Երեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Բողոքի երթեր Երեւանի մէջ. Բերման ենթարկուած է յայտնի դերասանուհի Արսինէ Խանճեան

Ըստ «Ազատութիւն»  ռատիօկայանին այսօր Երեւանի տարբեր շրջաններուն մէջ   ոստիկանութիւնը  բերման ենթարկած է հարիւրաւոր  քաղաքացիներ:   Աղբիւրը նաեւ  նկատել  կու տայ, որ  բերման ենթարկուածներու թիւը կարելի չէ ճշդել եւ այն կրնայ հասնիլ    հարիւրի:  Կը հաղորդուի  նաեւ, որ       բերման ենթարկուած է  նաեւ   նախկին Լիբանանահայ այժմ  գանատաբնակ  դերասանուհի  ՝ Արսինէ Խանճեան (  կինը    բեմադրիչ՝ Ատոմ Էկոյեանին), ինչպէս նաեւ տասնեակ սփիւռքահայեր,  որ այսօր  օրերուն   կը գտնուին  Երեւան  եւ  մասնակից եղած են բողոքի    հաւաքներուն: Միւս կողմէ   ընդդիմութեան կողմէ   կազմուած  «Հակաճգնաժամային խորհուրդ»ը   յայտնած է, որ յայտնի պատճառներով  բողոքի այսօրուան հաւաքը փոխադրուած է «Ազատութիւն» հրապարակ:   Նշենք,  որ «Ազատութեան» հրապարակին վրայ  այսօր բողոքի  հաւաք  տեղի չունեցաւ    եւ փոխարէնը մասնակիցները   երթ  կատարեցին  հասնելով  մինչեւ  Էրէբունի փողոցի  հարեւանութեամբ գտնուող   ՝  Խորենացի փողոց:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ