Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2024

Շաբաթաթերթ

Եւրոպական Միութեան տագնապը.Վաչէ Սեմերճեան

Երկու աւերիչ համաշխարհային պատերազմներէն ետք, եւրոպական պետութիւններու վարիչները, համոզուած, որ տնտեսական միութեան մը կազմութենէն ետք ապագայի հաւանական պատերազմները անկարելի կը դառնան, նախաձեռնեցին ստեղծել Հասարակաց Շուկայ մը։ Առաջին հանգրուանին ծնունդ առաւ Եւրոպական Տնտեսական Համայնքը, ապա՝ Եւրոպական Քառածուխի եւ Պողպատի Համայնքն ու Եւրոպական Աթոմական Ջերմուժի Համայնքը՝ Իւրաթոմ կարճ անունով։ Ասոնց միացումով պիտի ստեղծուէր Եւրոպական Հասարակաց Շուկան։

Առաջին վեց անդամ պետութիւններն էին Ֆրանսա, Գերմանիա, Իտալիա, Պելճիքա, Հոլանտա եւ Լիւքսեմպուրկ, որոնք 1957-ին ստորագրեցին Հասարակաց Շուակայի սկզբնական համաձայնութեան աքթը՝ ստեղծելով Եւրոպայի ազատ շուկայական խմբաւորումը։ Շուկային անդամակցութիւնը, յաջորդ տասը տարիներուն, հասաւ 12-ի, յաւելումովը՝ Տենմարքի, Իրլանտայի, Փորթուկալի, Սպանիոյ, Յունաստանի եւ վերջապէս՝ Բրիտանիոյ։ Օգոստոս 2013-ին Եւրոպական Միութեան կ՛անդամակցէին արդէն 28 պետութիւններ. 12 սկզբնական անդամները, ապա՝ Յունուար 1, 1995-ին անդամակցեր էին Աւստրիան, Ֆինլանտան եւ Շուէտը, իսկ 2004-ի Յուլիս 1-ին կը միանային 10 նոր անդամներ՝ Կիպրոս, Չեխիա, Էսթոնիա, Հունգարիա, Լաթվիա, Լիթուանիա, Մալթա, Լեհաստան, Սլովաքիա եւ Սլովենիա։ Պուլկարիա, Ռումանիա եւ Խրուաթիա երկու առիթներով միացան Համայնքին։

Առողջ, տնտեսապէս առոյգ, քաղաքական հասունութեամբ օժտուած Միութենէն տակաւին դուրս կը մնան Իսլանտան, Մասետոնիան, Մոնթէնեկրոն եւ Թուրքիան եւ անշուշտ՝ Խորհրդային Միութեան ձախողութեան հետեւանքով անկախացած երկիրները՝ Ռուսաստանն ու քսան մեծ ու փոքր պետութիւններ՝ որոնց շարքին նաեւ՝ փոքրիկ Հայաստանը։

Եւրոպական Միութեան առաջնահերթ նպատակներէն մէկն էր անդամակցութեան հրաւիրուած պետութիւններուն տնտեսական ծրագիրներու հաշտեցումն ու միացումը, ընկերային զարգացումներուն համադրումը եւ յառաջացումը՝ քաղաքական միութեան մը բոլոր անդամներուն միջեւ՝ Դեկտեմբեր 31, 1991-էն, գործադրուիլ սկսաւ ապրանքներու, ծառայութիւններու, աշխատաւորներու եւ զբօսաշրջիկներու ազատ եւ անկաշկանդ շրջագայութիւնը Եւրոպական Միութեան մէջ։ Ստեղծուեր էին նաեւ երկրագործական, ծովամթերային եւ հիւլէական հետազօտութեանց հասարակաց փոխանցումի կապերը։

Պատմական որոշում մը առնուեցաւ 1991 Դեկտեմբերին՝ Հոլանտայի Մաասթրիխթ քաղաքին մէջ ստորագրուած համաձայնութեամբ, որուն հետեւանքով ստեղծուեցաւ ԵՈՒՐՕ եւրոպական հասարակաց դրամանիշը։ Եւրոպական Կեդրոնական Դրամատունը հաստատուեցաւ 1998-ին, որուն առաջին գործերէն մէկն էր հասարակաց դրամանիշին ազատ եւ համատարած գործածութիւնը իրագործել։ Յաջորդ տարին՝ 1999-ին ատենի 15 պետութիւններէն 11-ը որդեգրեցին Եուրօ դրամը։ Երեք տարի ետք՝ 2002-ին 12 պետութիւններ իրենց ազգային աւանդական դրամանիշերը ջնջելով, գործածել սկսան եւրոպական հասարակաց դրամը՝ Եուրօն։

 

***

Միութիւնը զգալի փոփոխութիւններ կրած է։ Եւրոպացիներ տակաւին կը վայելեն չորս ազատութիւնները՝ թէ ո՞ւր կրնան երթալ, թէ ո՞ւր կրնան փոխադրուիլ, դրամը ուր եւ ինչպէս ծախսել եւ ընկերային ծառայութիւնները ինչպէ՛ս կրնան օգտագործել։ Միութեան 28 պետութիւններու քաղաքացիները ազատութիւնը ունին ապրելու, փոխադրուելու եւ աշխատելու ուր որ ուզեն՝ առանց կորսնցնելու առողջապահական ապահովագրութիւնը, ընկերային այլազան իրաւունքները։ Այս բոլորին հետ, Միութեան անդամները կրնան իրենց սեփական հայրենիքին մէջ ալ քուէարկել՝ ազգային խորհրդարանն ու կառավարութիւնը պահելով։ Աւելին, Միութեան քաղաքացիները ամէն հինգ տարին անգամ մը իրենց ներկայացուցիչները կ՛ընտրեն Եւրոպայի Խորհրդարանին համար։ Այս ընելով հանդերձ, Պրիւքսելի եւրոպական կառավարութեան կառոյցը անտեսանելի կը մնայ քաղաքացիին համար, որ սակայն կ՛ենթարկուի այդ «անտեսանելի» կառավարութեան հազարաւոր օրէնքներուն, կարգադրութիւններուն եւ պանաջներուն։

Գործադիր կառավարութիւնը կը ղեկավարուի Եւրոպական Յանձնախումբ կոչուող մարմինի մը միջոցով, որուն 28 ներկայացուցիչները նշանակուած են անդամ-պետութիւններու կողմէ։ Օրէնքները կը պատրաստուին եւ կը քուէարկուին Եւրոպական Խորհրդարանին կողմէ, որու անդամները ընտրուած են եւրոպացի բոլոր քաղաքացիներու ազատ քուէարկութեամբ։ Երբ անդամ պետութիւններու միջեւ հարցեր կամ անբաւարար որոշումներ խանգարեն պետական գործընթաց մը, Արդարադատութեան Եւրոպական Դատարանը վերջին խօսքը կ՛ունենայ։

Ստեղծուած գոյավիճակը յաճախ կը քննադատուի որպէս ոչ ռամկապետական, քանի մը պատճառներով։ Եւրոպական Խորհրդարանն է միակ կառոյցը, որուն անդամները ժողովուրդի ուղղակի քուէարկութեամբ կ՛ընտրուին, բայց Խորհրդարանը տկար կառոյցն է։ 2007 թուականի Լիզպոնի դաշնագրով, պետական կառոյցը աւելի տկարացաւ։ Այսօր, Եւրոպական Միութիւնը ունի նախագահ մը եւ արտաքին գործերու նախարար մը, որոնք ԿԸ ՆՇԱՆԱԿՈՒԻՆ միայն, եւ ՉԵՆ ԸՆՏՐՈՒԻՐ։ Նոյն ատեն, Եւրոպական Միութիւնը կրնայ օրէնք մը վաւերացնել, նոյնիսկ եթէ անդամ պետութիւն մը հակառակի անոր։

Եուրոյի դրամանիշը միակ գործածուողն է Եւրոպական Միութեան տարածքին, բացի Բրիտանիայէն եւ Տենմարքէն, որոնք որոշեցին իրենց ազգային դրամանիշը պահպանել։ Անդամ պետութեանց մէջ աղքատի եւ հարուստի իրավիճակը ակնառու է հակառակ եուրոյի հասարակաց գործածութեան եւ արժէքի անխախտ պահպանումին։ Եւրոպական Կեդրոնական Դրամատունը կը հակակշռէ դրամական գործառնութիւնները. հակառակ այս իրողութեան, 2008 թուականի տնտեսական տագնապի օրերուն, ի յայտ եկաւ որ Յունաստանը, Իրլանտան եւ Փորթուկալը ի վիճակի չէին իրենց ազգային պարտքերը վճարելու։ Գերմանիան եւ հարուստ միւս պետութիւնները օգնեցին որ տագնապը փարատի։ Եւ այն պահուն երբ եուրոն հակակշռուած էր, յայտնուեցաւ ուրիշ տագնապ մը – գաղթականութեան տագնապը։

Անցեալ տարի, 2015-ին, մարդկային զանգուածային շարժում մը մէկ միլիոնէ աւելի գաղթականներ բերեր էր Եւրոպա։ Գաղթականներ՝ Իրաքէն, Սուրիայէն, Աֆղանիստանէն եւ Հիւսիսային Ափրիկէէն վտանգաւոր կացութիւն մը ստեղծած են Եւրոպական Միութեան համար։ Գերմանիոյ վարչապետ Անժելա Մերքելի յայտարարութիւնը, թէ՝ Գերմանիա պատրաստ է մէկ միլիոն գաղթականներ ընդունելու, աւելի բարդացուց իրավիճակը։ Ուրեմն, գաղթականութիւնը ցնցեց Յունաստանը, Իտալիան, Պուլկարիան, Հունգարիան, Աւստրիան ու Սլովենիան, որոնք սահմանային հակակշիռ վերահաստատել սկսան։

Գաղթականութեան այս նոր շարժումը գլխաւոր ազդակն է Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու Բրիտանիոյ որոշումին։ Գերմանիա առաջարկ մը պարտադրեց՝ գաղթականները բաշխելու եւրոպական մեծ ու փոքր պետութեանց սահմաններէն ներս. որոշում մը, որուն կտրականապէս դէմ են Լեհաստանի, Հունգարիոյ եւ Չեխիոյ նման բարեկեցիկ պետութիւններ։ Հակագաղթականական շարժումներ ծայր տալ սկսած են Հոլանտայի, Ֆրանսայի, Շուէտի նման երկիրներէ ներս։ «Եւրոպայի հասկացողութիւնը, որ Միութեան հիմնադիր մեր հայրերը ունէին, շատ ծանր վտանգի ենթարկուած է», կ՛ըսէր Ֆրանսայի վարչապետ Մանուէլ Վալսը, մտահոգութիւն մը, որ ի զօրու է այսօր Եւրոպայի տարածքին։

 

Կլենտէյլ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ