Անցեալ տարի լրացաւ ռամկավար-ազատական «Արեւի» հարիւրամեակը Գահիրէի մէջ, Եգիպտոս։ Ան կը շարունակէ լոյս տեսնել, ինչպէս որ նախկին հզօր եգիպտահայ գաղութը այսօր թէեւ նօսրացած՝ կը շարունակէ իր գոյութիւնն ու ազգային-միութենական կեանքը։
Դոկտ. Նուպար Պէրպէրեան այն քիչերէն է, որ բախտը ունեցած է ժամանակակիցն ու գործակիցը ըլլալու թերթին կեանք ու արեւ տուող Բանաստեղծութեան Իշխան Վահան Թէքէեանին, որ ոչ միայն խմբագիրն է եղած «Արեւին», այլ նաեւ անոր գոյն ու դիմագիծ տուող մտաւորականը։
Միանալով մեր երէց ընկերոջ բարեմաղթութիւններուն, կը շնորհաւորենք «Արեւի» հարիւրամեակը, մաղթելով խմբագրութեան եւ թերթին այսօրուան պատասխանատուներուն յարատեւութիւն, ապահովելու արեւշատ օրեր բոլորիս սիրելի «Արեւին»։
«Նոր Օր»
«Արեւի» խմբագիրները
Վահան Թէքէեան 1915-1920
Միքայէլ Կիւրճեան 1920-1922
Յովհաննէս Յակոբեան 1922-1927
Վահան Թէքէեան (Բ) 1927-1929
Յովհաննէս Սեքսէնեան 1929
Օննիկ Մահտեսեան (Ա) 1930
Վահան Թէքէեան (Գ) 1931
Յակոբ Փափազեան 1931
Օննիկ Մահտեսեան 1931-1932
Յովհաննէս Պօղոսեան 1932-1938
Վահան Թէքէեան (Դ) 1938-1945
Յակոբ Արամեան 1945-1947
Պետրոս Տեփոյան 1947-1948
Նուպար Պէրպէրեան 1948-1958
Էտմոն Կոտալազեան 1959-1967
Աւետիս Եափուճեան 1967-1990
Յովհաննէս Տէր Պետրոսեան
Ասպետ Արթինեան
Սփիւռքահայութիւնը լաւագոյնս ըմբռնել կարենալու համար, պատմաբաններ, խմբագիրներ եւ լրագրողներ հարկադրուած կը զգան դիմելու իւրաքանչիւր հայ գաղութի մամուլին, որ շտեմարանն է տեղեկութեանց։ Արդ, այդ օգտաշատ աշխատանքը կարելի կը դառնայ եթէ երբեք ի յառաջագունէ զանազանութիւն մը դնենք հզօր եւ նուազ հզօր հայ մամուլ ունեցող այն երկիրներուն մասին, ուր հայեր կ՛ապրին։ Շատ փոքր համայնքներ հասկնալիօրէն կը մնան մամուլէ զուրկ, հետեւաբար դիւրաւ կը մոռցուին։
Հայերս լաւ գիտենք, թէ ինչ-ինչ պայմաններու տակ սփիւռքը կարեւոր տեղ գրաւած է հայրենիքէն դուրս. ինչ որ թերեւս ոմանց ուշադրութենէն վրիպած կրնայ ըլլալ ամէն ժամանակ մամուլին – զոր իրաւամբ չորրորդ իշխանութիւն կը կոչեն – կենսականութիւնն է, առաւելաբար խնդրոյ առարկայ գաղութը արժեւորելու մտահոգութեամբ։
Այս տարրական բացատրութեանց լոյսին տակ, եգիպտահայ գաղութը պէտք է ինքզինք հպարտ եւ երջանիկ զգայ, որ ունեցած է հզօ՛ր մամուլ մը՝ արեւափառ «Արեւ»ը, որ արդէն թեւակոխած է իր հարիւրամեակը անցեալ տարուընէ ի վեր (1915-2015)։ Ան, դար մը ամբողջ, ունեցած է արժանաւոր խմբագիրներ, որոնց մէջ ուշագրաւ տեղ կը գրաւէ ամէնուս ծանօթ, ամէնուս սիրելի, մեծանուն բանաստեղծ եւ աննման ազգային գործիչ Վահան Թէքէեանը, որուն լո՛կ ներկայութիւնը խմբագրատունէն ներս, ընդմիշտ բարձր պահուած է։ Եւ Թէքէեանի անհասելի ժողովրդականութիւնը ո՛չ միայն եգիպտահայ գաղութէն ներս, այլ բովանդակ հայ ժողովուրդին աննախադէպ եղած է։ Այդ հասկացողութեամբ, աւելի ուշ Պէյրութի մեր պաշտօնակիցը՝ «Զարթօնք» եւս կրցած է Թէքէեանի անբաղդատելի ներկայութիւնը վայելել ժամանակ մը։
Մեր կապը «Արեւ»ին հետ, բազմաթիւ պարագաներու բերումով, տեղի ունեցած է երկու անգամէն. նախ՝ իբրեւ համալսարանական ուսանող կոչուած եմ օգնական խմբագիր, Վահան Թէքէեանի խմբագրութեան օրով. յետոյ՝ 1947-ին, Միջազգային Քաղաքական Դոկտորայի վկայականին արժանանալէս տարի մը ետք, իբրեւ խմբագրապետ։
Այս երկու ոչ-իրերայաջորդ շրջանները թէեւ նման չեն եղած իրարու, բայց սխալ պիտի ըլլայ ենթադրելը թէ՝ առաջին շրջանը այնքան ալ կարեւորութիւն չէր ստացած։
Արդարեւ, Թէքէեանի ներկայութեան աշխատիլը, մա՛նաւանդ երբեմն ամբողջական պատասխանատուութիւն վերցնելը մեծապէս նպաստաւոր եղաւ իմ նկարագրիս կերտումին։ Ո՞վ պիտի չուզէր ունեցած ըլլալ իմ այս առանձնաշնորհումը ամէն օր Թէքէեանի հետ աշխատելու, Թէքէեանի հետ խօսելու, Թէքէեանի հետ մտածելու…։
Այս բարեբաստիկ առիթով կը բաւականանանք մա՛նաւանդ մէկ զմայլագեղ իրողութիւն վերստին գրելով, պարզ պատահար մը, որ կեանքիս նոր ու վերամբարձ ուղղութիւն մը պարգեւեց։
Այդ օրերուն՝ Վահան Թէքէեան, առողջապահական լուրջ պատճառներով, Գահիրէի մօտիկ Հելուան գիւղը կը բնակէր, ամէն օր, կէսօրուան դէմ խմբագրատուն կու գար խմբագրական գրելու եւ շուտով վերադառնալու համար իր ամարանոցը։ Զինք մօտէն ճանչցողները գիտէին, թէ ան սաստիկ խստապահանջ անձ մըն էր. հետեւաբար կը դժուարանար շուտով իր խմբագրականն աւարտելու։ Ո՛չ մէկ գրաշար, ոչ իսկ գրաշարապետ Մկրտիչն արտօնուած էին իր սենեակը մտնելով՝ խմբագրականը առնելու։ Հետեւաբար, միմիայն ինծի վստահուած էր այդ դժուարի՜ն պաշտօնը։
…Եւ օր մըն ալ պատահեցաւ որ երկու-երեք անգամ իր սենեակը գացի եւ անդրադարձայ որ չորս տող միայն գրած էր. ճարահատ՝ յանդգնեցայ ըսել իրեն.
– Ընկեր Թէքէեան, երկու ժամ անցաւ եւ դուք բան մը աւելի չէք ըրած. թերթը շա՜տ ուշացաւ. տպարանը կը սպասէ։
Թէքէեան՝ կէս-ժպտուն եւ կէս խոժոռ դէմքով ինծի նայեցաւ եւ ինքնարդարացումով յարեց.
– Ո՞վ ըսաւ որ բան մը չեմ ըրած. հոս ստորակէտ չկար, ստորակէտ մը դրի։
Եւ ցոյց տուաւ ինծի գրած չորս տողերուն երրորդը։
Այս աննշա՜ն պատահարը թերեւս ոմանց անկարեւոր թուի, բայց ինծի համար Թէքէեանի լեզուական բծախնդրութիւնը մեր աննման Մեսրոպեան հայերէն լեզուին հանդէպ կը բխէր իր անզուսպ սէրէն՝ մեր սրբատառ լեզուին նկատմամբ։ Այդ օրը, այդ զօրեղ սէրն ու բծախնդրութիւնը նոյնհետայն փոխադրուեցան իմ մէջս, ուր վառ կը մնան մինչեւ այսօր։ Աւելի՛ն՝ յաճախ նշմարած էի, որ ան իր նոր գրած քերթուածները երկարօրէն իր գրպանը կը պահէր, ամէն օր աչքէ անցընելու եւ բարեփոխելու փութկոտութեամբ։
Երկրորդ շրջանը՝ մեր արեւավառ «Արեւ»ին հետ կը սկսի Փարիզէն Գահիրէ վերադարձիս եւ կը տեւէ լման տասը տարի, մինչեւ 1958-ի Սեպտեմբերին, Փարիզի մեր «Ապագայ»ի խմբագրութիւնն ալ ստանձնելէ ետք, երբ փոխադրուեցայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, նախ՝ երկու տարի (1958-1960) Քալիֆորնիոյ մեր «Նոր Օր»ին խմբագրութիւնը ստանձնելու, ապա՝ 1960-էն սկսեալ մինչեւ 1981, իբրեւ «Պայքար» օրաթերթի խմբագրապետ։
Այդ շրջանը,- աւելի քան երկու տասնեակ տարիներ,- ալեկոծեալ էր մասնաւորաբար եգիպտահայ գաղութին համար, թէ՛ Գահիրէի եւ թէ Աղեքսանդրիոյ թեմական բուռն ընտրութիւններուն եւ նաեւ դէպի Հայասան ներգաղթի դժուարին եւ յոգնեցուցիչ գործողութիւններու զոյգ գլխաւոր պատճառներով։
Այս առիթով, միայն պիտի ուզէինք յայտնել, թէ մենք բացարձակապէս կողմնակից չենք եղած որեւէ ծայրայեղութեան, միշտ հաւատարիմ մնալով Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան սկզբունքներուն եւ նպատակներուն, Սուրբ Էջմիածինը մի՛շտ նկատելով մեր գերագոյն կրօնական իշխանութիւնը եւ գործած ենք մի՛շտ հայրենիքի կողքին, անկախաբար իր վարչակարգէն, որ համայնավարական էր այդ օրերուն եւ բացարձակապէս խոտոր կը համեմատէր մեր ռամկավարական տեսլականին հետ։
Հոս գոհունակութեամբ կ՛արձանագրեն, որ Հայաստանի իրերայաջորդ կառավարութիւնները իմաստութիւնն ունեցած են ճանչնալու մեր յստակ դիրքորոշումը, առանց ճակատ յարդարելու մեզի դէմ։ Իբրեւ օրինական փաստ, կը յիշեմ այն իրողութիւնը, թէ երկիցս համայնավար շրջանին հրաւիրուած ենք Հայաստան եւ իբրեւ ռամկավար ազատական խմբագիր յարգուած ենք հայրենի հողին վրայ։
Ընտրապայքարի օրերուն գործած ենք լոկ փաստերու հիման վրայ եւ մեր իւրացուցած բնաբանը մինչեւ հիմա մեզ ճանչցողները կը յիշեն. «Երբ փաստերը կը խօսին, մեր գաղափարի հակառակորդները կը լռեն»։
«Արեւ», հարիւր տարուան ընթացքին ունեցած է իրերայաջորդ խմբագիրներ, որոնք բոլորն ալ իրենց հաւատարմութիւնն արժեցուցած են Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հանդէպ։ Անոնցմէ ոմանք այսօր մահացած են. ողջ կը մնան միայն ընկերներ Երուանդ Ազատեանը, Դոկտ. Աւետիս Եափուճեանը եւ ես (հեղինակը չի յիշեր վերջին շրջանի եւ այսօրուան խմբագիրները՝ ծանրանալով միայն անցեալին վրայ – Նոր Օր)։
«Արեւ»ի Անցեալը անկողոպտելի գանձարան մըն է, որ արդիագոյն լաւագոյն արհեստագիտական մեթոտով փրկուած է կորուստէ. արեւաջերմ «Արեւ»ի Ներկան, մանաւանդ այժմ մեր եգիպտահայ նօսրացող գաղութին հանապազօրեայ մտահոգութեանց եւ նորանոր դժուարութեանց տեղի կրնայ տալ. գալով «Արեւ»ի Ապագային, ան պիտի ի վիճակի ըլլայ, շնորհիւ իր փառահեղ անցեալին, չստորագնահատուիլ, չարհամարհուիլ՝ չմոռցուիլ մեր զմայլագեղ եգիպտահայ գաղութին իր սփռած անծայրածիր բարիքներուն շնորհիւ։
Ջերմօրէն կը գնահատենք եւ կը շնորհաւորենք արեւաշող Եգիպտոսի մեր այսօրուա՛ն ղեկավարները, բոլոր ընկեր-ընկերուհիներն անխտիր եւ մեր անկեղծ բարեկամներն ամէնուրեք։
Վստահ ենք, որ մեր սիրելի «Արեւ»ը այսուհետեւ եւս, ընդունելի որոշումով մը, պիտի յաջողի պահել իր գոյութիւնը եւ տեւել տակաւին։
Ասիկա միեւնոյն ժամանակ մեր խորունկ բաղձանքն ու անայլայլ համոզումն է։
Պոստոն