«Սասնայ ծռեր» խումբի անդամ եւ նախկին ազատամարտիկ Պաւէլ Մանուկեան, որ յայտնի է «Ապարանցի Պաւլիկ» անունով դատարանի որոշումով կալանաւորուած է: Այս մասին լուր փոխանցող աղբիւրներ նոյնպէս կը հաղորդեն որ նախնական տնօրինմամբ Պաւլիկ կալանաւորուած պիտի մնայ երկու ամսով: Մանուկեանի շահերու պաշտպան Ինեսա Պետրոսեան տեղեկացուցած է, որ իր պաշտպանեալին մեղադրանք առաջադրուած է ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 219-րդ յօդուածի 3րդ կէտով եւ 235-րդ յօդուածի 3-րդ մասով եւ այդ յօդուածներու հիմքով Պաւլիկ կրնայ բանտարկութեան պատիժ ստանալ 6-12 տարի ժամանակահատուածով: