Երեքշաբթի, Ապրիլ 16, 2024

Շաբաթաթերթ

Իրավիճակը մտահոգիչ է.Յովիկ Աբրահամեան

«Կառավարութիւնը  ամէն ինչ ըրաւ ու  պիտի ընէ  այս խնդրի խաղաղ   հանգուցալուծման համար»այսօր այսպէս  յայտարարած է ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան:  Հայաստանի վարչապետը, որ այս յայտարարութիւնը կատարած է    ՀՀ կառավարութեան նիստին ընթացքին նկատել տուած է,  որ  իրադրութիւնը բաւական  մտահոգիչ է:  Ըստ Վարչապետին  Էրէբունիի ՊՊԾ զօրակայանին վրայ եղած յարձակումը    անընդունելի եւ դատապարտելի է, որովետեւ «բռնութեամբ  կարելի չէ, ոչ մէկ  փոփոխութեան  հասնիլ»: Վարչապետը նաեւ ըսած է, որ կառավարութիւնը ամէն ինչ պիտի ընէ   խնդրին խաղաղ  հանգուցալուծում ապահովելու համար:  Յիշեցնենք, որ անցեալ կիրակի օրունընէ ի վեր «Սասնայ ծռեր»  անունով ներկայացած  խմբակ մը      մուտք գործած էր Էրէբունիի ՊՊԾ  զօրակայան եւ պատանդ առած  հոն գտնուող ոստիկանները: Ներկայիս  պատանդի կարգավիճակով  զօրակայանին մէջ կը գտնուին  5  ոստիկաններ:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ