Քեսապի վիճակը մտած է բնականոն հունի մը մէջ: Այս մասին գրած է «Արեւելք» կայքը: Աղբիւրը նաեւ յայտնա է- որ համեմատած անցեալ տարուան, հայկական գիւղը կ’ապրի աւելի ապահով դրութեամբ եւ նախկինին պէս գիւղին մերձ եղող լեռնային շրջաններուն մէջ զինուորական գործողութիւններ չեն արձանագրուիր: Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ Քեսապի գիւղացիները եւս անցած են բերքահաւաքի բնականոն աշխատանքին: Անոնց բերքին մեծագոյն մասը կը տարուի Լաթաքիա, ուր սպառման կարեւոր շուկաներ կան:
Նշենք, որ անցնող շաբաթներուն մեծ թիւով հալէպահայեր Քեսապ հասած են ամրան իրենց արձակուրդը հայկական գիւղին մէջ անցընելու նպատակով, իսկ անցեալ կիրակի գիւղին մէջ նշուած է Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի տօնը եւ այդ առթիւ եղած են յատուկ տօնախմբութիւններ: