Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-րդ տարեդարձի առթիւ նախագահ Սերժ Սարգսեան տիկնոջ հետ այսօր երեկոյեան Երեւանի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ ներկայ գտնուած է Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառի մասնակցութեամբ կատարուած Հանրապետական մաղթանքին: