Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

Արթուր Դաւթեան ընտրուած է ՀՀ գլխաւոր դատախազ

Ազգային ժողովը Սեպտեմբեր 15-ին փակ գաղտնի քուէարկութեամբ Հայաստանի գլխաւոր դատախազ ընտրած է միակ թեկնածու, ՀՀ գլխաւոր դատախազի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Արթուր Դաւթեանը:

Մինչ այդ Դաւթեան ՀՀ գլխաւոր դատախազի տեղակալն էր:

ՀՀ գլխաւոր դատախազի պաշտօնը թափուր է Օգոստոս 4-էն, երբ Գէորգ Կոստանեան առողջական խնդիրներու պատճառով դիմեց ՀՀ նախագահին` խնդրելով ընդունիլ ՀՀ գլխաւոր դատախազի պաշտօնէն ազատուելու վերաբերեալ իր դիմումը:

Արթուր Դաւթեան ծնած է 1978-ի Դեկտեմբեր 8-ին (38 տարեկան), Շիրակի մարզի Հոռոմ գիւղին մէջ:

Դատախազութեան համակարգին մէջ է 2006-էն, իրաւաբանական գիտութիւններու թեկնածու է, արդարադատութեան 2-րդ դասի խորհրդական է, 2013-2016-ին եղած է Երեւան քաղաքի դատախազ: 2012-2013-ին` Երեւան քաղաքի Շէնգաւիթ վարչական շրջանի դատախազ, 2008-2012 թուականներուն` ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան մարդու իրաւունքներու դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու գործերով վարչութեան պետի տեղակալ, 2007-2008-ին` ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան մարդու իրաւունքներու դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու գործերով վարչութեան աւագ դատախազ, 2006-2007-ին` ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան հետաքննութեան եւ նախաքննութեան օրինականութեան նկատմամբ հսկողութեան վարչութեան դատախազ 2000-2006-ին` ԵՊՀ քրէական դատավարութեան եւ քրիմինալիստիկայի ամբիոնի դասախօս:

Կը դասախօսէ Հայաստանի մէջ Ֆրանսական համալսարանին, Երեւանի Պետական Մանկավարժական համալսարանին մէջ:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ