Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Էրտողան նոր շրջադարձ պիտի կատարէ՞ Սուրիոյ խնդրով

Անգարա հաստատուած ռուս բարձրաստիճան դիւանագէտի մը փոխանցումով, Սուրիոյ պատերազմին քաղաքական լուծում մը ապահովելու   մտահոգութեամբ  վերջին  շրջանին Մոսկուա-Անգարա  կարեւոր  քննարկումներ եղած են: Նոյն  անձնաւորութիւնը նաեւ ըսածէ, թէ Թուրքիոյ՝  Սուրիոյ տագնապին  համար քաղաքական լուծում մը ապահովելու համաձայնութեան առաջին նախանշանները պէտք է կարդալ վարչապետ Պինալի Եըլտըրմի կատարած յայտարարութեանց մէջ: Նոյն բանբերը նաեւ դիտել տուած է, որ Թուրքիոյ նախագահը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ  ունեցած հանդիպման ընթացքին նկատել տուած է, որ ինք լաւ կը  ճանչնայ Պաշշար Ասատը եւ արգելք չունի, եթէ  Ասատ մասնակից ըլլայ Սուրիոյ մէջ փոխանցման փուլի մը ղեկավարութեան: Էրտողան, որ քննադատած է Ասատը իր ըսելով «պատերազմական ոճիրներ գործած ըլլալուն համար» , նոյնպէս դիտել տուած է, որ Սուրիոյ նախագահը  Թուրքիոյ  դէմ թշնամական քայլեր չկատարեց,  եւ չարտօնեց, որ քիւրտերը սուրիական հողերէն  դէպի Թուրքիա  ահաբեկչական գործողութիւններ կատարեն: Ռուս դիւանագէտին կարծիքով, Սուրիոյ մէջ քաղաքական համաձայնութեան  մը հիմնական երաշխիքը՝ Մոսկուա- Անգարա- Թեհրան բացուած ճանապարհնէ, առանց որուն անհնար է ապահովել սուրիական տագնապը քաղաքական ճամբով լուծելու որեւէ ընտրանք: Յիշեցնենք, որ յառաջիկայ օրերուն Թուրքիոյ նախագահը Թեհրան  պիտի այցելէ եւ   իր  ունենալիք հանդիպումներուն հիմնական  թեման յատկացուած  պիտի ըլլայ Սուրիոյ տագնապին համար քաղաքական լուծում մը ապահովելու  մասին բանակցութիւններուն:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ