Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

Խմբագրական. Դպրոցական վերամուտ եւ դառնանուշ խոհեր

Բարի վերամուտ Լոս Անճելըսի աւելի քան տասը հայկական ամենօրեայ վարժարաններու եւ բազմաթիւ շաբաթօրեայ դպրոցներու աշակերտութեան, ուսուցչական կազմերուն եւ տնօրէնութիւններուն։ 2016-2017 կրթական տարեշրջանը արդէն բացուած է եւ շուրջ վեց հազար հայ աշակերտներ վերադարձած են դպրոց եւ ամէն օր սկսած յաճախել հայկական վարժարաններ։ Նոյնն է պարագան հայկական միօրեայ՝ շաբաթօրեայ դպրոցներուն, որոնք տարուէ տարի համալրուած են ճոխացած նոր ծրագիրներով։

Հայ դպրոցը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը սփիւռքի տարածքին, հայը հայ պահելով, հայոց լեզուն բարձրաձայն հնչեցնելով եւ հայ աշակերտին փոխանցելով մեր պատմութիւնը, մշակոյթը, սովորութիւններն ու արժէքները։

Բազմաթիւ դրական փոփոխութիւններ կան այս տարի Լոս Անճելըսի մէջ։ Թէեւ նուազած է հայկական վարժարաններուն թիւը, սակայն, նոյն ատեն, դիմափոխուած են հայկական դպրոցները՝ նշանակելով երիտասարդ մասնագէտ նոր տարրեր տնօրէնութիւններու պաշտօններուն վրայ։ Բնականաբար, թարմ ուժերու գալուստով եւ երկար տարիներու փորձառութեան շնորհիւ, մեսրոպեան մայրենին ամէ՛ն օր հինգ տասնամեակէ ի վեր կը շարունակէ հնչել Խաղաղականի այս ափին վրայ։

Սակայն, կայ նաեւ մետաղադրամին միւս երեսը։ Մեր դպրոցները մինչեւ ե՞րբ պիտի կարենան տոկալ նիւթական հսկայական գումարներուն տակ։ Ելեւմուտը բացասական եղած է միշտ։ Հայկական վարժարանները կարիքը ունեցած են եւ ունին նիւթական միջոցներու, իւրաքանչիւր աշակերտէն գանձուող հինգէն ինը հազար տոլարի տարեկան կրթաթոշակը մէկ մասը կը փակէ միայն ընդհանուր ծախսերուն։ Փաստօրէն, նոյնիսկ երբ հայ ծնողներ հայկական վարժարանին վճարեն հարիւր առ հարիւր, այդ գումարով չեն փակուիր դպրոցական ծախսերը։ Այստեղ՝ պարտք կը զգանք մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու բարերար ընտանիքներու եւ անհատներու, որոնց շնորհիւ «քարէն հաց կը հանենք» եւ այդ «հացով» կը սնենք ամերիկահայ նորագոյն սերունդը։

Թող թուանշանները խօսին։ Երբ հարիւր հազարէ աւելի հայեր փողոց դուրս կու գան Ապրիլեան երթի, երբ առնուազն կէս միլիոն հայութիւն կը հաշուէ հարաւային Քալիֆորնիոյ հայութիւնը, վեց հազար հայ աշակերտութիւնը ճղճիմ թիւ մըն է դժբախտաբար։ Իրականութիւն է, որ այսօր, ի գին բազմաթիւ զոհողութիւններու կը պահենք հայ դպրոցը, ուր մեր աշակերտութեան մեծամասնութիւնը հայերէնի դասապահերէն դուրս՝ դպրոցին մէջ թէ դուրս, կը հաղորդակցի անգլերէն լեզուով։ Նորութիւն չէ՛, այլ՝ իրողութիւն։ Իսկ հայաշատ քաղաքներու մէջ գործող հայերէնի դասաժամերը հանրային դպրոցներուն մէջ՝ փրկութեան այլ լաստ մըն են այսօր, ուր քաղաքային կամ նահանգային նիւթական միջոցներով հայերէնը կը շարունակէ շնչել…

Դպրոցական վերամուտի այս օրերուն, խնդրելով կը պահանջենք եւ պահանջելով կը խնդրենք, որ ազգային մեր կառոյցներու պատասխանատուները քով-քովի գան եւ լրջօրէն քննեն մեր գաղութին կրթական կարիքները։

Հայերէնի երկու լեզուաճիւղերը՝ արեւմտահայերէնն ու արեւելահայերէնը կենդանի լեզուներ են Լոս Անճելըսի մէջ այսօր, ուր երկրորդը իր թիւով ու տարողութեամբ առաջնային տեղ կը գրաւէ։ Սակայն, այս մէկը առանձին նիւթ է, որուն պիտի անդրադառնանք ուրիշ առիթով։ Մինչ այդ՝ բարի՛ վերամուտ եւ բարի՛ երթ հայ մանկավարժին ու աշակերտին։

 

Օգոստոս 2016

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ