Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

«Իսլամական Պետութեան» ոճիրները՝ Ռամատանի ընթացքին.Վաչէ Սեմերճեան

Երկու տարի առաջ, Յունիսին, «Իսլամական Պետութիւն» կոչուող ահաբեկչական միաւորը գրաւեց Իրաքի Մուսուլ քաղաքը։ Քանի մը շաբթուան ընթացքին կազմակերպութեան գրաւած տարածքները կը հասնէին Բրիտանիոյ չափին։ Միացեալ Նահանգներու գործօն օժանդակութեան որպէս արդիւնք, գրաւուած տարածքները զգալապէս փոքրացած են, մանաւանդ օդային յարձակումներէն ետք։ Տարբեր ազգերու ռազմական ուժերու միակցումէն յառաջացած միջազգային բանակը ցարդ յաջողած է գրաւել Թիքրիթը եւ Ռամատին, ինչպէս նաեւ Սուրիա-Թուրքիա սահմանին հարեւան ընդարձակ տարածքներ։ «Խալիֆայութեան» հակառակորդ բանակը, մասնաւորաբար իրաքեան ուժերը՝ օգնութեամբը ամերիկեան օդուժին, Ռաքքայէն 30 մղոն հեռու են։ Բայց, ըմբոստներուն ռազմական ներկայութիւնը Իրաքի եւ Սուրիոյ տարածքին՝ լուրջ մտահոգութիւն յառաջացուցած է երկու մայրաքաղաքներուն մէջ։

«Իսլամական Պետութեան» զինամթերքին մաս կը կազմեն Իրաքի եւ Սուրիոյ բանակի զինուորներէն յափշտակուած, «գնուած» եւ մաքսանենգուած ամերիկեան եւ ռուսական զէնքերու հսկայ պահեստ մը։ Երբ 2014-ին բախումները սկսեր էին, ամերիկեան Սի.Այ.Էյ.ը Իսլամական Բանակին թիւը կը գնահատէր քսանէն երեսուն հազար մարտիկներ. հակառակ բուռն բախումներուն, Իսլամական Բանակին մասնակիցներուն թիւը կը մնայ 25 հազարի շուրջ, մանաւանդ արտասահմանէն «ներածուած» մարտիկները նկատի առնելով։ Վերջինները անվստահելի տարրն են Բանակին։ Վստահելիներու շարքին են Իրաքի կամ Սուրիոյ բանակէն փախուստ տուածները եւ Չեչենիայէն ու Կովկասէն հասնող տարբեր ազգութիւններու պատկանող կամաւորները։

 

***

Իրաքի եւ Սուրիոյ ճակատին քայքայուած վիճակէն օգտուող Իսլամական Բանակին գործողութեան կողքին, միջազգային դիտորդներուն ուշադրութիւնը կը գրաւէ յաճախակի եւ գրեթէ կանոնաւորաբար կրկնուող ահաբեկչական արարքները, որոնցմէ մէկը՝ Պաղտատի մէջ Յուլիս 3-ին, Կիրակի օր պատահածն էր։ Մայրաքաղաքին երեք տարբեր վայրերուն մէջ կատարուած ռմբահարումներուն զոհերուն թիւը կը տարուբերի 160-ի եւ 250-ի միջեւ։ Միայն Յունիսի ընթացքին տեղի ունեցած ռմբահարումներու զոհերուն թիւը հաւաքաբար կ՛անցնի 350-ի սահմանը։ Տրուած թիւերը՝ միջազգային գործակալութիւններուն կողմէ՝ մօտաւոր թիւեր են, տրուած ըլլալով Տաքքայի, Իսթանպուլի կամ արեւելքի քաղաքներուն ոստիկանական ուժերու անկարողութիւնը՝ ճշգրիտ թիւեր հայթայթելու մէջ։

«Իսլամական Պետութեան» վերջին ոճիրներէն մէկը գործուեցաւ Երկուշաբթի, Յուլիս 4-ին, Սէուտական Արաբիոյ Մետինա քաղաքին՝ իսլամ կրօնքին սրբագոյն քաղաքներէն մէկուն մէջ, եւ սրբագոյն տօներէն մէկուն՝ Ռամատանի ընթացքին։ Ճիշդ է, որ Ռամատանը ապաշխարումի, ժուժկալութեան, ներողամտութեան, աղօթքի ազնուագոյն պահերէն մէկն է իսլամ հաւատացեալին համար, բայց, տարօրինակօրէն աշխարհիկ, ոճրամէտ, արմատական իսլամներու խումբի մեկնաբանութեամբ՝ սրբագոյն տօնը կը վերածուի կողոպուտի, նուաճումի, անսիրտ ոճիրներու ամսուան մը արարքներուն…։

Անշուշտ, չնչին փոքրամասնութեան մը գործած ահաւոր այս ոճիրները սխալ է վերագրել մահմետական ամբողջ աշխարհին. աւելին, գործուած ոճիրներուն մէջ կեդրոնական ծրագրումի մը վարկածը սխալ է եւ կը ձգտի վարկաբեկել ընդհանուր մահմետականութիւնը։

Ռամատանը երբ կը մօտենար, «Իսլամական Պետութեան» բանբեր մը՝ Ապու Մուհամմէտ էլ Ատնանի իր կողմնակիցներուն կը պատգամէր. «Պատրաստուեցէք, զինուեցէք, որ անհաւատներուն համար ամիսը վերածէք աղէտի եւ վիշտի շրջանի մը, մասնաւորաբար Եւրոպայի ու Ամերիկայի կողմնակիցներուն համար…»։ Ահաւասիկ դառնագոյն կոչը, որուն հաւատացող Օմար Մաթին մը 49 միասեռականներ կը սպաննէր Օրլանտոյի մէջ, Յունիս 12-ին։

Յունիս ամիսը վատթարագոյնը հանդիսացաւ իրարու յաջորդող արիւնոտ, անմիտ եւ ցնցիչ ոճիրներով հարուստ։ Վերը յիշուած Օրլանտոյի զանգուածային ոճիրէն ետք, Յունիս 21-ին, Յորդանան-Սուրիա սահմանագլուխին գտնուող կայանին մէջ անձնասպանական ինքնաշարժով սպաննուեցան եօթը զինուորներ, «Իսլամական Պետութեան» անունով։

Նոյն «Պետութեան» անունով գործող խմբակ մը, հարաւային Եմէնի Մուքալլա քաղաքին մէջ, Յունիս 27-ին, 43 ապահովութեան պաշտօնեաներ սպաննեց, ուտեստեղէնի յատուկ սնտուկ մը պայթեցնելով։

Լիբանան-Սուրիա սահմանին մօտ ութ ոճրագործներ հինգ քրիստոնեայ բնակիչներու մահուան պատճառ դարձան, Յունիս 27-ին։

Յունիս 28-ին, երեք զինեալներ Իսթանպուլի միջազգային օդակայանին մէջ սպաննեցին 44 անձեր եւ վիրաւորեցին մօտ 150 ճամբորդներ։ Ոչ ոք ստանձնած է ոճիրին գործողութիւնը, սակայն թրքական աղբիւրներ կը մատնանշեն Իսլամական Պետութիւնը։

Պանկլատէշի Տաքքա մայրաքաղաքին մէջ, Յուլիս 1-ին, 35 պատանդներ ժամերով պահուելէ ետք, սպաննուեցան 20 անձեր՝ «Իսլամական Պետութեան» անունով։

Անձնասպանական խմբակ մը՝ Յուլիս 3-ին, Պաղտատի բանուկ փողոցի մը մէջ ռումբերով լեցուն կառք  մը պայթեցնելով սպաննեց նուազագոյնը՝ 175 անձեր։ «Իսլամ Պետութիւնը» ստանձնեց ոճիրին պատասխանատուութիւնը։

Յուլիս 5-ին, անձնասպանական խմբակ մը Ինտոնեզիոյ Սոլօ քաղաքին մէջ հարուածեց ոստիկանատուն մը՝ դարձեալ «Իսլամական Պետութեան» անունով։ Զոհեր չկան։

 

***

Այս տարուան ընթացքին տարբեր երկիրներու, տարբեր քաղաքներու մէջ կատարուած ռմբահարումները, ոճրափորձերը իսկական սպանդանոցի վերածած են աշխարհի այն մասերը՝ ուր իսլամական ծայրայեղներ անջատաբար կամ հաւաքաբար մահ եւ սարսափ կը տարածեն, երբեմն՝ ընդհանուր ծրագրումի մը առկայութիւնը ցոյց տուող, երբեմն ալ՝ անջատ ոճրափորձերու երեւոյթով։

Վտանգաւոր աշխարհի մը վերածուելու վրայ է միլիոնաւորներու բնակավայրերը։ Իրենց համար տրամաբանական պատճառներով կամ պատրուակներով գործող ոճրային խմբակներու գոյութիւնը, մեր նոր աշխարհին նորութիւններէն մին դառնալու վրայ՛է։ Ա՛յս է վտանգաւոր բնոյթը անթիւ ոճրափորձերուն, անոնք գործուին իսլամի անունով կամ այլապէս։

 

Կլենտէյլ

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ