Ուրբաթ, Նոյեմբեր 8, 2024

Շաբաթաթերթ

Կարօ Փայլան կը հետապնդէ Հայկօ Պաղտատի անձնագրի առգրաւման հարցը

Թուրքիոյ քրտամետ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» անդամ, (HDP) պոլսահայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան՝ պոլսահայ լրագրող Հայկօ Պաղտատի անձնագիրը առանց հիմնաւորման գրաւելու փաստի առնըչությամբ գրաւոր դիմում ներկայացուցած է Ներքին գործերու նախարար Էֆքան Ալային: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Birgun» լրատուական կայքը:

Նշենք, որ ոստիկանութիւնը հայ լրագրողի Հայկօ Պաղտատի անձնագիրը  ձեռքէն առած էր Աթաթուրքի անուան օդակայանին մէջ, երբ վերջինս Աթէնքէն  Պոլիս կը վերադառնար: Ոստիկանները Պաղտատի անձնագիրը գրաւելու ժամանակ որեւէ հիմնաւորում չեն ներկայացուցած եւ բաւարարուած են նշելով, որ այդ մասին լրագրողը կ’իմանայ մօտ օրերուն:
Այս առընչութեամբ Փայլանը Ներքին գործերոց նախարարին խնդրած է պարզաբանումներ տալ հարցին վերաբերեալ. լրագրողներու անձնագրերը ի՞նչ հիմնաւորմամբ կը գրաւուին եւ ի՞նչ իրաւական կարգով կը կատարուի այդ մէկը: Ովքե՞ր են այն մարդիկ, որոնց անձնագրերը կը գրաւուին 15 յուլիսին տեղի ունեցած ռազմական յեղաշրջման փորձէն ետք: Արդեօ՞ք անձնագրերը գրաւուած լրագրողներու դէմ որեւէ հետաքննութիւն սկսած է:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ