Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

Շաբաթաթերթ

ՌԱԿ Պէյրութի օրկան՝ «Զարթօնք» Օրաթերթը պիտի թուայնացուի

«Զարթօնք» 79 երկար տարիներ ծառայած է Հայ ժողովուրդին, իր էջերէն իւրաքանչիւր ընթերցողի հոգիին մէջ ներմուծելով անվերապահ Հայրենասիրութիւն՝ ապահովելով սփիւռքահայութեան ազգային ու մշակութային ժառանգութեան գոյատեւումը:

«Զարթօնք»-ի 79-ամեայ արխիւը կը պարունակէ ոչ միայն Լիբանանահայութեան, այլ նաեւ համայն սփիւռքահայութեան պատմութիւնը՝ Հայ ժողովուրդին վերաբերող պատմական շատ կարեւոր հանգրուանի մը, որ կը սկսի 1937-էն:

Բնութեան, ժամանակի ու ապահովական պատճառներով, «Զարթօնք»-ի ամբողջական հաւաքածոյի թուղթէ արխիւը վտանգուած էր, հետեւաբար տարի մը առաջ շատ կարեւոր որոշում մը առնուեցաւ՝  թուայնացման ձեւով փրկելու զայն:

«Զարթօնք»-ի ամբողջական արխիւը թուայնացնելը նաեւ կը նշանակէ, հանրութեան տրամադրութեան տակ դնել անոր 79-ամեայ բովանդակութիւնը՝ դիւրահասանելի ու անզուգական բանասիրական ատաղձ տրամադրելով՝ սփիւռքահայ պատմութեամբ հետաքրքրուած բոլոր ուսումնասիրողներուն:

Կը հաւատանք, որ «Զարթօնք»-ի թուայնացումը շատ կարեւոր ներդրում մըն է Հայ Մշակոյթի պատմութեան մէջ ու ազգանուէր պարտականութիւնը անոր բոլոր նուիրեալներուն, որոնց մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն ինչպէս «Զարթօնք»-ի պատասխանատուները, նաեւ անշուշտ «Զարթօնք»-ի իւրաքանչիւր բարեկամ, ընթերցող ու անոր առաքելութեան հաւատացող:

«Զարթօնք»-ի 79-ամեայ արխիւի թուայնացումի դժուար աշխատանքը կը կարօտի աւելի քան 50,000 ամ. տոլարի պիւտճէի մը, որուն շուրջ կէսը ՀԲԸ Միութեան մեծարգոյ նախագահ Մեթր Պերճ Սեդրակեանը՝ մեծահոգի ազնուութիւնը ունեցաւ տրամադրելու ՀԲԸՄ-ի միջոցաւ: Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմինն ալ իր կարգին՝ Ընկեր Յակոբ Գասարճեանի վերահսկողութեամբ ոչ մէկ բան կը խնայէ յաջողցնելու մեզի ձգուած այս մեծ աւանդը ապահով պահելու եւ յաջորդող սերունդներուն սեփականութիւնը դարձնելու կարեւոր գործը:

Թուայնացման աշխատանքները արդէն սկսած են, եւ կարելի եղած է մինչեւ օրս փրկել աւելի քան 20 տարիներու արխիւ «Զարթօնք»-ի ամբողջական հաւաքածոյէն: Այս աշխատանքը շարունակելու համար մենք կը կարօտինք Ձեզմէ իւրաքանչիւրին նիւթական ազնիւ աջակցութեան, որուն համար վստահ ենք, որ Դուք պիտի չզլանաք Ձեր լուման տրամադրելու նման ազգօգուտ նախաձեռնութեան մը:

Այս ուղղութեամբ հանգանակութիւնը սկսած ենք ու անոր յատուկ դրամատնային հաշիւը բացած՝ նպատակ ունենալով գոյացնել նախատեսուած պիւտճէին ամբողջական գումարը:

Ձեր կողմէ նուիրաբերելիք որեւէ չափի գումար իր արժէքը ունի այս գործը աւարտին հասցնելու:

Փափաքողները կրնան իրենց նուիրատուութիւնը կատարել փոխանցելով հետեւեալ դրամատնային հաշիւին՝

STE. DE PRESSE CHIRAC SARL
A/C No: 864859 461 002 005 06
IBAN LB55 0056 0008 6485 9702 0020 0506
Bank Audi sal – Dora
Bank Identification Code: AUDBLBBX

Այլ միջոցաւ նուիրատուութիւն ընել փափաքողները կրնան կապուիլ՝
zartonkadl@gmail.com

Կամ հեռաձայնել՝
+1 424 777 6282
+961 1 444225

Կանխայայտ շնորհակալութեամբ՝

«ԶԱՐԹՕՆՔ»

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ