Անցեալ Ապրիլի սկիզբը, ազրպէյճանական զինուորական ներխուժումին Արցախէն ներս, եւ հայկական կողմի դիմադրութենէն 103 օր ետք, Յուլիս 17-ին «Սասնայ Ծռեր» կազմակերպութեան խումբ մը զինեալներ եւ համակիրներ – աւելի քան 30 հոգի – յարձակում գործեցին Պարեկապահակային Ծառայութեան Էրեբունիի Կեդրոնին վրայ։ Հետեւեցաւ փոխադարձ հրացանաձգութիւն։ Սպաննուեցաւ ոստիկանութեան գնդապետ Արթուր Վանոյեանը, եւ երկուստեք եղան քանի մը ծանր ու թեթեւ վիրաւորներ։ Ըմբոստները, գրաւելով ոստիկանատունը, պատանդ առին հոն ծառայողները, կարգ մը արմատական պահանջներ ներկայացնելով իշխանութեանց։ Շրջանի բնակչութիւնը եւ հայ քաղաքացիներ, ընդհանրապէս մութը կոխելէ ետք, ամէնօրեայ ցոյցեր կատարեցին ոստիկանատան շուրջ եւ յարակից փողոցներուն մէջ ներքին ապահովութեան ուժերը պաշարեցին ոստիկանատունը, ու փորձեցին ցրել ցուցարարները։ Ընդհարումներու իբրեւ արդիւնք, երկուստեք եղան քանի մը ծանր եւ յիսունէ աւելի վիրաւորներ ցուցարարներէն, ոստիկաններէն, լրագրողներէն ու լուսանկարիչներէն։ 13 օրուան ընդդիմադրութենէ ետք ոստիկանատունը գրաւողները անձնատուր եղան Յուլիս 31-ին։ Կալանաւորումները կը շարունակուին։ Պաշտօնազրկումներ կը կատարուին վարչական կարգերէն ներս։ Պիտի հետեւին դատավարութիւնները։
***
Հայրենասիրական վեհ իտէալներով եւ Արցախի ինքնապաշտպանութեան սխրագործութիւններով տոգորուած խումբ մը այս նախկին ազատամարտիկները եւ անոնց խոհակիցները, լուսանցքի մէջ թողլքուած եւ յոյժ դժգոհ իրենց տնտեսական անբաղձալի գոյավիճակէն, դիմեցին զինեալ բողոքի։ Յուլիս 17-ի աքթը խորհրդանշական պոռթկում մըն էր երկրին մէջ երկարաձգուող ապառողջ դրութեան ու կացութեան դէմ։ Բանտարկեալ Ժիրայր Սէֆիլեանի կողմնակիցներուն բռնարարքը կորսնցուց սակայն անոր պահանջատիրութեան կշիռը, ա՛յն վայրկեանէն սկսեալ երբ սպաննուեցաւ Էրեբունիի գունդի փոխհրամանատարը։
Բողոքը եւ ընդդիմադրութիւնը կազմակերպուելու է, առաջնորդուած երկրին մտաւորականութեամբ, խորհրդարանական ու ժողովրդական լայն խմբաւորումներու միասնական ճակատով, համատարած ցոյցերով բոլոր քաղաքներուն մէջ, եւ ի հարկին՝ բանակային եւ ոստիկանական կարգ մը բանալի միաւորներու օժանդակութեամբ։
Անմիջապէս հարց կը դրուի, թէ իրերայաջորդ հայրենի կառավարութիւնները, անցնող քսան տարիներուն ինչո՞ւ չեն ընդառաջած ժամանակի ընթացքին կուտակուող վատթար գոյավիճակի բարելաւման։ Արդարեւ, հանրային աշխատանքները չեն վարձատրուած համապատասխան բաւարար թոշակներով։ Պաշտօնեայի մը կամ բանուորի մը եկամուտը անբաւարար է ընտանիք մը պահելու բնական պայմաններու տակ։ Գլխաւորաբար, քաղաքացիին միջին եկամուտին անբաւարարութեան հետեւանքով, մնայուն արտագաղթը կը շարունակուի դէպի Ռուսաստան եւ արտասահմանեան երկիրներ։ Իրական մարդահամար մը հաւանականօրէն շուրջ 1.5-2 միլիոն պիտի գնահատէ Հայաստանի բովանդակ բնակչութիւնը։
Հանրապետականներու գործակից կուսակցութիւնները չեն կրնար մաս կազմել պետական կառոյցին, եթէ տիրապետական նոյն կեցուածքն ու գործելակերպը չորդեգրեն ժողովուրդին հանդէպ։ Այնպէս որ Խորհրդարանէն ներս իրենց ելոյթները կամ մամուլով կատարուած յայտարարութիւնները ձեւական բնոյթ կը կրեն։
Դժբախտաբար այս դրութիւնը կը շարունակուի Գ. Հանրապետութեան առաջին օրերէն, նուազ կամ առաւել ելեւէջներով։ Սփիւռքահայութիւնը որքան ալ մասնակցութիւն բերէ Հայաստանի վերականգնումին, վերջիվերջոյ պետական կառոյցն է, որ հայրենիքը պիտի կառավարէ ու զարգացնէ։ Տանելի չէ այսպէս միակողմանի, վաշխառու իշխանութիւն կատարել։ Երբ ողջ հայ ժողովուրդը, ներառեալ անոր ներկայ կառավարիչներէն շատեր, Արցախի ինքնավարութեան մարտերը անկախութեան առաջնորդեցին, արտօնելի չէ, որ մեր պատմութեան ամէնէն պանծալի յաղթանակներէն մէկը ձախողութեան մատնուի։ Որովհետեւ, տրոհուած ազգաբնակչութիւն մը, կենսական անբաւարար պայմաններու տակ, չի կրնար անվերջ տոկալ սպառնական կոհակներուն, որոնք յատկապէս կու գան Ատրպէյճանէն կամ Թուրքիայէն։
Ռուսաստանի համար հիմնականն ու կարեւորը զինուորական խարիսխի մը գոյութիւնն է Հայաստանի մէջ, Հարաւային Կովկասի մէջ իր ռազմավարական տիրապետութեան համար։ Ատիկա լաւագոյնս կը պատկերացուի իր զօրակայանի տեղակայութեամբ Գիւմրիի մէջ, Թուրքիոյ արեւելեան սահմանագծի անմիջական հարեւանութեամբ։ Փոխադարձ ապահովութեան երկարամեայ դաշինք մը կ՚ամրագրէ այդ ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ։ Աքցանուած Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ Ռուսիոյ հետ դաշնակցութիւնը անառարկելի ֆիզիքական ապահովութիւն է Հայաստանի համար։ Միաժամանակ, հայրենի երկրին քաղաքական ամպհովանի կրնայ տրամադրել միայն շրջանին մէջ տիրապետող մեծ երկիր մը, եւ ոչ թէ հեռակայ այլ միաւոր մը կամ հաւաքական ուժ մը։ Պատմական լաւագոյն նախընթացներ են Քոսովոյի (1999-2008), Վրաստանի (Օգոստոս 2008), Հարաւային Սուտանի (2011) եւ Ուքրանիոյ (2013) օրինավիճակները։
Սակայն դժբախտութիւնը ա՛յն է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները Ռուսիոյ – նաեւ արեւմտեան ընկերութեանց – վաճառած են երկրին բնական հարստութիւնները. Աթոմակայանէն եւ Որոտան գետի ելեկտրակայանէն սկսեալ, մինչեւ մոլիպտէնի, ոսկիի, պղինձի, երկաթի եւ հանքային այլ հանածոներ, ինչպէս նաեւ քոնեաքի ու ճարտարարուեստական այլ գործարաններ։ Մեծ մասը վերոյիշեալ գործառնութեանց ստիպողականութեան տակ չէ կատարուած։ Հայկական կողմը երբեք պարտաւորութիւնը չունէր անձնատուական հոգեբանութեամբ մօտենալու կամ գործելու յիշեալ բարեկամութեան ծիրէն ներս։ Տնտեսական, ընկերային, մարզական, զինուորական ինքնապաշտպանութիւնը ամուր հիմերը կազմելու են հասարակարգին։ Անորակելի հոգեբանութեամբ, ու պարզապէս քաղցած չարաշահութեամբ իրականացած են երկրին գործարքները վարչակազմին կողմէ։ Մեր օրերուն, կայքերու մէջ բացայայտուած են հայ պետական ղեկավարներու, եւ յատկապէս անոնց ընտանեկան պարագաներու անունով կատարուած դրամական ներդրումները օտար դրամատանց ու գործառնութիւններու մէջ։
Արտասահմանեան հայ գործարարներու բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ, կանուխէն կամ ժամանակի ընթացքին, խափանուած են կամ դատապարտուած ձախողութեան դաժան պայմանաւորումներու հետեւանքով։
Գնայուն են վարչակարգերը։ Հետեւողական ճիգերով կազմակերպելու է ժողովրդային համախմբումը, դիմակալելու համար ներքին եւ արտաքին բոլոր փորձութիւնները։
Ժամանակները նպաստաւոր չեն Հայաստանի համար. ներկայիս կը դիմագրաւենք վտանգաւոր շրջան մը Լեռնային Ղարաբաղի ապագային նկատմամբ։ Հայրենիքի ընկերային-տնտեսական-օրէնսդրական գոյավիճակը կը կարօտի անյետաձգելի բարեփոխման։
Հայ ժողովուրդը, դարաւոր փորձառութիւնն ունի համբերատար ինքնազարգացումի։ Համաժողովրդական անոր անկրկնելի արտայայտութիւններն էին Սարդարապատի ճակատամարտը եւ Արցախեան ինքնապաշտպանութեան պայքարը։ Ատենն է, որ հայրենի իշխանութիւնները խելամտին տիրող կացութեան, եւ համապատասխան շինարար բարեկարգումներու դիմեն։ Պարզամտութեան արդիւնք չեն այս արդար ակնկալութիւնները։
Էրեբունիի դէպքերու ընթացքին, Հայաստանի ժողովուրդը չդիմեց համընդհանուր ցուցարարական բողոքի։ Սակայն հայրենիքի մթնոլորտը անհանդարտ է։ Տիրող հասարակարգը անյապաղ կը կարօտի ընդհանուր բարեփոխումներու բոլոր կառոյցներէն ներս։
Պահն է ղեկավար մարմիններու անյետաձգելի զգաստութեան։