Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

ՌԱԿ-ի Երախտաւորները. Էտկար Շահին

Փորագրական արուեստի տաղանդաւոր վարպետ՝ Էտկար Շահին

Վիեննա, 1874 – Փարիզ, 1947

 

ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ

 

Որպէս անմար լուսաստղ, երախտաւոր Էտկար Շահին ծնած էր Վիեննա՝ 31 Հոկտեմբեր 1874-ին։ Փոքր տարիքին ընտանեօք կը տեղափոխուի Պոլիս, ուր հայրը՝ Պետրոսը կը ստանձնէ «Պանք Օթթոմանի» տնօրէնի պաշտօնը։ Այդ օրերուն յարգուած անձնաւորութիւն էր ան պետական շրջանակներուն կողմէ ու կրցած էր նիւթապէս փայլուն վիճակի հասնիլ։

Նախնական կրթութիւնը Պոլսոյ մէջ ստանալէ ետք, ան միջնակարգ վարժարանի ուսանողութեան շրջանին յատուկ սէր  ու հետաքրքրութիւն ցոյց կու տայ նկարչական արուեստի հանդէպ։ Հօրը նիւթական քաջալերանքով ան յատուկ դասընթացքի կը հետեւի Մելքոն Տիրացուեանի արուեստի հսկողութեան ներքեւ։ Տիրացուեան նկատելով պատանիին արուեստագէտի տաղանդը, կը թելադրէ, որ հայրը զինք ուղարկէ Իտալիա կատարելագործելու իր ուսումը՝ հետեւելով արուեստի յառաջացած դասընթացքներու։

Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան հաստատութենէն ներս արուեստի մօտենալէ ետք, կը յաճախէ Գեղեցիկ արուեստի ակադեմիան աշակերտելով իտալացի նկարիչ Անթոնիօ Պաոլետտիին։ Իտալիոյ մէջ գեղանկարչական որոշ փորձառութիւն շահելէ ետք, 1895-ին կ՛որոշէ տեղափոխուիլ Փարիզ, ուր կը յաճախէ հանրայայտ «Ժուլիան» ակադեմիան, ու իր մասնակցութիւնը կը բերէ ֆրանսացի արուեստագէտներու ցուցահանդէսին։ Երախտաւորը 22 տարեկանին (1896) կը մասնակցի ֆրանսական նկարիչներու ընկերութեան տարեկան ցուցահանդէսին, որ կը կոչուէր Ֆրանսական Սալոններ, իր «Մարդկային Թշուառութիւն» խորագիրը կրող գեղանկարչական կտաւներով։ Յաջորդ երեք տարիներուն կը շարունակէ իր մասնակցութիւնը բերել զանազան ցուցահանդէսներու, ուր ամենախիստ քննութիւնը կը կատարուէր արուեստագէտի մը գործերը գնահատելու։

Այս շրջանին գեղանկարչութեան թեման, որ ընտրած էր 1900-ին Փարիզի համաշխարհային ցուցահանդէսին, իրեն շնորհեց ոսկի մետալ, իսկ 1903-ին, այս անգամ Վենետիկի մէջ 20 գործերով մասնակից դարձաւ դարձեալ համաշխարհային ցուցահանդէսին ու խլեց ոսկի մետալ մը եւս։ Շահին սկսած էր օգտագործել «Օֆորտ» տեսակը, որ փորագրական արուեստն է։ Ան իր յաջողութիւնը յետագային պիտի գտնէր «Օֆորտ» օգտագործելով, այսինքն մետաղէ թերթիկ եւ սուր գործիք, առանց լաք ու թթու կիրարկելու նկար ստանալու համար, ծանօթ որպէս «չոր ասեղի» արուեստը, որ Շահինը կատարելագործեց։

Հայրենի հողին սէրը արուեստի միջոցաւ ան արտայայտեց, երբ 1904-ին «Ալեւոր հայը» գործով իր յատուկ վարպետութեամբ, ի յայտ բերաւ հայ շինականի խրոխտ ու առնական կերպարը։ Յետագային նաեւ շատ մը գործեր հայրենասիրական ոգիով ներշնչուած էին, որոնցմէ կարեւոր մի քանին այսօր կը գտնուի Երեւան։

1910-ին առաջին անգամ Շահինը կը հանդիպէր Գրիգոր Զօհրապին. անոր խորհուրդով յետագային ստեղծագործեց Անիի հովիտի եկեղեցիին առջեւ փրկուած ու իրարու նեցուկ կանգնած հայ որբերը։ Իսկ 1915-ի Մեծ Եղեռնը նոյնպէս արձագանգուեցաւ Շահինի գործերուն մէջ։

Փարիզ հաստատուելէն ետք, Շահին անշուշտ իր համեստ մասնակցութիւնն ալ պիտի բերէր ատենոյ տեղւոյն ազգային եռուզեռին, հակառակ փոքրաթիւ հայկական գաղութ մը ըլլալուն, ուր հաստատուած էին Պոլսէն գաղթած Շահինի ընտանիքին ծանօթ շատեր։

1911-ին Չօպանեանի հետ իր մտերմութեամբ, ան մաս պիտի կազմէր Ազատական թեւին (վերակազմեալ), որուն առաջնորդներէն էր Հրաչ Երուանդը։

1916-ին Թիֆլիսի մէջ կազմակերպուած «Հայ արուեստագէտներու միութեան» անդրանիկ ցուցահանդէսին, Շահինի Օ-Ֆորթները ցուցադրութեան կը դրուին։ Իսկ յաջորդին, Միութեան նախագահ Եղիշէ Թադեւոսեան կը հրաւիրէ Շահինը, որ հայրենական պատիւ զգալով, կ՛ուղարկէ 24 նոր փորագրութիւններ։ Պէտք է ըսել, որ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք (1921) այդ գործերը կրկին անգամ ցուցադրութեան դրուեցան այս անգամ Երեւանի մէջ։

Ականաւոր արուեստագէտ որպէս, Շահին օժտուած էր մարդկային անբասիր, համեստ ու ազնիւ նկարագիրով. այս մասին արտայայտուած է նաեւ անգլիացի գրող Կապրիէլ Մուտէյը, զայն նկարագրելով որպէս ֆրանսական մշակոյթի մէջ պատուաւոր տեղ գրաւած իր մայր ժողովուրդի ստեղծագործական ու կատարելութեան ձգտող ոգիին առաջին դեսպանը Եւրոպայի մէջ։

Երախտաւորին միջազգային համբաւը զինք դարձուցած էր հանրածանօթ ատենոյ Եւրոպայի հայկական գաղութներէն ներս։ 1920-ին, Արշակ Չօպանեանի կողքին ան կազմակերպեց մերձեցման հաւաքներ Ռամկավար եւ Ազատական հոսանքներուն Փարիզի մէջ, ու յետագային եղաւ ջատագովը Պոլսոյ մէջ հռչակուած Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, իսկ աւելի ուշ՝ 1926-ին հիմնադիր անդամներէն՝ Փարիզի մէջ «Անի» ֆրանսահայ արուեստագէտներու միութեան, քաջալերելով երիտասարդ գեղանկարիչներու տաղանդը։

Միայն տարի մը առաջ էր (1925), երբ ֆրանսական կառավարութիւնը իրեն շնորհած էր քաղաքացիութիւն։

Շահինին գործերուն մէկ մասը հրոյ ճարակ դարձաւ տարի մը ետք, երբ իր արհեստանոցը հրդեհէ վնասուեցաւ։

Իր տքնաջան աշխատանքին շնորհիւ ան սիրուած ու փնտռուած վարպետ մըն էր փորագրական արուեստի մէջ, դառնալով յանձնակատար ֆրանսական արուեստի ու կարգ մը եւրոպական նկարչական ընկերութեանց նախագահութեան անդամ։

1928-ի տարեվերջէն առաջ իր վայելած ժողովրդականութեան շնորհիւ, Ֆրանսայի Օրն շրջանի թանգարանը կոչուեցաւ Շահին Թանգարան։ Գնահատելով բերած նպաստը սփիւռքի մշակութային կեանքին ու կերպարուեստի զարգացման, նոյն տարին ան եղաւ պատուակալ անդամ Խորհրդային Հայաստանի Կերպարուեստագէտներու Միութեան։ 1932-ին ֆրանսական կառավարութիւնը իրեն շնորհեց պատուոյ լէգէոնի ասպետի աստիճան ու համապատասխան շքանշան։

1936-ին, նախ՝ Երեւանի ու ապա Թիֆլիսի մէջ, կը կազմակերպուի Շահինի շուրջ երկու հարիւր գործերու ցուցահանդէսը, իսկ աւելի ուշ՝ 1940-ին, երկու տարբեր առիթներով, նոյն իր գործերը կ՛արժանանան մեծ գնահատանքի, երբ անոնք ցուցադրութեան կը դրուին Լենինկրատի հանրայայտ Արմիթաժ թանգարանի ցուցասրահը։ Ցուցադրուած գործերու հաւաքածոն Շահին նուիրեց Հայաստանի պետական պատկերասրահին հետեւեալ գրութիւնը ուղարկելով Կերպարուեստագէտներու Միութեան. «Կը յուսամ, որ մօտ ապագային մէջ սրտիս փափաքը պիտի կարողանամ իրագործել եւ գալ համբուրել մեր Հայաստանի սրբազան հողը…»։

1942-ին տարբեր դժբախտութեան մը առջեւ պիտի գտնուէր Էտկար Շահին. այս անգամ իր արհեստանոցը գտնուած գործերէն ոմանք կը վնասուին հեղեղի մը պատճառաւ։ Յետագային, կարելի կը դառնայ այդ գործերէն ոմանք փրկել ու տեղափոխել։

1947-ին Հայաստան գտնուած իր գործերուն մէկ մասը նաեւ ցուցադրութեան կը դրուի Մոսկուայի Արեւմտեան Արուեստի թանգարանին մէջ։ Նոյն տարին ազգահաւաքի աշխատանքներով կլանուած էր ֆրանսահայ գաղութը, իսկ Շահինը իր երազած հայրենի սրբազան հողը համբուրելու փափաքէն պիտի զրկուէր, յաւիտեան իր աչքերը փակելով 1947 Մարտ 18-ին։

Երախտաւոր ու տաղանդաւոր վարպետին գործերը այսօր կը գտնուին ու կը ցուցադրուին հանրայայտ թանգարաններու ցուցասրահներու մէջ։ Իսկ տարուէ տարի, կարգ մը ֆրանսահայ բարերարներու միջոցաւ կարելի դարձած է անոր գործերը հասցնել 250-ի, որոնք կը գտնուին Երեւանի պետական պատկերասրահին մէջ։ Այս հաւաքածոյէն մաս մըն ալ, առանձին ցուցասրահի մէջ, մնայուն ցուցադրութեան դրուելով կը ծառայէ որպէս դպրոց կրաֆիք արուեստի։

Էտկար Շահինի ծննդեան 100-ամեակին առիթով, Երեւանի Պետական Պատկերասրահէն ներս ցուցադրուեցան հոն գտնուող բոլոր գործերը։ Իսկ 1994-ին երբ իր որդին Փիէր Շահինը մեկնած էր Երեւան, իր հօր ծննդեան 120-ամեակի միջոցառումին, հետը բերած հօրը գունանկարչական գործերը, որ նուիրեց պատկերասրահին, ճոխացնելով Շահինի հայաստանեան հաւաքածոն։

Լոս Անճելըս


 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ