Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

Շաբաթաթերթ

Արցախի մէջ պիտի նշուի «երիտասարդութեան օր»ը

Երիտասարդութեան միջազգային տօն օրուան կապակցութեամբ ընթացիկ տարուան Օգոստոս 12-ին` Արցախի շրջաններուն եւ Ստեփանակերտի մէջ կը կազմակերպուին տօնական  շարք մը ձեռնարկներ:

ԼՂՀ մշակոյթի նախարարութեան մամուլի ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով` Ստեփանակերտի Շառլ Ազնաւուրի անուան մշակոյթի կեդրոնի բակին մէջ տեղի պիտի ունենայ տօնական համերգ:

Երիտասարդութեան միջազգային տօն օրուան առիթով ձեռնարկներ պիտի կայանան նաեւ Շուշիի մշակոյթի կեդրոնին մէջ` մտաւոր խաղ, Հատրութի Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ «Ինչ, որտեղ, երբ» մտաւոր խաղը, ազգագրական պարերու բաց դաս, ժամանակակից պարեր:

Մարտունիի մշակոյթի պալատին մէջ տեղի պիտի ունենայ տօնական համերգ: Ասկերանի մէջ՝ մտաւոր խաղ, ինչպէս նաեւ երեկոյեան  տեղի պիտի ունենայ տօնական համերգ:

Շահումեանի շրջանին մէջ երիտասարդութեան հետ պիտի կազմակերպուին զրոյց-քննարկումներ՝ ռազմահայրենասիրական թեմայով, իսկ Մարտակերտի մէջ պիտի կազմակերպուի արշաւ դէպի Կարմրավանք եկեղեցի:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ