ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր հրամանագիր ստորագրեց Կարէն Կարապետեանին ՀՀ վարչապետ նշանակելու մասին: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը։
Հրամանագրի մէջ նշուած է. «Ղեկավարուելով 2005 թուականի փոփոխութիւններով Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 55-րդ յօդուածի 4-րդ կէտով՝ կ’որոշեմ. Կարէն ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆԻՆ նշանակել Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ»:
Կը ներկայացնենք ՀՀ 14–րդ վարչապետի կենսագրութունը:
Ծնած է 1963թ. օգոստոսի 14-ին:
ԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ
1970-1980թթ. սորված եւ աւարտած է Երեւանի Լ. Թոլսթոյի անուան միջնակարգ դպրոցը:
1980-1985թթ. Սորված եւ գերազանցութեան տիպլոմով աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի կիրառական մաթեմաթիկայի ֆաքուլթեթը:
1989թ. ստացած է տնտեսագիտութեան թեկնածուի գիտական աստիճան:
2010թ. ստացած է տնտեսագիտութեան դոկտորի գիտական աստիճան, ունի 32 գիտական աշխատանք:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ
1985-1996թթ. աշխատած է ՀՀ պետփլանի հաշոււողական կեդրոնի մէջ, գիտութեան եւ մշակոյթի գործիչներու միութեան մէջ: Միաժամանակ դասաւանդած է ԵՊՀ-էն ներս:
1996-1998թթ. Աշխատած է «Հայէներկո» ՊՁ-ին մէջ որպէս գլխաւոր տնօրէնի տեղակալ:
1998-2001թթ. Աշխատած է «Հայէներկո» ՓԲԸ-ին մէջ որպէս գլխաւոր տնօրէն:
2001թ. նշանակուած է ՀՀ ջերմուժի նախարարի տեղակալ:
2001-2010 թթ. եղած է «ՀայՌուսկազարտ» ՓԲԸ-ի վարչութեան նախագահ-գլխաւոր տնօրէնը:
2009թ. ՀՀԿ համամասնական ցուցակով ընտրուած է Երեւան քաղաքի աւագանու անդամ:
2010-2011թթ. Երեւանի քաղաքապետ:
2011-2016 թթ. «Կազփրոմպանք» ԲԲԸ առաջին փոխնախագահ։
2013 թուականէն «ԱՌԷՔՍԻՄՊԱՆՔ-ԿԱԶՓՐՈՄՊԱՆՔԻ ԽՈՒՄԲ» Խորհուրդի անդամ:
ՊԱՐԳԵՒՆԵՐ
2006թ. ՀՀ նախագահի հրամանագրով պարգեւատրուած է «Անանիա Շիրակացի» մետալով: 2008թ. ընտրուած է «Առէքսիմպանք» ՓԲԸ խորհուրդի նախագահ:
2008թ. ԼՂՀ նախագահի հրամանագրով պարգեւատրուած է «Անանիա Շիրակացի» մետալով:
Յիշեցնենք, որ ՀՀԿ խորհուրդի նիստին ունեցած ելոթին մէջ Կարէն Կարապետեան հաւաստիացուցած էր, որ ամէն ինչ պիտի ընէ արդարացնելու այդ վստահութիւնը: Ան նաեւ նշած էր, որ մօտ ժամանակներս պիտի ներկայացնէ երկրի զարգացման վերաբերեալ ծրագիր, որ բաղկացած պիտի ըլլայ երկու փուլէ: Առաջին փուլը պիտի ներառէ այն հնարաւոր արագ փոփոխութիւններն ու յաջողութիւնները, որոնք կրնան որոշ առումով վստահութիւն եւ հաւատ ներշնչել ծրագրի նկատմամբ, իսկ երկրորդ փուլը պիտի ըլլայ Հայաստանի հեռանկարային զարգացման տեսլականը: