Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Սնանկացած թեկնածուներ

Մէկ տարիէ ի վեր Միացեալ Նահանգներու նախագահական թեկնածութեան պայքարը կը շարունակուի հեռատեսիլի և լրատուական զանազան միջոցներու պաստառներուն և էջերուն վրայ, զգաստ պահելով ամերիկացին և նաև մեզ, հայերս: Չեմ գիտեր ինչո՞ւ մեզ, պարզ ու ռամիկ հայերս, որովհետեւ ոչ մէկ ամերիկացի նախագահ առանձնայատուկ գործ չէ նուիրած հայերուն, բացի խոստումներէ: Բայց և այնպէս, որպէս ամերիկեան քաղաքացիներ, կը հետեւինք լուրերուն, մէկս հանրապետական, միւսս դեմոկրատ, յաճախ զիրար այպանելով կամ յանդիմանելով և վերջապէս վիճաբանելով կամ՝ կռուելով: Բայց մեզի ի՞նչ տարբերութիւն, այնքա՞ն ալ առաջնահերթ է այս նիւթը աւելի քան մեր հայրենիքին լուրերը և այնտեղի զարգացումները: Սակայն, այստեղ կրկին կը հակակշռէ մեր միտքին մէջ ամերիկեան քաղաքացիութեան պատկանելիութիւնը, որտեղ կ՚ապրինք և շատ հաւանաբար, ուղղակի կամ անուղղակիօրէն ազդեցութիւն ունենայ մեր կեանքի ընթացքին վրայ: Ուստի, պահ մը քննարկենք նախագահական երկու թեկնածուներուն անհատական, բարոյական, քաղաքական, ղեկավարման և այլ կարողութիւնները, որմէ ետք եթէ յաջողինք, կը կարենանք գաղափար մը կազմել իրենց արժանիքներուն մասին:

Դեմոկրատ կուսակցութեան թեկնածուն՝ Հիլըրի Քլինթընը, նախկին առաջին տիկինն է՝ իր ամուսնոյն Պիլ Քլինթընի նախագահութեան ժամանակաշրջանին (1993-2001), նախկին արտաքին գործոց նախարար՝ 2009-2013 և Նիւ Եորքի շրջանի ներկայացուցիչ, որ այժմ կը պայքարի հանրապետական թեկնածու, ազատ գործարար և մեծահարուստ միլիառատէր Տանըլտ Թրամփի դէմ, Միացեալ Նահանգներու նախագահական պաշտօնին համար:

Ընթերցողին ներողամտութիւնը պիտի հայցեմ, եթէ զինք վիրաւորած ըլլամ ներքոյիշեալ տուեալներովս, որոնք յերիւրուած չեն, և ոչ ալ իմ անհատական կարծիքն են: Սոյն տուեալները քաղուած են գրաւոր մամուլէն, արխիւներէ և տեսաժապաւէններէ:

Տիկ. Քլինթըն ունեցած է քաղաքական հարուստ փորձառութիւն: Ան Արքընսաս նահանգին մէջ, 1975 թուականէն սկսեալ զբաղած է իրաւաբանական ապա՝ քաղաքական գործունէութիւններով, իր ամուսնոյն, Պիլ Քլինթընի հետ, եւ մինչև այսօր: Ունի զօրաւոր անհատականութիւն շրջապատին և իր ընտանիքին հանդէպ: Ունի հարուստ փորձառութիւն քաղաքական մարզերուն մէջ, հակառակ ամուսնոյն զարտուղի արկածախնդրութիւններուն: Պարագայ մը, որ յաճախ զինք մատնած է անել պարագաներու: Իր «առաջին տիկին»-ի տարիներուն, եղած է ամուսնոյն ուղղորդը կարգ մը հակասական հարցերու մէջ, որոնցմէ նշանաւորներէն եղած են Foster Care-ը, Adoption-ը, կարգ մը նախագահական ներումներ և դատական հարցեր: Իսկ մինչև իր արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնին աւարտը, ան ունեցած է հակասական այլ հարցեր, ինչպէս՝ Աֆղանիստանի և Իրաքի ներխուժման, Արաբական Գարնան, Լիպիոյ գայթակղութեան և Իրանի հիւլէական ոյժի կանխարգիլման հարցերը, մինչև իր նախագահական թեկնածութեան արշաւը: Իր ամուսնոյն հետ ունին «Քլինթըն Ֆաունտէյշընը», որ ըստ յայտարարութիւններուն, կը ծառայէ բարեսիրական նպատակներու: Դեմոկրատական համագումարէն ետք փսփսուքներ տարածուած են անոր առողջական վիճակին վերաբերեալ, որոնք հանրապետականներուն խծբծանքին առարկայ դարձած են:

Կը պաշտպանէ միասեռական կազմակերպութիւնը, կիներու իրաւունքները, ժողովրդային առողջապահական ապահովութիւնը, ծնողական արձակուրդը, համաշխարհային նախա-դպրոցական ձրի հոգատարութիւնը, կողմնակից է համաշխարհայնացման, կը խոստանայ հաւասարութիւն և օգնութիւն ընծայել փոքրամասնութիւններուն և ներգաղթողներուն, քուէարկութեան նուիրատուութիւններու սահմանում, Նիւ Եորքի սակարանի վերակարգաւորում և ունի նաև այլ ծրագիրներ:

Տանըլտ Թրամփ, հանրապետական թեկնածուն, չունի որևէ քաղաքական փորձառութիւն: Ան իր հօրմէն ժառանգած է կալուածային և շինարարական հաստատութիւնը, որ իր հմտութեամբ զարգացնելով զայն, դարձած է աշխարհի մեծահարուստ 400 միլիառատէրերէն մին: Ան նշանաւոր դարձած է Էն. Պի. Սի. հեռատեսիլի կայանի եթերէն իր յայտագիրով և համաշխարհային գետնի վրայ կը վայելէ հմուտ գործարարի տիտղոս, հակառակ ճարպիկ միջոցներով ձերբազատուելով պարտատէրերէ: Իր նախագահական օրակարգը անզուսպ և համարձակ կերպով կը ներկայացնէ առանց որևէ զղջումի կամ նկատումի: Կը սպառնայ պատ հիւսել Մեքսիքոյի և ԱՄՆ-ի սահմանի երկայնքին, երկրէն վանել բոլոր անօրէն քաղաքացիները, արգիլել ֆանաթիք իսլամներու մուտքը, կ՚առաջարկէ հսկողութիւն բանեցնել բոլոր մզկիթներուն վրայ, հակառակ է NAFTA-ի և TPP-ի, առևտրական համաձայնագրեր, որոնք իրենց ակնկալուած արդիւնքը չեն տուած, կ՚առաջարկէ դադրեցնել գաղթական հոսքը այն երկիրներէն, որոնք սպառնալիք են Ամերիկայի։ Վերանայիլ գաղթականութեան եւ առողջապահական օրէնքներուն, կարգ մը երկիրներու հետ առևտրային համաձայնութիւններ և այլ ծրագիրներ, որոնք արդէն գայթակղեցուցած են իր հակառակորդները և ոտքի հանած բնիկ և «ճերմակ» ամերիկացին:

Թրամփ տակաւին չունի համայն հանրապետական կուսակցութեան նեցուկը մինչև այսօր, հակառակ Քլինթընին, որ կը վայելէ դեմոկրատներուն նեցուկը կարգ մը աննշան թերացումներով:

Աշխարհի հզօրագոյն պետութիւնը, այսօր աշխարհին կը ներկայանայ վերոյիշեալ երկու թեկնածուներով: Մէկը միւսը ստորնացնելով և զանազան գոյնզգոյն մակդիրներով և ածականներով զիրար այպանելով, այս երկու թեկնածուներէն մէկը պիտի դառնայ Ամերիկայի յաջորդ նախագահը:

Ուրիշ մէկը չկա՞ր:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ