Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Տահէշի նոր սպառնալիքները ուղղուած Լիբանանին

Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորումը նոր հաղորդագրութիւններ հրապարակած  է յայտարարելով, թէ «պիտի սպաննենք  Լիբանանի քրիստոնեաները եւ ստիպենք   անոնց, որ լքեն  իրենց ապրած  շրջանները»:  Այս  մասին այսօր գրած է «Ալ Ախպար» թերթը, որ նաեւ  կը փոխանցէ, թէ Ռաքքայի մէջ տեղակայուած   Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորման ղեկավարութիւնը նպատակ ունի ահաբեկչական  աղմկահարոյց գործողութիւններ կատարելով մեծ տագնապ ստեղծել Լիբանանի, մասնաւորապէս քրիստոնէական շրջաններուն մէջ: Աղբիւրը նոյնպէս կը հաղորդէ, որ Տահէշի հիմնական թիրախ կը համարուի երկրի տիւրզի համայնքի  առաջնորդ եւ «Ընկերվար յառաջդիմական» կուսակցութեան առաջնորդ երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը: Նշենք, որ այս առաջին անգամը չէ, որ Տահէշ նման  սպառնալիքներով հանդէս կու գայ: Մօտիկ անցեալին (Մարտ 2016) Տահէշ  նոյնանման  սպառնալիքներով   հանդէս գալով  հրապարակած էր տեսանիւթ մը: 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ