Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայազգի Արի Հերկէլ իր աշխատանքէն հեռացուած

Թրքական demokrathaber.org կայքը յղում ընելով  «Ակօս»ին կը տեղեկացնէ, որ Պոլսոյ քաղաքապետարանի որոշումով շարք մը ուսուցիչներ ազատուած են պետական հիմնարկներէն: Այդ ուսուցիչներու շարքին  է  նաեւ ութ տարի որպէս կիթառի ուսուցիչ աշխատող հայազգի Արի Հերկէլ: Աշխատանքէն հեռացնելու մասին Հերկէլին տեղեկացուցած են  քաղաքապետարանէն հեռախօսային հաղորդագրութեամբ: Որպէս պատճառ նշուած է, թէ Արի Հերկէլ Կիւլենականներուն հետ կապ ունի: Հէրկել ըսած է, թէ դատական գործընթաց պէտք է սկսի, որովհետեւ  տրուած  մեղադրանքին  վերաբերեալ ոեւէ ապացոյց չկայ եւ տեղի ունեցածը ապօրինութիւն է: Ան նաեւ նշած է, թէ իր  նման բազմաթիւ ուսուցիչներ զոհ դարձած են անիրաւութեան, որոնց ապրուստի միակ միջոցը ուսուցչութիւնն էր եւ ինք դատական գործընթացի միջոցով պիտի   փորձէ  իր  վրայէն մաքրել  անիրաւօրէն նետուած ցեխին հետքերը:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ