Կիրակի, Նոյեմբեր 3, 2024

Շաբաթաթերթ

Վագըֆ գիւղին մէջ հայկական ժողովրդային տուն կը կառուցուի

Հաթայի հայկական Վագըֆ գիւղէն մէջ Միհրան Ուլիկեանի ղեկավարութեամբ շինարարական գործ կը կատարուի, եկեղեցւոյ կողքին, կը կառուցուի երեք յարկանի շէնք մը՝ իբրեւ հիւրանոց ու հաւաքավայր։ Շէնքը արդէն իսկ աւարտին մօտեցած է։

Միհրան Ուլիկեանի առաջնորդութեամբ ու նիւթական օգնութեամբ մօտաւորապէս 19 տարի առաջ սկսած էր եկեղեցւոյ վերանորոգութիւնն ու շինութիւնը։ Շէնքի շինարարութիւնը աւարտած է. կը մնայ ներքին կահաւորման խնդիրը, որուն համար նոր բարերարներ կը փնտռուին։ Շէնքի երկու յարկերուն վրայ կան ինը հիւրանոցներ՝ օժտուած հանգստաւէտութեան բոլոր պայմաններով։ Վերի յարկին վրայ կայ 150 հոգի ընդունելու տարողութեամբ սրահ մը, ուր պիտի սարքուին հաւաքոյթներ: Շէնքին մէջ բաժին յատկացուած է եկեղեցւոյ հովիւին, նաեւ՝ աշխատանոց մը, ուր գիւղի կիները ձեռագործներ կամ գիւղի արտադրութիւնները պիտի վաճառեն։ Կը նշուի նաեւ, որ գիւղի կառավարիչները յաջողեցան ձեռք բերել «Վագըֆլը» անունը իբրեւ առեւտրական մակնիշ գործածելու իրաւունքը։ 

Աւելի քան մէկուկէս միլիոն լիրա ծախսուած է արդէն այս կառոյցի շինութեան համար, եւ գլխաւոր բարերարներ հանդիսացած են Պետրոս Շիրինօղլու, Իսքէնտէր Շահինկէօզի ատենապետութեամբ Օրթագիւղի Թաղային խորհուրդը, Տիգրան Կիւլմեզկիլ, Եթքին Պէրպէրօղլու եւ Ղազարոս Ունան։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ