«Կառավարութիւնը ամէն ինչ ըրաւ ու պիտի ընէ այս խնդրի խաղաղ հանգուցալուծման համար»այսօր այսպէս յայտարարած է ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան: Հայաստանի վարչապետը, որ այս յայտարարութիւնը կատարած է ՀՀ կառավարութեան նիստին ընթացքին նկատել տուած է, որ իրադրութիւնը բաւական մտահոգիչ է: Ըստ Վարչապետին Էրէբունիի ՊՊԾ զօրակայանին վրայ եղած յարձակումը անընդունելի եւ դատապարտելի է, որովետեւ «բռնութեամբ կարելի չէ, ոչ մէկ փոփոխութեան հասնիլ»: Վարչապետը նաեւ ըսած է, որ կառավարութիւնը ամէն ինչ պիտի ընէ խնդրին խաղաղ հանգուցալուծում ապահովելու համար: Յիշեցնենք, որ անցեալ կիրակի օրունընէ ի վեր «Սասնայ ծռեր» անունով ներկայացած խմբակ մը մուտք գործած էր Էրէբունիի ՊՊԾ զօրակայան եւ պատանդ առած հոն գտնուող ոստիկանները: Ներկայիս պատանդի կարգավիճակով զօրակայանին մէջ կը գտնուին 5 ոստիկաններ: