Կիրակի, Նոյեմբեր 3, 2024

Շաբաթաթերթ

Սահմանին իրավիճակը համեմատաբար հանգիստ է, կրակոցներու թիւը պակսած է. Սէյրան Օհանեան

Սահմանին իրավիճակը համեմատաբար հանգիստ է, կրակոցներու թիւը պակսեր է: Այս մասին, այսօր՝ 31 օգոստոսին լրագրողներու հետ զրոյցին նշեց ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը:

«Կրակոցներ կան, խախտումներ կը պատահին մեր հարեւաններու կողմէ: Մենք անկանոն կրակոցներուն չենք պատասխաներ, կը փորձենք այնպէս ընել, որ լարուածութիւն չըլլայ»,-ըսած է նախարարը:

Այն հարցին, թէ արդեօ՞ք իրավիճակը կարելի է համարել փոթորիկին նախորդող հանգստութիւն, նախարարը պատասխանած է. «Զինուած ուժերու գործողութիւններու մէջ միշտ ալ մեր գործողութիւնները փոթորկի նման են:Մենք միշտ կը պահենք զգոնութիւնը եւ պատրաստ ենք դիմագրաւել փոթորիկին»:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ