Կիրակի, Դեկտեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

Ղարաբաղ. անոր ժամանակը մեր օգտին դարձնենք.Սագօ Արեան

ԼՂՀ անկախութեան 25-րդ տարեդարձին առթիւ

 

 Յառաջիկայ Ուրբաթ օր` 2 Սեպտեմբերին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը պիտի նշէ իր անկախութեան 25-րդ տարեդարձը:

Արեան շաղախով եւ հայ ժողովուրդի միասնութեան կամքով մեզի, բոլորիս համար սուրբ համարուող այս հողակտորը, անցնող տարիներուն դարձաւ յաղթանակի իսկական կոթող:

Առանց չափազանցելու, հայութեան բոլոր շերտերը, Միջին Արեւելքի ամէնէն «տոհմիկ» համարուող գաղութներէն մինչեւ ամերիկաներ Ղարաբաղը դարձաւ ոչ միայն ներշնչման աղբիւր, այլեւ՝ մեկնակէտ: Սկիզբը փամփուշտ ու զէնք եւ ապա աղիւս ու պատ շարեցինք Ղարաբաղին համար: Մեզմէ շատ շատերը, անոր արահետներն ու լեռնային անցքերը դարձուցին իրենց համար իրական ուխտատեղի: Ճանապարհ կառուցեցինք Ղարաբաղի համար: Յաղթանակի ամրոց տեսանք այս հողը եւ կառչեցանք անոր, հաւատալով, որ ղարաբաղեան էջին շրջումով պիտի փակենք մեր պատմութեան ամէնէն ծանր էջը: Իր ինքնութեան հանդէպ մեծ հարցադրումներ ունեցած հայն անգամ, իր արմատներուն վերադարձաւ այս հողին վրայ թափուած արեան եւ քրտինքին համար:

25 տարի: 25 տարի շարունակ ապրեցանք Ղարաբաղին համար եւ՝ յանուն:

Մեր բոլոր վէճերը եւ տարակարծութիւնները լռեցին, երբ խօսեցանք անոր ամրակուռ պարիսպներուն մասին, խօսեցանք այդ պարիսպներուն դիմաց եւ հպարտացանք ամէն անգամ, երբ տեսանք հայ զինուորին քաջարի կեցուածքը:

Այս բոլորը 25 տարի:

Այսօր նոր փուլի մը անցնելու ժամանակն է: Վերջին մէկ տարուան ընթացքին, Ղարաբաղի շուրջ եղած խօսակցութիւնները, դէպքերը, «մթագնումը մեծ» եւ անոր զաւակներուն արիասիրտ պաշտպանութիւնը այդ մասին կը խօսին:

Քաղաքական կամրջումներու եւ հայ-թուրք դարաւոր պայքարին մէջ օղակ դարձած Ղարաբաղը, սովորական հակամարտութեան մը դրուագը չէ:

Ինքնութեան եւ անվտանգութեան խրամատներով հերոսական դարձած այս հողին մէջ պատգամները ոչ միայն պատմական, այլ կենեթիք խորք ունին:

Խորունկ է անոր իմաստը եւ այդ խորութեան դիմաց կ’ակնկալուի, որ մենք աւելիով արժեցնենք հոն կերտուած յաղթանակներուն իմաստները:

Եթէ Կովկասի մէջ դարաւոր ներկայութիւն եղած հայ պիպլիական ժողովուրդին ապրիլը հովանաւորուած է իր արդէն իսկ 25 տարուան աւանդ ունեցող եւ անկէ առաջ ալ երկար տարիներ ԽՍՀՄ կազմին մէջ եղած ու «բարօր» օրեր ապրած հողակտորին ամուր ու պինդ սահմաններով, ապա անուրանալի է, որ մեր նոր պատմութեան առաջին յաղթական կրակոցը կու գար Արցախէն:

Արցախը կը մաքրէր մեզ:

Մենք անով կը դառնայինք աւելի՛ հայ ու աւելի՛ պահանջատէր:

Կը վերադառնայինք մեր ինքնութեան եւ բոլորս մէկ կը վերցնէինք մեզի նետուած պատմութեան «վիրաւոր» ձեռնոցը:

Ու այս բոլորէն անդին կը շահէինք գոյատեւելու ու մանաւանդ արժանապատիւ ապրելու իրաւունքը:

Անշուշտ այս բոլորը եղան շնորհիւ մեծ զոհողութիւններու եւ մարդկային վիթխարի զոհաբերութիւններու: Սփիւռքը եւս ապրեցաւ այս բոլոր փուլերուն մէջ, ու թէեւ մարդկային ներուժի առումով սփիւռքի տուած զոհողութիւնները եղան նօսր, բայց եւ այնպէս տարբեր շերտերու, տարբեր հարթութիւններու եւ տարբեր մակարդակներու վրայ նոյն սփիւռքի երակները աշխատեցան ու «արիւն» տուին Արցախին:

Արիւն տուին այո՛, բայց նաեւ առաւել ստացան հպարտ գոյութիւն մը պահպանելու սրբազան իրաւունք: Ու այս բոլորէն անդին ու վեր, Արցախը միաւորեց տարբեր երանգներու, տարբեր գաղափարներու եւ տարբեր հիմքերու վրայ իրենց «ես»ը կառուցած հայութեան մասնիկները:

Մէկը դարձաւ բոլոր եւ բոլորը դարձաւ Արցախին համար ու յանուն:

Սեպտեմբեր երկուքը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան 25-րդ տարեդարձին օրն է: Այն անկախութեան, որուն ամրութիւնը կայմ դարձած է հիմնուելով Արցախի վէմերուն ու խորունկ կիրճերէն վեր սլացող քառաշերտերուն վրայ:

Ու այն անկախութեան, որուն պահապան հերոսները, պահապան հրեշտակներու նման պատրաստ են իրենց ամէնէն թանկը տալ, տալ իրենց արիւնը՝ պահպանելու համար Արցախի հերոսական սահմանները:

Այդ սահմանները միայն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմանները չեն, այլ՝ Հայաստանի եւ Մեծն Հայքի հայութեան սահմաններն են: Ոչ միայն կապուածութեամբ, ազգային տեսակի, երակներու, անցեալի, հաւաքական բնազդի, մեծ մեռելներու, տոհմի, օճախի եւ այս բոլորէն անդին ցեղի խորհուրդներէն վեր սլացող միասնութեան մը սահմաններն են, այլ՝ աւելին:

25 տարուան բոլոր մեծ տրոփումներուն դիմաց, բոլոր մկրտուածներուն, բոլոր հողին համար մարտիրոս դարձած, սիրոյ եւ աղօթքի լեռներուն մէջ իրենց եսը մոռցածներուն հողն է Արցախը:

Քաղաքական տարրերու, շերտերու մէջ եղող խօսակցութիւններուն, բանակցութիւններուն, քարտէզներուն՝ նոր կամ հին, գրուած կամ գրուելիք Արցախի սահմանին կեցած զինուորին խօսքը մէկ է:

Չկա՛յ պարտութիւն:

Ինչ ալ ըլլան հոլովոյթները, ինչքան ալ սեղմուին օղակները Կովկասի մէջ իր վերջին հայրենիքը կերտած հայութեան համար՝ Արցախը ինչպէս երէկ, այսօ՛ր ալ ծանր ու թէժ պահերու մեր ժողովուրդի ինքնագիտակցութեան ամէնէն վառ գօտին է՝ էզոթէրիք կարմիր կէտը, որմէ կ’անցնին մեր մարմնին արիւն տուող բոլոր երակները:

Ու ատոր համար է նաեւ, որ Արցախի մէջ եղող բոլոր համազարկերը, բոլոր կրակոցները, արկերը, պայթումները, հզօր բազուկներու շարժումները եւ սահմանը պահող տղոց վսեմ հայեացքը ելեկտրականութեան հոսանքի պէս կ’անցնին մեր մարմնէն:

Էութենական մեծ հարցադրումներուն դիմաց, «Կովկասի մէջ տագնապ կայ կամ չկայ» հարցումին առջեւ մեզի համար ժամանակի սլաքներուն շարժումները թանկ են:

Մեծ գործ կայ ըլլալիք Արցախի համար:

Մեծ պայքար յանուն Արցախին:

Մեր տան խորքը պատրաստելով, մաքրելով մեր սիրտը եւ փրկելով մեր հոգին ու Արցախի արդար հողին քրտինքէն ծնած արդիւնքը տարածելով աշխարհով մէկ:

Մշակելով, ծառ տնկելով, հող հերկելով, տուն կառուցելով:

Դարձնելով գեղեցիկ ու մշտական հայոց տուն, որ եկած է դարերէն ու կը խօսի մեր հազարամեայ նախահայրերուն լեզուով եւ մեզի վայել օրհնութեամբ:

Արցախի ժամանակը մենք է, որ պիտի լարենք, կայմենք, մշակենք, մեր ձեռքերուն վրայ դաջենք, դնենք Արցախը մեր սրտի երակներուն մէջ ու ապրինք անով ու ապրեցնենք անով ու ապրինք անոր համար:

 

Երեւան 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ