Կիրակի, Դեկտեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

Ձախող պետական հարուածը Թուրքիոյ մէջ եւ անոր անդրադարձները

Անցեալ Յուլիս 15-ին, պետական հարուածի փորձ մը կատարուեցաւ, գլխաւորաբար Անքարայի եւ Իսթանպուլի մէջ, օդուժի սպայակոյտի  քանի մը անդամներու, ինչպէս նաեւ զինուորական եւ ապահովական ուժերու կարգ մը միաւորներուն կողմէ։ Առաջնորդուած Ինճիրլիքի զինուորական օդանաւակայանին մէկ զօրավարին կողմէ, «Խաղաղութեան տան մէջ» կոչեցեալ շարժումին զինուորական խորհուրդը, ռմբակոծել տուաւ Անքարայի Խորհրդարանը, գրաւելով կարգ մը բանալի կեդրոններ, յատկապէս մայրաքաղաքին եւ Իսթանպուլի մէջ։ Զինեալ բախումներ յառաջացան ըմբոստ բանակայիններու եւ իշխանութեան հաւատարիմ զինուորներու եւ ոստիկաններու միջեւ։ Ապստամբութիւնը շուտով ձախողեցաւ, չվայելելով բանակի մեծամասնութեան, ընդդիմադիր կուսակցութեանց ու ժողովրդային լայն զանգուածներու զօրավիգը։

Նախագահ Էրտողան, որ արձակուրդի մէջ էր երկրին մէկ ամարանոցին մէջ, Ուրբաթ գիշեր իսկ էջք կատարեց Իսթանպուլի «Աթաթիւրք» օդանաւակայանին մէջ, հրահրելով իր կողմնակիցները փողոց իջնելու, դիմադրելու եւ հալածելու համար ըմբոստները։ Տեղի ունեցան կարճատեւ բախումներ բանակայիններու, ոստիկաններու եւ ցուցարարներու միջեւ։ Մայրաքաղաքին եւ Իսթանպուլի մէջ մահացան քանի մը հարիւր – շուրջ 300 – զինուորներ, ու վիրաւորուեցան աւելի քան 2,000 անձեր։ Յաջորդեցին հաւաքական ձերբակալութիւններ՝ աւելի քան 6,000, որոնց շուրջ 2,900-ը ներքին ապահովութեան շարքերէն ներս։ Կախակայուեցան 15,000 կրթական պաշտօններ, 2,745 դատաւորներ, որոնցմէ 406-ը Պետական Խորհուրդէն եւ 140-ը Վճռաբեկ Ատեանէն։ Բանակային կարգ մը զօրավարներ իրենց հրաժարականը ներկայացուցին։ Ջնջուեցան անձնական դպրոցներու մէջ պաշտօնավարող 21,000 ուսուցիչներու արտօնագիրները, ամբաստանուելով իբրեւ հաւատարիմ անդամներ Ֆեթհուլլա Կիւլէնի շարժման։

Երկրին ընդդիմադիր կուսակցութիւնները դատապարտեցին պետական հարուածի փորձը։ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը վերապահ մնաց։ ՆԱԹՕ-ն եւ Եւրոպական Միութիւնը կոչ ուղղեցին Թուրքիոյ ժողովրդավարական կառոյցի եւ անոր միջազգային կազմակերպութեանց պահպանման ի խնդիր։

Էրտողան այպանեց Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Ղեկավարութիւնը (Central Command) դաւադիրներուն կողմնակալութեամբ, պահանջելով միաժամանակ Ֆեթհուլլա Կիւլէնի արտահանումը ու Թուրքիոյ յանձնումը։

 

***

 

Մեկնաբանելու եթէ ըլլանք պետական հարուածի այս փորձը, հետեւանքը կարելի է նկատել Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան հետեւողական ջնջումին, մարդկային իրաւունքներու անտեսումով, եւ երկրին մէջ 1923-էն՝ հանրապետութեան հիմնումէն իվեր աշխարհիկ (secular) իշխանութեան շիջումով։ Յատկապէս 2003-էն իվեր, երբ Էրտողան վարչապետ դարձաւ, եւ 2007-ին երբ կազմակերպեց դատավարութիւններ՝ կեղծ ամբաստանութիւններով դատապարտելով ու պաշտօնազրկելով սպաներ – ծանօթ՝ իբրեւ sledgehammer գործողութիւն-արարք։ Իսկ 2014-ին, երբ նախագահ դարձաւ, անիկա բացայայտօրէն ճզմեց իր մնացեալ հակառակորդները՝ լրագրողները, ակադեմականները, ու նոյնիսկ վերացուց երեսփոխաններու անձեռնմխելիութիւնը։ Անիկա ձեռնարկեց քրտական ընդդիմադրութեան ճզմումին զինուորական գործողութիւններով։

Դէպքը պետական հարուածէ աւելի ըմբոստութիւն էր, զինուորական խմբակի մը կողմէ։ Իշխանութիւնները այնքան արագօրէն եւ յաջողութեամբ հակազդեցին, որ կարծես նախապէս տեղեակ էին կատարուելիքէն։ Էրտողան, յեղաշրջումի վաղորդայնին, «Աթաթիւրք» օդանաւակայանին մէջ, երբ ելոյթ ունեցաւ Ուրբաթ գիշեր, անիկա դաւաճանութեամբ ամբաստանեց 1999-ին Ամերիկայի Փենսիլվանիոյ նահանգը ապաստանած Ֆեթհուլլա Կիւլէնը։ Էրտողան, օգտագործելով նախագահական իր լայն իրաւասութիւնները, պիտի շարունակէ արմատական մաքրագործումներ կատարել բանակին, եւ յատկապէս արդարութեան ու դաստիարակութեան բնագաւառներէն ներս։ Անիկա կը ձգտի բարեփոխել նաեւ երկրին սահմանադրութիւնը, նախագահական նոր իրաւասութիւններով անարգել տիրապետելու համար։

Միջազգային քաղաքականութեան մարզէն ներս, հակառակ ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան, Թուրքիա մասնակից չեղաւ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան կողմէ Ռուսիոյ պարտադրուած տնտեսական պատժամիջոցներու գործադրութեան՝ Ուքրանիոյ տագնապի հարցով։

2015-ի ռուսական օդանաւի ծանօթ դէպքին շուրջ տասը ամսուան լարուած մթնոլորտէ մը ետք, վերջերս Ս. Փեթերսպուրկի հանդիպումէն ետք Փութինի հետ, ռուս-թուրք փոխյարաբերութիւնները վերականգնումի մէջ են։ Թուրքիա բարելաւման յարաբերութիւններու ձեռնարկած է նաեւ Իրանի հետ։ Իսկ օդէն կախուած է իսլամ գաղթականներու հարցը Եւրոպական Միութեան հետ, ազատ վիզայի դրութեան պահանջքով՝ թրքահպատակներու համար։

Քրտական հարցին մէջ, Անքարա անզիջող կեցուածք որդեգրած է, մէկ կողմէ անխնայ ճզմելով հարաւ-արեւելեան նահանգներու մէջ քրտական զինեալ ընդդիմադրութիւնը, իսկ միւս կողմէ զինուորական արշաւ կատարելով Սուրիոյ հետ իր հարաւային սահմաններու երկայնքին եւ անկէ ներս, Սուրիոյ քրտական զինեալ ընդդիմադրութեան ջոկատներուն դէմ։ Ճարապլուսէն ներս թրքական հրասայլերու ներխուժումը լաւագոյն ցուցանիշն է այդ քաղաքականութեան։

Վերոյիշեալ զարգացումներու լոյսին տակ, մանաւանդ Փութինի հետ հանդիպումէն ետք,  Միացեալ Նահանգներ բարեփոխած է իր դիրքորոշումը, ոչ միայն նուազեցնելով յանուն ժողովրդավար սկզբունքներու իր անուղղակի հակաթուրք քարոզչութիւնը, այլ իր փոխ-նախագահին՝ Պայտընի միջոցով ողոքելու լարուածութիւնը ՆԱԹՕ-ի իր դաշնակիցին հետ։ Մէկ միլիոնը անցնող գաղթականներու յորձանքին տակ, Եւրոպական Միութիւնն ալ կը փորձէ լեզու գտնել Թուրքիոյ հետ, հակակշռելու համար գլխաւորաբար անկէ շարունակուող գաղթականական հոսանքները։

ԻՍԻՍ-ի դէմ  պայքարը եւ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին երկարաձգումը, կը բարդացնեն Միջին Արեւելքի քաղաքական կացութիւնը։ Էրտողանի մենատիրական, այլ աննախատեսելի նախաձեռնութիւնները լուրջ դժուարութիւններու առջեւ կը դնեն արեւմտեան երկիրներու, ինչպէս նաեւ Ռուսական Դաշնութեան դիւանագիտութիւնը։

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ