Սեպտեմբեր 2, 1991 եւ Սեպտեմբեր 21, 1991։
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն եւ Հայաստանի Հանրապետութիւն։
25 տարի։
Քսան եւ հինգ տարեկան են այսօր մեր պատմական Արցախն ու չորս հազարամեայ Հայաստանը՝ «միշտ հին ու նոր, ի՛մ Հայաստանը»։
Սուղ, շա՛տ սուղ վճարեցինք եւ դեռ կը վճարենք անկախութեան գինը։ Անկախութիւնը շատ «թանկ նստեց» մեր վրայ։ Տեսանք 1988՝ Սումգայիթ եւ Պաքու, տեսանք ահաւոր երկրաշարժ, տեսանք շրջափակում՝ աջէն ու ձախէն, տնտեսական տագնապ, ընկերային ամենատարրական հարցերէն մինչեւ հսկայական գործարաններու թալան, պատերազմ, պատերազմ եւ պատերազմ։ Հարուածը ամէն կողմէ էր. ինկան Արթուր Մկրտչեանը եւ Մոնթէ Մելքոնեանը, տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 27-ի չարաբաստիկ սպանդը հայոց խորհրդարանին մէջ, ուր ինկան Կարէն Դեմիրջեանը, Վազգէն Սարգսեանը եւ ուրիշներ։ Նոյն պահուն հայութիւնը կ՚ունենար նոր կաթողիկոս, իսկ կառավարութիւնը՝ նոր դիմագիծ, բայց նոյն բազմիմաստ «ճանապարհով»։ Վրայ հասաւ 2008-ի Մարտի 1-ը եւ… ծնունդ առին այսօրուան «խենթերը»՝ «Սասնայ ծռերը»…
Այո, անկախութեան գինը թանկ վճարեց հայ ժողովուրդը Հայաստանի մէջ, իսկ փոքրիկ, սակայն իր ուժովն ու ներուժովը հսկայ Արցախը դարձաւ կենսանիւթ եւ թթուածին համայն հայութեան համար:
Ի՞նչ է մեր դերն ու գործը այսօր։
Պահե՛լ ներկան, պահե՛լ Արցախը, պահե՛լ Հայաստանը։ Հաւատա՛լ մեր ուժերուն, հաւատա՛լ մեր ներքին ձայնին եւ հետեւի՛լ անոր: Վստահիլ միայն ու միայն սեփական ուժերուն եւ միաժամանակ բա՛ց պատուհաններ պահել բոլոր հարեւաններուն եւ մեծ պետութիւններուն հետ:
***
Բարի՛ տարեդարձ Արցախ եւ Հայաստան, մենք ձեզի հետ ենք եւ ձեզի հետ պիտի մնանք յաւիտեան, որպէս մէկ մասնիկը Հայուն եւ Հայաստանին։ Դուք մեր սէրն էք, մեր կեանքն էք, մենք պարզապէս ԿԸ ՍԻՐԵՆՔ ՁԵԶ, ինչպէս որ կաք, սիրահարի մը պէս, երբեմն կուրօրէն, բայց ամենակարեւորը՝ անխառն՝ ՀԱՐԻՒՐ ԱՌ ՀԱՐԻՒՐ։