Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայկական Քեսապը դէպի բնականոնացում

Քեսապի վիճակը մտած է բնականոն հունի մը մէջ: Այս մասին  գրած է «Արեւելք»  կայքը: Աղբիւրը նաեւ յայտնա է-  որ համեմատած անցեալ տարուան, հայկական գիւղը կ’ապրի աւելի ապահով դրութեամբ  եւ  նախկինին պէս  գիւղին մերձ եղող լեռնային շրջաններուն մէջ զինուորական գործողութիւններ չեն արձանագրուիր: Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ Քեսապի գիւղացիները եւս անցած են բերքահաւաքի բնականոն  աշխատանքին: Անոնց բերքին մեծագոյն մասը  կը տարուի Լաթաքիա, ուր սպառման կարեւոր շուկաներ կան:

Նշենք, որ անցնող շաբաթներուն մեծ թիւով հալէպահայեր Քեսապ հասած են ամրան իրենց արձակուրդը հայկական գիւղին մէջ անցընելու նպատակով, իսկ անցեալ կիրակի գիւղին մէջ նշուած է Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի տօնը եւ այդ  առթիւ եղած են յատուկ տօնախմբութիւններ:    

 

 


ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ