Ֆրանսայի Ազգային Տօնին համատարած հրճուանքը Հինգշաբթի, Յուլիս 14-ի երեկոյեան, Նիս քաղաքին մէջ, վերածուեցաւ ազգային խոր սուգի, երբ ահաբեկչական դատապարտելի ոճիր մը 84 քաղաքացիներու եւ զբօսաշրջիկներու կեանքերը խլեց կարճ պահու մը ընթացքին. պաշտօնական աղբիւրներ յայտնեցին թէ 202 անձեր վիրաւորուած են, իսկ անոնցմէ 25-ը՝ ծանր վիճակի մէջ են։
Ազգային ուրախութեան, արձակուրդի բարձր տրամադրութեան մթնոլորտին մէջ, հարաւի Նիս քաղաքին ծովեզերեայ պողոտայի մը վրայ 31 տարեկան թունուզցի ծագումով Մոհամէտ Լահուայճ Պուհլել բեռնատար իր ինքնաշարժը՝ ճեմող, անհոգ ու զուարճացող ժողովուրդին վրայ քշելով, համարեա հնձեց պողոտան եզերող քաղաքացիները, որքան որ կրնար, մինչեւ որ ոստիկանական ուժեր յաջողեցան տարօրինակ ոճրագործը սպաննել իր իսկ բեռնատար ինքնաշարժին մէջ։
Շատ ուշ էր սակայն. Պասթիյի Օրը զուարճանքէն, քանի մը վայրկեանի մէջ վերածուեր էր համատարած սուգի օրուան։ 24 ժամեր անցնելէ ետք, «Իսլամական Պետութեան» անունով յայտարարութիւն մը անուղղակիօրէն ոճիրը կը վերագրէր ահաբեկչական կազմակերպութեան։ «Իսլամական Պետութեան առանձին զինուորի մը կողմէ գործուած է յարձակումը», կը յայտնէր անիմաստ լրատուութիւնը։ Քննութիւններ առաջ կը տարուին գիտնալու թէ Մոհամէտ Պուհլել որո՞ւ կողմէ քաջալերուած է այս ոճիրը գործելու։ Ֆրանսայի դատախազութիւնը յայտնեց, թէ հինգ անձեր կալանաւորուած են, սակայն նոյն իշխանութիւնը տակաւին չէր գիտեր թէ ձերբակալուածները կապ ունի՞ն Պուհլելի հետ, որու նախկին կինը նոյնիսկ անտեղեակ է ամէն ինչէ։
Յստակ տեղեկութիւններու բացակայութիւնը ակնյայտ է, մանաւանդ որ թունուզցի վարիչը անմիջապէս սպաննուած է։ Ոչ մէկ տեղեկութիւն կայ դրդապատճառին մասին, ոճրագործին անցեալը անորոշ է, բայց յստակ մէկ քննադատութիւն գոյացած է, այն ալ նախագահ Հոլանտին դէմ։ Յաջորդ տարի նախագահական ընտրութիւն պիտի կայանայ Ֆրանսայի մէջ եւ այժմէն արդէն, նախագահին Ընկերվարական Կուսակցութեան ներքին քննադատները մատնացոյց կ՛ընեն Ֆրանսուա Հոլանտի տկարութիւնները։ Ընդդիմադիր Մարի Լը Փէն Շաբաթ օրն իսկ պահանջեց ներքին գործերու նախարար Գազենէօվի հրաժարականը։ Քննադատութիւններ եղան աջակողմեան Ալեն Ճիւփի կողմէ, որ նախագահին դէմ պայքարող մըն է։
Բնական էին ոճիրին յաջորդող կատարուած յարգանքի ելոյթները։ Թուր տը Ֆրանսի հարիւրաւոր հեծելանւորդները Ուրբաթ առաւօտ պահ մը լռութեամբ յարգեցին զոհերուն յիշատակը, իսկ Ուրբաթ գիշեր Էյֆելի Աշտարակը ֆրանսական եռագոյնը հագած էր։ Ֆրանսա երեք օրուան ազգային սուգի մէջն էր շաբաթավերջին։
Զանգուածային այս ոճիրին ժողովուրդին արձագանգը բոլորովին տարբեր էր ազգային միասնութեան ի խնդիր արտայայտութիւններէն, որոնք յայտնուեցան անցեալ տարուան Յունուարին՝ Շարլի Հեփթօ երգիծական շաբաթաթերթին խմբագրութեան վրայ կատարուած յարձակումէն ետք։ Նման դրական եւ ըմբոստ երեւոյթ մը պարզուեր էր նաեւ 2015 Նոյեմբերին, երբ Պաթագլան երաժշտական սրահին մէջ ահաբեկիչներ 130 ֆրանսացիներու կեանքերը խլեր էին։
Յուլիս 14-ի ահաբեկչութենէն ետք, Ֆրանսայի քաղաքացին իրաւունքը ունի ընդվզելու եւ ըսելու, «զզուած եւ անյոյս ենք սպանութիւններէն. զայրացած ենք տկար եւ վատոյժ պաշտպանութենէն, որ իշխանութիւնները ցոյց կու տան. աւելի զօրաւոր ղեկավարներ կը պահանջենք այլեւս…», Նիսի բնակիչ մը կը յայտնէր Հինգշաբթիի ոճիրէն ետք։
Ձախողած բռնահարուածը Թուրքիոյ մէջ
Փոխանակ Թուրքիոյ հզօր նախագահը տապալելու, զինուորական խմբակ մը ձախաւեր բռնահարուածով մը երկիրը ահազանգի մատնեց, Ուրբաթ օր, Յուլիս 15-ին։ Գործողութիւնը 250 անձերու մահուան պատճառ դառնալէն աւելի, զգալիօրէն զօրացուց նախագահ Ռեճէփ Էրտողանի դիրքը պետութեան որպէս նախագահը։ Բռնահարուածը սկսաւ, երբ հրետանիի միաւորներ Անքարայի եւ Իսթանպուլի փողոցներուն մէջ երեւնալ սկսան։ Պայթումներ եւ կրակոցներ կը լսուէին ամէն կողմէ։ Անմիջապէս յայտնի դարձաւ, որ բանակը միացեալ ուժով եւ կամքով չէր ձեռնարկած կառավարութիւնը տապալելու գործին։ Նախագահ Էրտողան իր արձակուրդը կարճ կապելով մայրաքաղաք հասեր էր, ուր անմիջապէս կացութեան տէրը դարձեր էր։
Տասնեակ հազարաւոր բնակիչներ կը տողանցէին մինչեւ Շաբաթ երեկոյ, դրօշակներ շարժելով ու ազգային երգեր երգելով, մինչ կառավարութեան եւ նախագահին հաւատարիմ զինուորականներ ու ոստիկաններ սկսեր էին ըմբոստներու ձերբակալութեանց։ Առաջին ցնցումէն ետք, զինուորականներու, դատաւորներու եւ կասկածելիներու ձերբակալութիւնը սկսած էր. մինչեւ Կիրակի երեկոյ, ձերբակալուածներու թիւը հասած էր 2,400-ի։ Աւելին, անկարելի չէ Թուրքիոյ նման երկրի մը մէջ։
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտնեց, թէ Ուրբաթ օրուան ձախորդ բռնահարուածին հեղինակները «պիտի ստանան իրենց արժանի պատիժները». իսկ կառավարութեան կողմէ յայտնուեցաւ որ ամերիկեան կառավարութենէն պիտի պահանջուի 15 տարիէ ի վեր Ֆիլատելֆիա հաստատուած՝ Ֆեթհուլլա Կիւլէն անունով կրօնականին Թուրքիոյ յանձնումը։ Թուրքիոյ նախագահը յայտնած է, որ Կիւլէն պատրաստած է բռնահարուածը։ Ցարդ, ոչ մէկ պաշտօնական դիմում ստացած է ամերիկեան կառավարութիւնը, իսկ արտաքին գործերու քարտուղար Ճոն Քերրի խուսափողական պատասխան մը տուաւ հեռատեսիլի վրայ կատարուող հարցազրոյցի մը ընթացքին, երբ հարցուեցաւ Կիւլէնի ճակատագիրին մասին։
Ֆեթհուլլա Կիւլէն պարզ կրօնաւոր մը կամ իր պետութեան ընդդիմադիր մը չէ։ Ան ծրագրուած կերպով կրթական հսկայ ցանց մը հաստատած է Միացեալ Նահանգներու եւ եւրոպական կարգ մը երկիրներու մէջ՝ շուրջ հազար վարժարաններով…։ Հետաքրքրական է յայտնել, որ Կիւլենի ամերիկեան կրթարանները՝ մեծ մասը երկրորդական վարժարաններ, charter school-ներ են։
Ատլանտեան Ուխտի զօրաւոր դաշնակից Թուրքիոյ մէջ, հանդարտութիւն կը տիրէր Շաբաթ եւ Կիրակի օր՝ երկու ճակատներուն կողմէ հրետանիի եւ օդանաւային միաւորներու կարճ բախումներէն ետք։ Ինչպէս իր վարչապետը, Էրտողան կրկնեց՝ «Պատասխանատուները ծանր կերպով պիտի վճարեն իրենց դաւաճանութեան համար» սպառնալիքը։
Նախագահ Էրտողանի հակառակորդներուն մեղադրանքը նախագահին, կը վերաբերի Էրտողանի անհատական հեղինակութեան ակնառու զօրացումին, ընդդիմադիրներուն պարտադրուած սպառնալիքներուն եւ թրքական հասարակական կեանքէն ներս իսլամական շեշտուող երանգաւորումին։
Այս ձախորդ բռնահարուածէն ետք, շեշտուած կերպով կրնայ վտանգուիլ մա՛նաւանդ թրքական իւրայատուկ ժողովրդավարութիւնը։
Կլենտէյլ