Կիրակի, Դեկտեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

ԵԱՀԿ դիտարկում Ֆիզուլիի մէջ

Սեպտեմբերի 14-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւններու հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն` ԵԱՀԿ առաքելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծի փլանային դիտարկում պիտի իրականացնեն Ֆիզուլիի շրջանի  Կարախանպէյլի բնակավայրի արեւելեան ուղղութեամբ:

ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն դիտարկում պիտի իրականացնեն ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Քասպշիկը եւ անոր դաշտային օգնականներ Կենատիէ Պետրիկան /Մոլտովա/  ու Խրիստո Խրիստովը /Պուլկարիա/:

ԼՂՀ իշխանութիւնները պատրաստակամութիւն յայտնած են աջակցիլ դիտարկման աշխատանքներուն եւ ապահովել ԵԱՀԿ առաքելութեան անդամներու անվտանգութիւնը:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ