Անցնող օրերուն լրատուութիւն կատարուած էր Սուրիոյ Քընէյթրա շրջանին վրայ խոցուած երկու իսրայէլեան օդանաւերու մասին, որոնցմէ մին անօդաչու էր: Սուրիոյ իշխանութիւններուն մօտիկ համարուող աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ Սուրիոյ բանակին կատարած այս քայլը աննախընթաց էր եւ այդ գործողութիւն իրականացած է ռուսական գերարդիական Սէմ -5 Էս-200 հրթիռներով: Ըստ «Ալ Մայատին» հեռատեսիլի կայանին, Սէմ -5 Էս-200 հրթիռային համակարգը կը բաղկանայ վեց հրթիռային խոռոչներէ եւ հրթիռներու հասանելիութիւնը մինչեւ 300 քմ է: Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ այդ հրթիռները կարողութիւն ունին միջցամաքային (պալիսթիք) հրթիռներու վերածուելու եւ կրնան նոյնիսկ կրել կորիզային գլուխներ: Ըստ նոյն աղբիւրին Սէմ -5 Էս-200 հրթիռները կրնան իրենց արձակուած շրջանին մէջ գործող բոլոր վերահսկման համակարգերը (ռատար) ոչնչացնել եւ հրթիռներու արձակման պահուն անոնց կշիռքը կրնայ հասնիլ մինչեւ 7 հազար թոնի: Յիշեցնենք, որ մինչեւ այս պահը իսրայէլեան կողմը չէ յստակացուցած երկու օդանաւերուն ճակատագիրը, մինչ արաբական տասնեակ աղբիւրներ կը հաստատեն, որ օդանաւերը վար առնուած են: