Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպաեւը 2016 թուականին կայցելէ Հայաստան, Ազրպէյճան, Սերպիա եւ շարք մը այլ երկիրներ: Այս մասին յայտնած է երկրի արտաքին գործոց նախարար Երլան Իտրիսովը, կը գրէ Tert.am-ը:
Յունիսին Իտրիսովը յայտնած էր, որ Ղազախստանի նախագահը 2016 թուականին նաեւ պիտի այցելէ Ճափոն, Հարաւային Քորեա, Սէուտական Արաբիա եւ Յորդանան, իսկ սեպտեմբերին՝ Ղրղզստան:
«Նախագահի միջազգային օրակարգը շատ ծանրաբեռնուած է: Մենք կը մեկնինք Լեհաստան, աշնան՝ Սերպիա, մենք նաեւ հրաւիրուած ենք սեպտեմբերի սկզբիը Չինաստանի մէջ «Մեծ ութեակի» գագաթնաժողովին, մեր նախագահը նաեւ պիտի այցելէ Ճափոն, Հարաւային Քորեա, Ազրպէյճան, Հայաստան, Սէուտական Արաբիա եւ Յորդանան»,- ըսած է Իտրիսովը չորեքշաբթի կայացած զրոյցի ժամանակ: