Ներող եղիր Վարդուհի՛, որ չկրցայ ներկայ գտնուիլ Ա. տարելիցիդ արարողութեան՝ ի Ս. Պետրոս, Վէն Նայս, Քալիֆորնիա։ Ես ալ նախանձելի վիճակի մը մէջ չէի, բայց ամբողջ օրը քու մասիդ կը մտածէի՝ ետ երթալով մինչեւ 1965-66 տարեշրջանը, երբ հանգամանքներու բերումով քու շրջանաւարտութեանդ տարին յայտնուեցայ ձեր դասարանը։ Իւրայատուկ դասարան մըն էր, մէկ սիրտ եւ մէկ հոգի, քոյր ու եղբայր, մտերմիկ ընկեր-ընկերուհիներով շուրջ երեսուն հոգինոց դասարան մը։
Դասարանէն ոմանք իմ թաղի ընկերներս էին Պէյրութի հայահոծ Խալիլ Պատաուի հայաշունչ թաղամասէն, ոմանք նախակրթարանի ընկերներս էին, որոնցմէ «մրրկաւ» չէի բաժնուած, այլ իմ ծնողներուս փափաքով ղրկուեր էի ՀԲԸՄ-ի Յովակիմեան-Մանուկեան Մանչերու Երկր. Վարժարանը, մինչ ընկերներէս ոմանց ծնողները նախընտրած էին իրենց զաւակները յանձնել մեր թաղի նախակրթարանի Ռուբինեան վարժարանի տնօրէն Պրն. Արմէն Ղարիպի բացած Նոր Բարձրագոյն վարժարանին։
Դասարանը զիս ընդունեց յատուկ յարգանքով, որովհետեւ վեց տարի յաճախած վարժարանիս տնօրէնութիւնը քաղաքական պատճառներով անցանկալի նկատած էր աւարտական դասարան հասած Յովակիմեանցիս։ Նոր տարեշրջանին անարգել ընդունուեցայ եւ անմիջապէս մերուեցայ նոր միջավայրիս հետ, որուն մէջ էական դեր խաղաց դասարանի կաթնասպիտակ մաշկով, միշտ աշխոյժ, վառվռուն ու գրասէր Վարդուհի Քէշիշեանը, որ յետագային իր ընտանկան բոյնը պիտի կազմէր Յովակիմեանէն տակաւին ինծի ծանօթ Գառնիկ Գոճայեանի հետ (ոչ մէկ ազգականական կապ)։
Վարդուհիին եւ իմ միջեւ նեղլիկ անցք մը կար միայն, զոր երբեմն մեր դասաւանդ ուսուցիչները կը չափչփէին պարզապէս քալած ըլլալու սիրոյն։ Գրեթէ բոլոր դասապահերուն պատճառները չէին պակսեր սրամատութիւններ փոխանակելու Վարդուհիին հետ։ Երբ կը ժպտէր ան, աւելի կ՚անուշիկնար։ Ժպիտն ու ծիծաղը իրեն համար ստեղծուած էին։
Ըսի կաթնասպիտակ էր եւ այդ իսկ պատճառով ես կամ ուրիշներ, հիմա լաւ չեմ յիշեր, իրեն շնորհած էին «կաթիկ» մակդիրը։
Մոլի ընթերցասէր մըն էր, սքանչելի ձեռագիրը կլոր-կլոր ելեւէջներով ու դարձուածքներով ցոյց կու տար արուեստագիտուհիի մը թաքնուած տաղանդը, որ շատ շուտով ի յայտ եկաւ որպէս ձայնասփիւռի խօսնակ, ՀԵԸ-ի դերասանուհի, ասմունքող, բծախնդիր կազմակերպիչ եւ այլն։ Իրեն կը պարտիմ կեանքիս մէջ առաջին անգամ բեմին վրայ պարելու անճարակութեանս ցուցադրութիւնը, որ միայն ինծի համար նկատելի եղաւ այդ չարաբաստիկ օրը։
Բեմ սկսած էի բարձրանալ վերջին երկու տարիներուն Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանի կից Գալուստ Կիւլպէնկեան թատերասրահին մէջ որպէս զուարճախօսութիւններ պատմող եւ մանաւանդ որպէս նուագախումբի թմբկահար, բայց պարո՞ղ՝ երբեք։ Այս մէկը կը պարտիմ Վարդուհիին եւ դէպքը պատահեցաւ հետեւեալ հանգամանքներու դասաւորութեամբ։
Նոր Բարձրագոյն Վարժարանի նախկին ուսուցիչներէն Վարդան Թաշճեանն ու Գէորգ Յակոբեանը մեծ ժողովրդականութիւն սկսած էին վայելել Լեռնալիբանանի Տիւրզիներու անպաշտօն մայրաքաղաք Պաագլինի մէջ՝ շնորհիւ իրենց բերած նորութիւններուն, նուիրուածութեան ու ջանասիրութեան։ Երկուքն ալ Մելգոնեանցի ըլլալով առանց արուեստի ու գեղարուեստական հանդէսներու կեանքը իր իմաստէն կը զրկուէր։ Եւ օր մըն ալ անոնք կը մտածեն իրենց նախկին վարժարանի շրջանաւարտ դասարանը հրաւիրել Պաագլինի դպրոցը եւ աշակերտութիւնն ու ամբողջ համայնքը զուարճացնել հայկական ու լիբանանեան գեղարուեստական մթնոլորտով։ Ամիսներ առաջ սկսան փորձերը։ Վարդուհին գլխաւոր առանցքն էր եւ յայտագրի բծախնդիր ծրագրողը։ Ունէինք պարի մէջ տաղանդ ունեցող տղաք ու աղջիկներ՝ Երջանիկը (մականունը մոռցած եմ հիմա), Սաթամեան Մանուկը, մի քանի հեզաճկուն աղջիկներ (բոլորն ալ մեծ մայրեր այժմ)։ Վաղամեռիկ Վարսենիկ Ճղալեանը կը բաւէր Ֆէյրուզեան երգերու իր կատարեալ մեկնաբանութեամբ ծափահարութիւններ խլելու հանդիսատեսներէն։
Գարնան գեղեցիկ օր մը հիւրընկալ վարժարանի հանրակառքով կը պատրաստուէինք ուղղուիլ Պաագլին, երբ լուր եկաւ որ պարողներէն մէկը սաստիկ կռիփէ բռնուած ըլլալով պիտի չկրնար իր բաժինը բերել։ Իրարանցում, ջղագրգիռ վիճակ, անէծք եւ նոյնիսկ մեղադրանք բացակայ հիւանդին հասցէին թէ՝ ուրիշ օր մը չգտա՞ւ հիւանդանալու։
– Բնաւ իրարու մի՛ անցնիք,- յանկարծ լսուեցաւ Վարդուհիին ձայնը,- Երջօն տասնհինգ վայրկեանէն Մինասին կը սորվեցնէ տէպքին ալ (լիբանանեան ժողովրդական խմբական պար), քոչարին ալ։
– Անկարելի՛ է,- պոռթկացի ես,- կեանքիս մէջ երբեք չեմ պարած եւ ոտքերս իրար կ՚անցնին, խայտառակ կ՚ըլլանք։
– Բան մըն ալ չես ըլլար ծօ՛,- պնդեց Վարդուհին,- հասնելնուս Երջօն կը սորվեցնէ,- ինչ որ մենք ընենք դուն ալ նոյնը կ՚ընես։
Ես, որ բեմէն չէի վախնար, այժմ պաղ բան մը սողունի պէս կ՚իջնէր աղիքներէս վար…
Բեմայարդարումը վերջացուցի, բայց ուշքս ու միտքս պարելու վրայ էր՝ հապա եթէ ոտքերս իրարու անցնէին եւ իյնայի բեմին վրայ…
Ամբողջ դպրոցը տօնական մթնոլորտի մէջ էր. աշակերտներէն զատ ծնողներ ու քովի գիւղերէն ալ եկած էին եւ պատուհաննէրէն ներս կը հասնէին անհամբեր ժողովուրդին խանդավառ ճիչերը. «Հայ արուեստագէտները կը պատրաստուի՜ն…»։ Մեզի անանկ կը թուէր, թէ այս պարզ ու ազնիւ մարդիկը բացի «ժազալէն» (արաբական գուսանական երգեր ու տաղեր) ուրիշ ձեռնարկներու ներկայ չէին եղած։
Յայտագիրը բացաւ Վարդան Թաշճեանը, որ այդ պահուն իր երջանկութեան գագաթնակէտին վրայ էր եւ, ինչպէս ինք յաճախ կը կրկնէր յետագային, լոլիկ կտրած էր։
Երգեցինք, արտասանեցինք, պարեցինք (մի քանի անգամ ոտքերս խառնուեցան), Վարսենիկը դարձաւ գլխաւոր դիցուհին իր առինքնող ձայնով։ Բեմ բարձրացաւ Պրն. Տնօրէնը, որ երջանկութեան մէջ կը լողար, եւ դրուատալից մեծ խօսքեր ըսաւ հայ ազգին ստեղծագործ ու մաքառող ոգիին մասին, կրկին մեզ հրաւիրեց իր դպրոցը, որպէս մեր հարազատ տունը։ Վերջաւորութեան հսկայ ծաղկեփունջ մը բարձրացուցին բեմ։ Բոլորս միասին Վարդուհին առաջ քշեցինք, որպէսզի ինք ստանար երախտիքի նուէրը։
Շրջանաւարտ ըլլալէ ետք մտանք կեանքի ասպարէզ, շարունակեցինք մեր համալսարանական կրթութիւնը, դարձանք ճարտարապետ, ուսուցիչ, դեղագործ, գործարար, հաշուապահ, տնտեսագէտ եւ այլն, բայց երբեք չմոռցանք զիրար, ինչպէս Պաագլինի այդ նշանաւոր հանդէսը, որուն մասին կ՚ըսեն թէ տեղաբնիկ ժողովուրդը երկար ատեն պատմած է, որպէս կարեւոր իրադարձութիւն մը իրենց գիւղաքաղաքին մէջ։
Տարիներ ետք Վարդուհին եւ ես յատնուեցանք նոյն հայկական վարժարանին մէջ, ինք՝ տնօրէնի յատուկ օգնականի հանգամանքով, իսկ ես ուսուցիչի ու հայկական բաժանմունքի վարիչի պարտականութեամբ։ Ես՝ Գոճայեանս դարձայ Գառնիկ եւ Վարդուհի Գոճայեաններու զաւակներուն՝ Արային ու Մարալին հայերէնի ուսուցիչը, յետոյ կինս միացաւ մեզի նոյն դպրոցէն ներս, յաճախ եղանք իր հիւրընկալ յարկին տակ եւ կը թուէր թէ մենք մեր թոշակառուի խաղաղ կեանքը պիտի վայելէինք զաւակներով ու թոռներով, բայց անագորոյն հիւանդութիւնը խամրեցուց մեր դասարանի «կաթիկը», աղուոր շագանակագոյն մազերը ձիւնի մէջ թաթխեց եւ օր մըն ալ պատահեցաւ անխուսափելին։
Այժմ իր տարելիցին տխուր առթիւ կրկին անգամ կ՚երթամ ետ, մինչեւ 1965-66 թուականը, մինչեւ Պաագլին ու կը վերապրիմ անճարակ պարս։
Եղբայրաբար՝
Մինաս Գոճայեան
Լոս Անճելըս, 21 Օգոստոս 2016