Շաբաթ, Յուլիս 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Վերյիշելով բարձրահամբոյր Վարդան Խրլոբեանը

Վարդան Խրլոբեանի մահը, ի Լոս Անճելըս, խորապէս յուզեց իր ընկերները, բարեկամներն ու մտերիմները, որոնք անտարակոյս, մեծ թիւ կը կազմեն։

Բարի էր, անձնազոհ, ընկերային, անկեղծ ու ժպտերես։

Մարզիկ էր, ֆիզիքապէս, մանաւանդ մարզական ոգիով առլցուն։

Անձնապէս Վարդանը ճանչցած եմ փոքր տարիքէս, Այն Մըրէյսէի բնակիչ ըլլալով, իրենց տան եւ մեր տան միջեւ փոքր տարածութեան մը հեռաւորութեամբ։

50-60-ական թուականներուն, ծովափնեայ Այն Մըրէյսէ շրջանը, այլ համայնքներու կողքին (սիւննի, շիիթ, տիւրզի, քրիստոնեայ, հրեայ), կ՛ապրէին բազմաթիւ հայեր, փոքր Հայաստանի մը շունչ տալով անոր։

Վարդանի սերնդակիցներէն էին՝ Վարդան Սարաֆեանը, Յարութիւն Սանճեանը (Սինօն), Արա եւ Օշին Գըրքեաշարեանները, Մայք Մարտիրեանը, որոնց կը միանային մօտակայ այլ շրջաններէ երիտասարդներ, կազմելով աշխոյժ համախմբում մը, որուն յետագային կը հետեւէին՝ Յակոբ Գոճայեանը, Յովնան Իսկենտէրեանը, Խաչիկ Մարտիրեանը, Վարուժան Մարտիրեանը, Գէորգ Սարաֆեանը, ապա՝ Պարոյր Աղպաշեանը, Տիգրան Աբրահամեանը, Ճորճ Կեպէշեանը, Երջանիկ Մարգարեանը, Գառնիկ Գոճայեանը, Մեսրոպ Սարաֆեանը, նաեւ Շաքէ Յակոբեանը, Աստղիկ Կարմիրեանը, Սօսի եւ Ալիս Մարտիրեանները եւ շատ ուրիշներ։

Եթէ չեմ սխալիր, 1957-ին, թաղաշրջանին մէջ շշուկներ տարածուեցան, թէ Վարդանը, փոխադրակառքի («փոսթայի») մը մէջ, արկած մը ունեցած էր եւ կորսնցուցած ձախ թեւը։ Խոր յուզում պատեց բոլոր զինք ճանչցողներուն մօտ այս ցաւալի լուրը, սակայն, կարճ ժամանակ մը ետք, ան վերայայտնուեցաւ շրջանակիս մէջ, ոչ միայն առանց բարդոյթի, այլեւ՝ աւելի վճռականացած ու հզօրացած, իր կեանքը շարունակելու, ուսումնական, ընկերային, մարզական ու միջավայրային մարզերէն ներս։

Իմ սերնդակիցներս աւելի մօտէն ծանօթացան ու շփուեցան Վարդանին հետ, դպրոցական շրջանակ՝ Հայ Աւետարանական Քոլէճէն ներս, ուր իբրեւ կրտսերներ, մեծ հիացմունք ունէինք վերի կարգերու «հսկիչ» երէցներուն նկատմամբ, կը սիրէինք զիրենք, կը հետեւէինք իրենց ցուցմունքներուն ու կը սորվէինք անոնց փորձառութիւններէն։

Անոնց մէջ իւրայատուկ տեղ ունէր Վարդանը, իր հանդուրժողականութեամբ, գրաւչութեամբ ու հոգատարութեամբ, մանաւանդ որ՝ ան, մեզ՝ Այն Մըրէյսիականներուս նկատմամբ գուրգուրոտ վերաբերում ունէր, առանց մեզ… շփացնելու։

Իսկ մեզ ամէնէն աւելի հիացնողը այն էր, որ Վարդանը հոյակապ պասքէթպոլիստ էր եւ դպրոցի հաւաքականի մնայուն անդամ՝ Խաչիկ Մանսուրեանի (…), Պօղոս Մահսերեճեանի, Գրիգոր Սատըքեանի, Սագօ Բալուլեանի ու Կարապետ Պարտիզպանեանի հետ կազմելով յաղթական հնգեակ մը, իսկ յետմիջօրէին՝ մեզ մարզելով կամ մղելով դէպի մարզական բնագաւառ։

Իսկ աւելի ուշ, Վարդանը իր մարզական «յաղթարշաւը» շարունակեց, այս անգամ ինքնաշարժի մրցաշարերուն մասնակցելով ու գրաւելով պատուաբեր արդիւնքներ, ի մեծ ուրախութիւն ու քաջալերութիւն զինք սիրողներուն, որոնց մէջ, անշուշտ, մենք՝ իր կրտսերները։

Կեանքի ասպարէզին մէջ, Վարդանը դարձեալ յաջողեցաւ, իր հիմնած ու վարած ապահովագրական ընկերութեամբ, միշտ օգտակար դառնալով իր շրջանակի տղոց ու բարեկամներուն։

Լիբանանեան պատերազմը, ինչպէս շատեր, մեզ ալ բաժնեց, բայց, զիրար չմոռցուց։ Վարդան Լոս Անճելըս հաստատուեցաւ եւ հոն շարունակեց իր ասպարէզային-ընկերային եռուն կեանքը։

Զինք՝ «պահիկ» մը տեսնելու առիթ ունեցայ Լոս Անճելըս (1991), իսկ 2011-ին, երբ Ամերիկա կը գտնուէի, 40-ամեայ վաստակիս առիթով, դժբախտաբար, չկրցայ իր ներկայութիւնն ու մօտիկութիւնը վայելել, յետոյ ալ իմանալով որ Վարդանը, նոյն վճռակամութեամբ եւ ամրակուռութեամբ, կը մաքառի… մահուան դէմ։

Սրտի պարտք զգացի, թէկուզ ուշացումով, Վարդանի մեկնումին անդրադառնալ, որովհետեւ արժանի էր ան յիշատակութեան։

Վստահ եմ, որ զինք սիրողներն ու իր սիրելիները շատ են, ընտանեկան պարագաներէն մինչեւ մեծ «ըրթան», բայց, արդեօք, անոնցմէ մէկը անդրադարձա՞ւ անոր կորուստին։

Սիրելի երէց «հսկիչ» ու «մարզիչ» Վարդան, մնաս Վարդանեան ոգիով կենդանի ու անմոռանալի։

 

Պարոյր Յ. Աղպաշեան

Պէյրութ, Յուլիս 2016

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ