր ազգային եկեղեցիին, իւրայատուկ լեզուին, արուեստներուն ու ճարտարապետութեան: Սերունդէ սերունդ կուտակեր է մշակոյթ, զտեր ու բիւրեղացուցեր է զայն եւ աւելի ճոխացուցած, փոխանցեր է յաջորդող սերունդներուն: Այս մէկը մեր Software-ը կը հանդիսանայ:

Այսպէս, մեր ընդհանրական բնատուր մտքին եւ մշակոյթին համադրեալ իմաստութեան շաղախը, «սինթեզ»ը  (collective intelligence), կերտեր է մեր ազգային ինքնատիպ կերպարը: Կերպար մը, որ իր գոյութեան գլխաւոր զէնքը նկատեր է ստեղծագործութիւնը, հոգեմտաւոր մշակոյթի զարգացումը:

Եւ Սէմ Սիմոնեան, մեր նորագոյն ժամանակներուն, կը հանդիսանայ այս կերպարի հարազատ եւ ակնառու դրսեւորումներէն մին: Իմացական իր բարձր կարողութեամբ, տեսիլքով եւ ուժեղ հայրենասիրութեամբ:

Վերջապէս հարց կրնայ տրուիլ, թէ ասկէ յետոյ ի՞նչ:

«Ծրագիր Երկուքը» (Plan B),  այն պիտի ըլլայ, թէ ինչպէս ծրագրել ԹՈՒՄՕ-ի սաներու գործուղման յաջորդ հանգրուանը եւ ընկերային ու տնտեսական կեանքի զանազան ասպարէզներէ ներս անոնց ընդգրկումը հայրենիքի մէջ:

Այդ մէկը այլ յօդուածի մը նիւթ է: 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ