Կլէնտէյլ, Քալիֆորնիա – Արձագանգելով Արցախեան քառօրեայ պատերազմէն վնասուած հայ բնակչութեան բժշկական եւ մարդասիրական հրատապ կարիքներուն, վերջերս Կլէնտէյլ Էտվէնթիսթ Բժշկական Կեդրոնն ու Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի ԱՄՆ Արեւմտեան Շրջանը իրենց ուժերը ի մի բերին՝ բժշկական անմիջական խնամքի պիտոյքներ հայրենիք հասցնելու համար։ Այսպէս, Հիմնադրամի խնդրանքին անյապաղ ընդառաջելով, Կլէնտէյլ Էտվէնթիսթի մէջ այս նպատակով գոյացուած բժշական աշխատակազմ մը շուտով հաւաքեց հարկ եղած իրերը եւ փոխանցեց Հայաստան Հիմնադրամին, որ իր կարգին զանոնք մաքսատունէ անցուց, հայրենիք փոխադրեց, եւ բաշխեց ամենէն կարիքաւոր շրջաններուն։
Ճգնաժամային պարագաներու, ներառեալ վիրային ցնցման համար նախատեսուած պիտոյքները պիտի գործածուին՝ փամփշտահար եղած, այրուածք ստացած, կամ պատերազմական գործողութիւններու հետեւանքով կեանքի սպառնացող այլ վնասուածք կրած բնակիչներ պատշաճօրէն խնամելու եւ անոնց վէրքերը կայունացնելու համար։ Առաքուած պիտոյքներու շարքին են հրամայականօրէն անհրաժեշտ իրեր, ինչպէս օրինակ՝ օդով լեցուող դիմապարկեր (bag valve masks)՝ վիրաւորներու շնչառութիւնը վերահաստատելու համար, եւ վիրաբուժական որակի կարային ամրացուցիչներ (stitching staplers)՝ արիւնահոս վէրքերը անմիջապէս գոցելու համար։ Բոլոր պիտոյքները նախատեսուած են թէ՛ հիւանդանոցային եւ թէ՛ արտահիւանդանոցային գործածութեան համար։ Պիտոյքները ստանալով, հայրենի հիւանդանոցներու ու դարմանատուներու բժշկական անձանակազմերը իրենց խոր երախտագիտութիւնը յայտնեցին նուիրատուներուն։
Ասիկա առաջին անգամը չէ, որ Կլէնտէյլ Էտվէնթիսթը կը գործէ Հայաստանի մէջ եւ օժանդակութիւն կը տրամադրէ անոր։ Անցեալ տարի, Հայաստան Հիմնադրամին հետ համագործակցելով, Կլէնտէյլ Էտվէնթիսթը բժշկական բազմաբնոյթ առաքելութիւն մը իրագործեց Նոյեմբերեանի Հիւանդանոցին մէջ։ Այսպէս, Կլէնտէյլ Էտվէնթիսթէն 35 վիրաբոյժներէ, բժիշկներէ եւ այլ բժշկական արհեստավարժներէ բաղկացած աշխատակազմ մը աւելի քան 800 հիւանդ խնամեց եւ 40 վիրաբուժութիւն կատարեց Նոյեմբերեանի Հիւանդանոցէն ներս՝ նուազ քան մէկ շաբթուայ մէջ։ Առաքելութիւնը մաս կը կազմէր Հայաստանին օգնելու եւ մասնաւորաբար սահմանամերձ Տաւուշի մարզի բժշկական սպասարկութիւնները բարելաւելու գծով Կլէնտէյլ Էտվէնթիսթի երկարաժամ յանձնառութեան։
«Սփիւռքահայերու եւ Կլէնտէյլ քաղաքին միջեւ գոյութիւն ունեցող կապը անքակտելի է», յայտնեց Կլէնտէյլ Էտվէնթիսթ Բժշկական Կեդրոնի նախագահ եւ գլխաւոր գործադիր տնօրէն Քէվին Ռապըրթսը. «հետեւաբար երբ այս ողբերգութիւնը՝ Արցախեան քառօրեայ պատերազմը պատահեցաւ, Կլէնտէյլ Էտվէնթիսթը չէր կրնար ձեռնածալ ըլլալ դէմ յանդիման այն իրողութեան, որ Արցախի մէջ մարդիկ կը տառապէին եւ բժշկական պիտոյքներու անյետաձգելի կարիք կար։ Ասիկա նուազագոյնն էր, որ կրնայինք ընել – բացի աղօթելէ, որ իր ուրոյն՝ աստուածային ազդեցութիւնը ունի»։
«Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Կլէնտէյլ Էտվէնթիսթ Բժշկական Կեդրոնին՝ Արցախի հրատապ կարիքները հոգալու նպատակին բերած իր սրտաբուխ սատարին համար», յայտնեց Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի ԱՄՆ Արեւմտեան Շրջանի գործադիր տնօրէն Սարգիս Քոթանջյանը. «երբեմն, պատերազմական վիճակի մէջ լրջօրէն վիրաւորուածներու համար, լոկ վայրկեաններ կը բաժնեն կեանքը մահէն։ Շնորհիւ Կլէնտէյլ Էտվէնթիսթի հայթայթած բժշկական անմիջական օգնութեան յառաջացած պիտոյքներուն, բազմաթիւ կեանքեր պիտի փրկուին»։