Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորումը նոր հաղորդագրութիւններ հրապարակած է յայտարարելով, թէ «պիտի սպաննենք Լիբանանի քրիստոնեաները եւ ստիպենք անոնց, որ լքեն իրենց ապրած շրջանները»: Այս մասին այսօր գրած է «Ալ Ախպար» թերթը, որ նաեւ կը փոխանցէ, թէ Ռաքքայի մէջ տեղակայուած Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորման ղեկավարութիւնը նպատակ ունի ահաբեկչական աղմկահարոյց գործողութիւններ կատարելով մեծ տագնապ ստեղծել Լիբանանի, մասնաւորապէս քրիստոնէական շրջաններուն մէջ: Աղբիւրը նոյնպէս կը հաղորդէ, որ Տահէշի հիմնական թիրախ կը համարուի երկրի տիւրզի համայնքի առաջնորդ եւ «Ընկերվար յառաջդիմական» կուսակցութեան առաջնորդ երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը: Նշենք, որ այս առաջին անգամը չէ, որ Տահէշ նման սպառնալիքներով հանդէս կու գայ: Մօտիկ անցեալին (Մարտ 2016) Տահէշ նոյնանման սպառնալիքներով հանդէս գալով հրապարակած էր տեսանիւթ մը: