Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Պաւէլ Մանուկեան (Ապարանցի Պաւլիկ) երկու ամսով կալանաւորուեցաւ

«Սասնայ ծռեր» խումբի անդամ եւ նախկին ազատամարտիկ Պաւէլ Մանուկեան, որ յայտնի է «Ապարանցի Պաւլիկ» անունով դատարանի որոշումով կալանաւորուած է: Այս  մասին լուր փոխանցող աղբիւրներ նոյնպէս կը հաղորդեն որ նախնական տնօրինմամբ  Պաւլիկ կալանաւորուած պիտի մնայ երկու  ամսով: Մանուկեանի շահերու պաշտպան Ինեսա Պետրոսեան տեղեկացուցած էոր իր պաշտպանեալին մեղադրանք առաջադրուած է ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 219­-րդ յօդուածի 3­րդ կէտով եւ 235-­րդ յօդուածի 3-­րդ մասով եւ այդ յօդուածներու հիմքով Պաւլիկ կրնայ բանտարկութեան պատիժ ստանալ 6­-12 տարի ժամանակահատուածով:

 

 
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ