Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2024

Շաբաթաթերթ

Գիւմրիի մէջ հրազենային վիրաւորումէն՝ մահացած է քաղաքապետի ԲՀԿ թեկնածուի որդին

Այսօր ժամը 13:30-ի սահմաններուն, Կիւմրիի բժշկական կեդրոն տեղափոխուած է, հրազէնային վնասուածքով Կիւմրիի ՏԻՄ ընտրութիւններուն «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ցուցակը գլխաւորող, քաղաքապետի թեկնածու Վարդեւան Գրիգորեանի որդին՝ Արշակ Գրիգորեան, որուն կեանքը չէ յաջողուած փրկել:«Ընդունուած է ծայրայեղ ծանր՝ հոգեւարքային վիճակի մէջ: Հիւանդի մօտ ախտորոշուած է գլխու թափանցող, միջանցիկ, հրազէնային վնասում, արիւնահոսութիւն»,- ըսաւ Գիւմրիի բժշկական կեդրոնի փոխտնօրէն Արմէն Խաչատրեան: «Փորձեցինք ընել այն ամէնը ինչ ի զօրու էինք, կատարուած է սիրտ-թոքային վերակենդանացում, արհեստական շնչառութեան եւ սրտի անուղղակի մերսում: Բոլոր վերակենդանացման միջոցառումներ եղած են ոչ արդիւնաւէտ եւ հիւանդին մօտ հատատուած է կենսաբանական մահ»:Հայաստանի ոստիկանութեան լրատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի պետ Աշոտ Ահարոնեան տեղեկացուց, որ Արշակ Գրիգորեանի դիակըյայտնաբերուած է Գրիգորեաններու տան նկուղը:«Դէպքի վայրին մէջյայտնաբերուած է նաեւ հրազէն: Հանգամանքները կը պարզեն, յառաջիկայինլրացուցիչ տեղեկատուութիւն կը տրամադրուի», – նշեց Ահարոնեան:Դէպքի առթիւյարուցուած է քրէական գործ՝ ինքնասպանութեան հասցնելու եւ ապօրինի զէնք պահելու, փոխադրելու կամ կրելու յատկանիշներով:Մօտ երկու տարի առաջ ալ Վարդեւան Գրիգորեանի եղբօրը սպաննած էին:ՏԻՄ ընտրութիւններուն մասնակից «Բալասանեան» դաշինքը եւ «ԳԱԼԱ» եւ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնները դադրեցուցած են նախընտրական քարոզարշաւը:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ