Թուրքիոյ գործող իշխանութիւններուն դէմ իր կեցուածքներով յայտնի «Ճումհուրիյէթ» պարբերականի խմբագիրը ՝ Ճան Տիւնտէր լքեց թերթի խմբագրի իր պաշտօնը: Տիւնտէր այս մասին այսօր յայտարարեց իր ստորաւգրած «Ցտեսութեան ժամանակ»ը յօդուածով: Նշենք, որ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ Սուրիոյ իսլամիստներուն ցոյց տուած զինուորական օժանդակութիւնները մերկացուցած Տիւնտէր նոյն հարցով երեք ամիսով բանտարկուած է: Տիւնտէր նաեւ յայտնած է, թէ մինչեւ օգոստոս ամսուան աւարտը Թուրքիայէն դուրս պիտի մնայ եւ պիտի շարունակէ սիւնակներով հանդէս գալ ընդդիմադիր թերթին մէջ: