Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

ՄԵԼԳՈՆԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ 90-ԱՄԵԱԿ Կարօտ, յոյսեր եւ ակնկալութիւններ

Յուլիսի 14-21-ը շուրջ երկու հարիւր Մելգոնեանցիներու յիշողութեան մէջ ցկեանս պիտի դրոշմուի որպէս գիրկընդխառնումներու, յուզումնալից օրերու եւ տօնախմբութեանց աննախընթաց համադրութիւն մը։ Մելգոնեանցին իր հասակակիցին, իրմէ տարեցին ու կրտսերին կը հանդիպի բոլորովին այլ զգացումով, որովհետեւ այս հաստատութեանը սաները միացնողը, հոգեհարազատ դարձնողը մելգոնեանական ոգին է, նոյն փորձառութիւններն են, շէնքերն են, սովորութիւններն ու աւանդութիւնները, սէրերն ու սրտակցութիւնները։ Եւ ասիկա 1926-էն ի վեր։

Ներկաներուն աշխարհագրական քարտէսը լաւագոյն ապացոյցներէն մէկն է վերեւը նշուածին. ժամանած էին Թայլանտէն, Աւստրալիայէն, Ուրուկուայէն, Հիւսիսային Ամերիկայէն (ԱՄՆ, Քանատա), Անգլիայէն, Ֆրանսայէն, Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներէն, Յունաստանէն, Հայաստանէն, Երուսաղէմէն, Լիբանանէն, Ծոցի երկիրներէն եւ այլն։ Նախկին սան-սանուհիներէն շատեր եկած էին ընտանիքներով՝ զաւակներով ու ծնողքով։ Երբ առիթը ունեցայ հարցնելու անուշիկ Մելգոնեանցիի մը նոյնքան անուշիկ զաւակներուն, թէ ի՞նչ կը զգային այս օրերուն, անոնց պատասխանը միանշանակ նոյնն էր. «Հիմա կը հասկնանք, թէ ինչո՞ւ հայրս կամ մայրս ամէն առիթով, որ Մելգոնեանի մասին խօսք կ՚ըլլար, ինքզինքնին կը մոռնային. ի՜նչ ափսոս որ ես ալ չեմ կրնար այդ փորձառութիւնը ունենալ…»։

Ուշագրաւ երեկոներէն մէկն էր ՄԿՀ-ի շրջափակին մէջ կազմակերպուած շքեղ խրախճանքը, որուն ներկայ էր Կիպրոսի բարեխնամ կառավարութեան խորհրդարանի խօսնակը, Աղլանճա արուարձանի (որուն տարածքին մէջ կը գտնուի ՄԿՀ) քաղաքապետուհին եւ հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչը։ Խրախճանք-հանդիսութիւնը սկսաւ Կիպրոսի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգներով, որուն յաջորդեց ՄԿՀ-ի «Անմահ Լուսոյ» քայլերգը։ Բոլորը յուզուած էին անխտիր ու վերադարձած իրենց պատանեկան ու դպրոցական քաղցր օրերուն։ Հանդիսութիւնը վարող Մելգոնեանցի Արսէնէ Շիրվանեանը, որ այս նախաձեռնութեան մէջ մտած էր ամբողջ հոգիով ու սրտով, իր սրտի խօսքին մէջ յոյս յայտնեց, որ 90-ամեակի այս տօնակատարութիւնը առիթ կ՚ըլլայ ՄԿՀ-ի առաքելութեան վերանորոգ սկիզբի մը։ Օրուան գլխաւոր պատգամախօսն էր վաստակաշատ ուսուցիչ, տնօրէն եւ գեղանկարիչ Պրն. Վարդան Թաշճեան։ Ան նոյնպէս կոչ ուղղեց վերաբացման, որպէսզի մեր զաւակներն ու անոնց զաւակները յառաջիկայ տարիներուն անցնին այս շէնքերուն ու անմահ Բարերարներուն տեսիլքով ստեղծուած հայաբոյր ու հայատրոփ լուսոյ տաճարէն։

Յաջորդ օրը դարձեալ Հաստատութեան շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ՄԿՀ ուսուցիչներու նուիրուած խրախճանք մը։ Այս առթիւ օրուան հանդիսավարը՝ տողերուս հեղինակը, փոխանցեց Երուսաղէմի Պատրիարք, Ամենապատիւ Տէր Նուրհան Արք. Մանուկեանի օրհնութեան եւ ողջոյնի գիրը։ Հանդիսութեան ընթացքին  շուրջ քսանեակ մը հայ եւ կիպրայոյն ուսուցիչներ արժանացան բարձր գնահատանքի ու ծափողջոյններու, այնուհետեւ օրուան հանդիսավարը բարձրախօսը յանձնեց ելոյթ ունենալ փափաքողներուն, որոնք իրենց կարգին իրենց յուշերուն ընդմէջէն շեշտեցին Մելգոնեանի դերը եւ անոր վերաբացման անհրաժեշտութիւնը։

Յաջորդ օրերուն շարունակուեցան ընկերային հաւաքոյթներն ու պտոյտները դէպի կղզիին գեղատեսիլ լեռներն ու ծովեզերեայ սքանչելի զբօսավայրերը։ Այսպիսի առիթներու համար է, որ մեր ժողովուրդը ըսած է. «Չեկողը կորսնցուց»։

Լիայոյս ենք, որ Հաստատութեան հովանաւոր Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը կը վերարժեւորէ տարածաշրջանին մէջ տիրող նորաստեղծ կացութիւնը ու վերատեսութեան կ՚ենթարկէ իր առած որոշումը եւ կրկին անգամ մեր լուսոյ տաճարը իր դուռերը կը բանայ ապագայ սերունդներու համար՝ ի փառս 110-ամեայ համահայկական այս Մեծ Միութեան։

 

Դոկտ. Մինաս Գոճայեան

Նիկոսիա 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ