Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Ինչպէ՞ս պիտի լուծուի Էրեբունիի տագնապը.Սագօ Արեան

 

 

Ստորեւ` «Նոր Օրի» յատուկ թղթակից Սագօ Արեանի վերլուծականը Երեւանէն, որ լոյս կը սփռէ վերջին տասը օրերուն «Սասնայ ծռեր» խումբին զինուած յարձակումին եւ անկէ ծնող պատճառներուն մասին, տալով պատկերը ներքաղաքական ներկայ իրականութեան։

«Նոր Օր»

 

Էրեբունիի ոստիկանական կեդրոնին վրայ եղած յարձակումը քաղաքական նոր իրավիճակ մը կը ստեղծէր Հայաստանի մէջ:

Կայ այն վարկածը, որ Հայաստանի մէջ բռնի ուժի դիմելով իշխանափոխութեան պահանջ դնելու բոլոր մեթոտները փակուղի կը տանին:

Եւ ինչ որ այսօր կը կատարուի, սկսած Էրեբունիի զօրանոցէն մինչեւ Խորենացի պողոտայ եւ յարակից տարածքներ՝ այդ մասին կը վկայեն:

Մինչ առաջին օրերուն Հայաստանի եւ ամբողջ հայութեան համար կար մէկ գերխնդիր, որն էր առանց արեան հեղումի աւարտի մը տանիլ ՊՊԾ (Պարեկապահակային ծառայութեան) գրաւման հարցը եւ անվտանգ կերպով ապահովել հոն պատանդ առնուած ոստիկաններուն (որոնց երկուքը բարձրաստիճան պատասխանատուներ էին) ազատ արձակումը, այսօր իրադրութիւնը այլ է:

Կիրակի, 17 Յուլիսին «Սասնայ ծռեր» անունով հանրութեան ներկայացած զինալներու խումբը պատանդի իրավիճակին մէջ կ’առնէր, ո՛չ թէ ոստիկանութիւնը, այլ՝ ամբողջ Հայաստանը: Մինչ այսօր նոյն «Սասնայ ծռերը» իրենք դարձած են պատանդը իրենց գաղափարներուն:

Այդ խումբին պահանջներն են՝ ՀՀ նախագահի հրաժարական, նոր կառավարութեան ձեւաւորում եւ Ժիրայր Սէֆիլեանի ու միւս բանտարկեալներուն ազատ արձակում: Այս պայմաններուն դիմաց նախագահ Սերժ Սարգսեան, իր մօտ հրաւիրուած խորհրդակցութեան ընթացքին կը յայտարարէր, որ ամէնէն առաջնայինը պատանդներու ազատ արձակումն ու զինեալներու զինաթափումն է, որմէ ետք պիտի ապահովուին բոլոր սահմանադրական ճանապարհները արդարօրէն պատժելու համար երկրի օրէնքին դէմ այսպիսի քայլ կատարած զինեալները, միշտ պահպանելով օրէնքի գերակայութիւնը:

Այս բոլորէն անդին 21 Յուլիսին եղած ծանր բախումներէն ետք Խորենացի փողոցին վրայ քաղաքական նոր բեմահարթակ մը կը ստեղծուէր: Այդ հարթակի ստեղծման համար կարեւոր ճիգ տարած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը, իր առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանով աւելի ուշ կը հեռանար հրապարակը ամբողջութեամբ ձգելով «Նախախորհրդարանին» ու այդ շարժան եթերին մէջ եղող տարբեր ուժերուն:

Այս ընթացող գործընթացները ամէնէն աւելի ցոյց կու տան մէկ բան: Ցոյց կու տան Հայաստանի ընդդիմութեան անլուրջ դէմքը եւ մէկ գաղափարի շուրջ համախմբուած չըլլալու պատկերը:

Հայաստանի մէջ քաղաքական գետինը կազմող հիմնական ուժերը հաւաքուած են անհատներու շուրջ եւ ոչ թէ՝ գաղափարներու. եւ այս մօտեցումին պատճառով է յաճախ, որ ընդդիմադիր դաշտը առաջնորդելու կոչուած ուժերը կը սայթաքին իրենց իսկ ընտրած «լիտէր»ներուն սխալներուն եւ սայթաքումներուն հետեւանքով:

Օրինակներ տալու համար հարկ կը համարեմ յիշատակել 2008 թուականի Մարտի դէպքերը եւ ապա 2013-ի նախագահական ընտրութենէն Ապրիլին եղած իրադարձութիւններն ու վերջապէս «քաղաքական եռեակ»ի (2014) շարժման օրերուն ստեղծուած իրավիճակները: Երեք օրինակներուն պարագային ալ ՀՀ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան, «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան առաջնորդ Ռաֆֆի Յովհաննիսեան եւ ԲՀԿ երբեմնի առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեան իրենց մեծ սխալներով գետնի վրայ ընդդիմութեան «կայացած» ունեցած ներուժը սպառեցին: Աւելին, անոնք իրենց գործունէութեամբ օրինականութիւն շնորհեցին, մինչ այդ իրենց համար «լէկիտիմութիւն» չունեցող ՀՀ իշխանութիւններուն ու մասնաւորապէս նախագահ Սերժ Սարգսեանին:

Փաստ է նաեւ, որ այս երեք առաջնորդները ժողովուրդին մօտ առկայ վստահութեան պակասը ծաւալեցին եւ ընդդիմութեան հանդէպ ծլած հաւատքի բոլոր արմատները այրեցին:

Ուրեմն, Հայաստանի համար, ինչպէս երէկ՝ այսօր եւս ամէնէն էականը առողջ եւ տրամաբանական առաջարկներով գործող ընդդիմութեան մը ձեւաւորումն է, որ մինչեւ այս պահը երեւելի չէ:

Վերադառնալով Խորենացի փողոցին մէջ ստեղծման փորձ ընող շարժումին, հոն եւս տեսանելի է, որ ընդդիմադիր խորք ունեցող ուժերուն միջեւ մեծ պայքար կայ:

Մինչ Նիկոլ Փաշինեան կը յայտարարէ, որ Հայաստանի միակ ընդդիմադիր ուժը, իր ղեկավարած հազիւ մէկ տարուան կեանք ունեցող «Քաղաքացիական պայմանագիրն» է, անդին «Սասնայ ծռեր» ջոկատի անունով խօսող Վարուժան Աւետիսեան նոյն Փաշինեանին դիմելով անկէ կը պահանջէ հեռու մնալ իր կուսակցութեան եւ անձին “P.R.”-ը ընելէ կամ «արեան վրայ ձեռքեր տաքացնելէ»:

Հոս է, որ ի յայտ կու գայ, թէ ինչքան թոյլ, անկազմակերպ եւ անհամաչափ պատկեր մը կը կազմէ ընդդիմութեան ընդհանուր օղակը ու այս պատկերին վրայ յենուելով կարելի է մտածել ու տեսնել, որ իշխանափոխութեան պահանջներով հանդէս եկած ցանկացած ուժ, այս պարագային «Սասնայ ծռեր» զինեալ խումբը կրնայ վերածուիլ անկառավարելի ուժի մը, մեծ սպառնալիք դառնալով ոչ միայն Հայաստանին այլ ամբողջ հայութեան համար:

Պէտք է նաեւ դիտարկել, որ Հայաստանի մէջ բռնի ուժի, փոխադարձ ատելութեան, մաղձի, չարակամութեան եւ այլ ախտագին երեւոյթներու տարածումը իր ուղղակի վնասները կ’ունենայ Հայաստան-Սփիւռք բնականոն դարձած յարաբերութեանց եւ նոյնիսկ «զբօսաշրջիկային» տրամադրութիւններով դէպի Հայաստան գալ պատրաստուող մեծ թիւով սփիւռքահայերու հոգեբանութեան վրայ:

Ի վերջոյ տեղ մը պետականութիւնն է, որ պէտք է գերիշխէ պահպանելով ՀՀ քաղաքացիի, սփիւռքահայու եւ առհասարակ հայ մարդու Հայաստանի տարածքին տեղաշարժելու, ազատ խօսելու, քննարկելու, քննադատելու կամ բողոքի ցոյց կատարելու արդար եւ Հայաստանի սահմանադրութեամբ նուիրականացած իրաւունքը:

Խօսելով իշխանութիւններուն մասին, պէտք է նկատել, որ ՀՀ իշխանութիւնները եւս մեծ մեղքեր գործելով պատասխանատու եղան Հայաստանի մէջ այսօրուան իրադրութեան ստեղծման: Շատ մը պարագաներու օրէնքի գերիշխանութեան բացակայութիւնը, ապօրինի շահարկումներ կատարողներու տրուած հովանաւորութիւնը, ներքին կառավարման համակարգին մէջ եղած սխալները եւ նոյնիսկ Ապրիլեան պատերազմին հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը «օգնեցին», որ այսօր առկայ դժգոհութիւնը մեծ ծաւալներու հասնի եւ դառնայ համատարած:

Ու այս բոլորէն մեկնելով է նաեւ, որ այսօրուան իշխանութիւնները կը խուսափին կրակին վրայ յաւելեալ «ձէթ ցանելու» քաղաքականութենէն ու կը փորձեն ամէն գնով Էրեբունիի խնդիրը հանգուցալուծել խաղաղ ճանապարհներով:

Ամէն պարագայի գաղտնիք ալ չէ, որ Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին մէջ կարեւոր եւ էական բաղադրիչ կը համարուի Արցախը:

Հանրութիւնը ցայսօր Ժիրայր Սէֆիլեանի բանտարկութիւնը (ըստ իր կողմնակիցներուն՝ կամայական բանտարկութիւն) կը կապեն Արցախի շուրջ եղող խմորումներուն հետ եւ այդ առումով է նաեւ, որ Էրեբունիի շուրջ ձեւաւորուող նոր մթնոլորտի հիմնական պատուհանը կը նայի դէպի Արցախ:

Ճիշդ է, որ ընդդիմադիրները իրենց պահանջները այլ ուղղութեամբ տարած են, բայց յայտնի է նաեւ, որ անոնց համար էական նշանակութիւն ունեցող ղարաբաղեան հիմնահարցը գետինը շարժելու բաւականին մեծ ներուժ ունի:

Շատ հեռուն չերթալու համար պէտք է նաեւ ըսել, որ Արցախի շուրջ յառաջիկայ հանգրուանին նոր ընթացքներ պիտի բացուին: Շատ վաղ է խօսիլ անոնց մասին, բայց եւ այնպէս ներքին ճակատին վրայ եղած խլրտումները կը վնասեն, ոչ թէ նախագահ Սերժ Սարգսեանին, այլ՝ վնաս կը հասցնեն ամբողջ հայութեան:

Այս իրավիճակներէն դուրս գալու համար ամէնէն էականը զիրար լսելու այլընտրանքն է, որ մինչեւ այս պահը չ’ուրուագծուիր: Բացի ատկէ, ե՛ւ «Սասնայ ծռեր» խումբը ու իրենց համակիրները, ե՛ւ իշխանութիւնները պէտք է հասկնան, որ խնդիրները լուծելու եւ այս փակուղիէն դուրս գալու համար պէտք է դնեն տրամաբանական պահանջներ, դիմացի կողմէն ստանալով ընդունելի լուծման առաջարկներ:

Երեւան, 25 Յուլիս 2016

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ